Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քիւրտերու Դէմ Նոր Յարձակումները Կրնան Ներքին Պատերազմի Տեղի Տալ Թուրքիոյ Մէջ»

Սեպտեմբեր 9, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Edelman_9-09-15clash_9-09-15Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Էրիք Էտելման «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին մէջ հրատարակեց յօդուած մը, ուր լուսարձակի տակ կ՛առնէ Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու դէմ բացուած նոր պայքարը ու դիտել կու տայ, որ այս պայքարը կրնայ ներքին պատերազմ մը հրահրել Թուրքիոյ մէջ:

Յօդուածը կը կրէ «Ամերիկայի վտանգաւոր սակարկութիւնը` Թուրքիոյ հետ» խորագիրը: Էտելման հոս կը քննարկէ ընտրութիւններէն ետք նախագահ Էրտողանի որդեգրած դիրքորոշումը: «Հիմա Թուրքիոյ մէջ սկսած է տարածուիլ ճնշումի նոր ալիք մը, որուն թիրախն են Թուրքիոյ մէջ ապրող քիւրտերը, եւ ասիկա կրնայ Թուրքիան ներքին պատերազմի մը տանիլ», կը գրէ Էտելման:

Ըստ Էտելմանի, Թուրքիա շատ ծանր բանակցութիւններէ ետք է, որ կրցաւ Ինճիրլիքի խարիսխը բանալ դէպի Սուրիա եւ Իրաք կատարելի ամերիկեան օդային յարձակումներու առջեւ: Այս դժուար ձեռք բերուած համաձայնութիւնը կրնայ վնասել Ամերիկայի կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կազմակերպուած գործողութիւններու յաջողութեան կամ կրնայ քաղաքական անկայուն վիճակ ստեղծել Թուրքիոյ մէջ: Ըստ Էտելմանի, եթէ Թուրքիա Ամերիկայի հետ համաձայնեցաւ Ինճիրլիքի խարիսխի գործածութեան կապակցութեամբ, ատիկա յառաջ կու գայ ո՛չ թէ Սուրիոյ դէմ գործադրուած քաղաքականութեան արմատական փոփոխութենէն, այլ յառաջ կու գայ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կռիւներէն:

Էրիք Էտելման, որ 2003-2005 թուականներուն Անգարա գտնուած է որպէս դեսպան եւ յետոյ Միացեալ Նահանգներու մէջ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ նախագահին խորհրդականի պաշտօն վարած է, կը յիշեցնէ, որ նախագահ Թայիպ Էրտողան Ինճիրլիքի խարիսխի գործածութեան արտօնութիւն տալէ ետք սկսաւ օդային յարձակումներ կազմակերպել քրտական թիրախներու վրայ: Ճիշդ այն վայրկեանին, երբ քրտական հարցի լուծում կը սպասուէր, բախումները կրկին հրահրուեցան: Թուրքիա սկսաւ յարձակիլ նաեւ սուրիացի քիւրտերուն վրայ, որոնք Սուրիոյ հիւսիսային հատուածին մէջ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն վստահելի դաշնակիցներն են:

Վերջին հաշուով, ըստ Էտելմանի, Թուրքիա կը գտնուի ներքին վտանգաւոր պատերազմ մը ապրելու սեմին:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

«Էրտողանը Ցանկանում Է Թուրքիային Տարածաշրջանում Դարձնել Առաջատար Ուժ, Ինչի Անհրաժեշտ Միջոցներն Այդ Երկիրը Չունի. Ռ. Սաֆրաստեան»

RelatedPosts

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

Յուլիս 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

Յուլիս 6, 2019
Դաշնակցական   Մամուլը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Վահան Խորէնի (Տէր Գէորգեան) (1884-1920)

Յուլիս 6, 2019

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?