Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Տաւուշի կողմէ Հայաստանի սահմանը հատած Ազրպէյճանի քաղաքացին վերադարձուած է Պաքու:
«Ազրպէյճանի Հանրապետութեան քաղաքացի Քասիմով Եաշար Ալի Օղլին, ով աւելի վաղ մոլորուելու հետեւանքով անցել եւ յայտնաբերուել էր Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում (Տաւուշի մարզ), սոյն թուականի հոկտեմբերի 24-ին վերադարձուել է Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն` փոխանցուել է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան իրաւասու մարմիններին», կը նշուի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Քանի մը օր առաջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած էր, որ մոլորուած ազրպէյճանցին պիտի վերադարձուի:


