Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Թուրք Նախարարին Դէմ Դատական Բողոք

Սեպտեմբեր 7, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճոշքուն Քըլըճ
Ճոշքուն Քըլըճ

«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ «Կիւնտեմքըպրըս» լրատուական կայքը գրած է, թէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին յայտարարութիւն կատարած Թուրքիոյ քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ եւ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Ալի Հայտար Քոնճայի դէմ դատական բողոք ներկայացուցած է Իզմիր նահանգէն Ճոշքուն Քըլըճ անունով քաղաքացի մը: Դատական հետապնդում պահանջող իր դիմումին մէջ Քըլըճ գրած է, որ Քոնճայի յայտարարութիւնը «թշնամանք կը սերմանէ» եւ չի նպաստեր Թուրքիոյ մէջ տիրող ներկայ անկայուն իրավիճակը կայունացնելու ջանքերուն:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան նշեալ նախարարը, պատասխանելով Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրեն ուղղուած հարցումին` ըսած էր. «Յստակ է, որ կոտորած եղած է: Այս իրողութիւնը բոլորն ալ կ՛ընդունին»:

Քոնճայի յայտարարութիւնը քննադատած են նաեւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում, ինչպէս նաեւ գլխաւոր ընդդիմադիր` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնները: «Թայմթիւրք» լրատուական կայքը կը գրէ, թէ իշխող կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահի պաշտօնակատար Ահմետ Այտըն այդ յայտարարութիւնը «անպատասխանատու» որակած է, իսկ հանրապետականներուն խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավարի պաշտօնակատար Էնկին Ալթայ` ժխտելով Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, ըսած է, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմին «ցաւալի դէպքեր» տեղի ունեցած են, եւ աւելցուցած, որ Քոնճայի յայտարարութիւնը «սխալ է եւ ծանր դրութեան մէջ կը դնէ Թուրքիան»:

Յայտարարութիւնը թրքական մամուլին մէջ եւս մեծ աղմուկ բարձրացուցած է եւ արժանացած քննադատութեանց:

Նախորդը

Ֆրանսայի Խորհրդարանի Ընկերվարական Խմբակցութեան Պատուիրակութիւնը` Արցախի Մէջ

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Զգուշացնէ`. Պաքուն Որդեգրած Է Իրավիճակը Պատերազմականին Մօտեցնելու Մարտավարութիւն

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?