Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան. «Մեր Բարոյական Պարտքը Կը Նկատենք Կանգնիլ Միջին Արեւելքի Ժողովուրդներուն Կողքին»

Սեպտեմբեր 9, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

nalbandian_9-08-15

8 սեպտեմբերին Փարիզի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան` Ֆրանսայի արտաքին  գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հրաւէրով, մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքի կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն դէմ բռնութիւններու կանխարգիլման նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովին, որուն ներկայ էին մօտ վեց տասնեակ պետութիւններու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ` արտաքին գործոց նախարարներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Եան Էլիասոն, Եւրոպական Միութեան  արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինի:

Խորհրդաժողովին բացումը կատարեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, որ կարեւոր նկատեց միջազգային հանրութեան առջեւ ծառացած ամէնէն սուր խնդիրներէն մէկուն վերաբերեալ միջազգային խորհրդաժողովի հրաւէրը եւ ընդգծեց, որ իրավիճակը կը պահանջէ հրատապ արձագանգ, քայլեր` Միջին Արեւելքի փոքրամասնութիւններու գոյութիւնը ապահովելու համար:

Ֆրանսայի եւ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարներու նախագահութեամբ տեղի ունեցած համաժողովին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:

Իր խօսքին մէջ նախարար Նալբանդեան ըսաւ.

«Հայաստանը խորապէս մտահոգուած է մեր անմիջական դրացնութեամբ` Միջին Արեւելքին մէջ, ծաւալող իրադարձութիւններով: Մենք բազմիցս խստօրէն դատապարտած ենք այսպէս կոչուած «ՏԱՀԵՇ. եւ ահաբեկչական այլ խումբերու կողմէ իրականացուող ոճրագործութիւնները, որոնք սպառնալիք կը հանդիսանան, ինչպէս շրջանի ժողովուրդներուն համար, այնպէս ալ` անոր սահմաններէն դուրս:

«Հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ կազմած է Միջին Արեւելքի մշակութային բազմազանութեան ուրոյն մասնիկներէն մէկը: Մենք երախտապարտ ենք այս շրջանի ժողովուրդներուն, որոնք մէկ դար առաջ ապաստան տուին Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հարիւր հազարաւոր մեր հայրենակիցներուն: Այժմ, երբ վտանգուած է շրջանի ժողովուրդներու կեանքը եւ ազգային ու կրօնական համայնքներու գոյութիւնը, մենք մեր բարոյական պարտքը կը նկատենք կանգնիլ անոնց կողքին:

«Այս բռնութիւններէն անմասն չեն մնացած նաեւ մեր հայրենակիցները, որոնցմէ շատերը ահաբեկչական յարձակումներու զոհ  դարձած են, քանդուած են հայկական բնակավայրեր, եկեղեցիներ, մշակութային ու կրթական հաստատութիւններ: Ինչպէս հարիւր տարի առաջ, տասնեակ հազարաւոր հայեր` Միջին Արեւելքի այլ ժողովուրդներու հետ միասին, այսօր եւս ստիպուած բռնած են գաղթի ճամբան: Միայն Սուրիայէն շուրջ 15 հազար հայեր ապաստանած են Հայաստան:

«Տիկիննե՛ր եւ պարոննե՛ր,

«Սուրիոյ եւ Իրաքի ահաբեկչական ուժերուն կողմէ հետապնդուող ազգային եւ կրօնական խումբերու պաշտպանութիւնը կը պահանջէ գործողութիւններու համադրում եւ համակողմանի աջակցութիւն, անոնց շարքին` մարդասիրական օգնութեան տրամադրում, ինչպէս գաղթականներուն, այնպէս ալ` այն վտանգուած համայնքներուն, որոնք ահաբեկիչներու թիրախ դարձած են: Միջազգային աջակցութիւնը պէտք չէ տարանջատուի առաջնային եւ երկրորդական ուղղութիւններու  եւ պէտք է տրամադրուի բոլոր տուժածներուն:

«Պատահական չէ, որ ահաբեկչական խմբաւորումները պատերազմ կը վարեն այս շրջանի ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութեան դէմ: Պատմութեան եւ հաւաքական յիշողութեան միջոցով սերունդներուն կը փոխանցուին այդ համամարդկային արժէքները, որոնց վրայ կը խարսխուի քաղաքակրթութիւնը, հանդուրժողականութիւնը, համակեցութիւնը, յարգանքը այլոց մշակոյթին եւ կրօնին նկատմամբ: Արժէքներ, որոնք կը հակադրուին ահաբեկիչներուն քարոզած այլատեացութեան եւ խտրականութեան գաղափարախօսութիւններուն: Բազմաթիւ իսլամական սրբավայրերու, հնամեայ Փալմիրի եւ Նեմրուտի մշակութային կոթողներուն քանդումը, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու մասունքները ամփոփող Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ականահարումը եւ նմանօրինակ այլ վայրագութիւններ  քաղաքակրթութեան դէմ գործուած յանցանքներ են:

«Անյապաղ կերպով պէտք է մշակուին մեքանիզմներ` զրկելու համար ահաբեկիչները միջոցներէ, նիւթական աղբիւրներէ, խոչընդոտելով օտարերկրեայ ահաբեկիչներու ներհոսքը` թոյլ չտալ դրացի երկիրներու տարածքներու օգտագործումը անդրսահմանային յարձակումներու  համար: Միջազգային իրաւունքը պատասխանատուութիւն սահմանած է  ոչ միայն մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու իրագործման, այլեւ` յանցակցութեան համար, եւ այս իրողութիւնը երբեւէ պէտք չէ մոռնան անոնք, որոնք ժխտում եւ արդարացումներ կը փնտռեն անցեալի ոճրագործութիւններուն համար եւ կը խրախուսեն ներկայիս բռնութիւնները:

«Շրջանի ազգային եւ կրօնական համայնքներուն դէմ ծառացած վտանգը զուտ ֆիզիքական չէ, անիկա նաեւ քաղաքակրթական մարտահրաւէր է: Թէ որքանո՛վ միջազգային հանրութիւնը պիտի կարենայ համախմբուիլ եւ միասնական ուժերով պայքարիլ այս չարիքին դէմ, կը նախանշէ, թէ որքանո՛վ պատրաստ է պաշտպանելու իր իսկ քաղաքակրթական արժէքները»:

 

 

 

Նախորդը

Մինչ Ժողովրդային Ցոյցերը Կը Շարունակուին, Երկխօսութեան Նիստը Այսօր Կը Կատարէ Իր Մեկնարկը

Յաջորդը

Վարչապետ Աբրահամեան Մասնակցած Է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Միջկառավարական Խորհուրդի Նիստին

RelatedPosts

Թիրանայի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում
Հայկական

Թիրանայի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում

Մայիս 17, 2025
Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պաքուի  Եւ Երեւանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնութեան  Շուտափոյթ Ստորագրման Կը Սպասէ»
Հայկական

Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնութեան Շուտափոյթ Ստորագրման Կը Սպասէ»

Մայիս 17, 2025
Հաճիզատէ. «Հայաստանի Զինանշանը  Դրացիներուն Նկատմամբ Տարածքային  Պահանջներ Կ՛արտացոլէ»
Հայկական

Հաճիզատէ. «Հայաստանի Զինանշանը Դրացիներուն Նկատմամբ Տարածքային Պահանջներ Կ՛արտացոլէ»

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?