2014-էն ի վեր Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ սպաննուած են աւելի քան 300 ազրպէյճանցի ժիհատականներ: Ըստ «Թայմթուրք»-ի, Սուրիոյ մէջ դարձեալ ազրպէյճանցի ժիհատական մը սպաննուած է:
Սուրիոյ մէջ սպաննուած ազրպէյճանցի զինեալին ծածկանունն էր` Զուպէյր Ազերի եւ սպաննուած է Ռիպաթի մէջ, օդային հարուածի մը իբրեւ հետեւանք:
Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կռուող Ազրպէյճանի 1500 քաղաքացիներ կան, որոնցմէ 300-ը արդէն բախումներու ընթացքին սպաննուած է: