ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կարողութիւնը ունիք ընկերային շրջանակը զարգացնելու եւ օգտակար ըլլալու, ինչ որ մեծապէս պիտի գնահատուի: Բոլոր շրջանակներէ փնտռուած անձ մըն էք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր կարողութիւնները դրսեւորեցէք, որպէսզի ձեր շրջապատը տեսնէ եւ գնահատէ ձեզ: Համեստութիւնը լաւ է, սակայն գիտցէք դուք ձեզ արժեւորել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մասնագիտական մարզերու մէջ լաւ եւ ճիշդ դատողութիւններ ունիք, որուն համար ձեր շուրջինները մեծ վստահութիւն ունին ձեր վրայ եւ միշտ ձեր կարծիքին կը դիմեն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այսօր անվախօրէն գործի լծուեցէք եւ նոր ծրագիրներու ձեռնարկեցէք: Ձեր բախտը փորձեցէք եւ պիտի տեսնէք, թէ դուք ալ կրնաք յաջողիլ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ծանր եւ հարուստ ճաշերէ հեռու մնացէք. ձեր սննդականոնը հաւասարակշռեցէք, որպէսզի կարենաք աշխուժանալ: Այսպիսով, դուք ձեզ շատ աւելի առողջ պիտի զգաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր աշխատատեղին լարուածութիւն մը կայ, սակայն ձեր հաշտարար ունակութեամբ պիտի կարենաք կացութիւնը բարելաւել, ինչ որ ամէնուն գոհունակութիւն պիտի տայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Յստակօրէն պարզեցէք ձեր գործին առնչուող ծրագիրները, որպէսզի կարենաք լաւ հիմերու վրայ աշխատիլ, որմէ ետք յաջողութեան ճամբան պիտի կարենաք գտնել:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Այս օրը անակնկալներու օր մը պիտի ըլլայ ձեզի համար. հաճելի նամակ մը եւ հեռաձայններ պիտի ստանաք, որոնք ձեր օրը պիտի պայծառացնեն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պետական դժուար հարցերու դիմաց կը գտնուիք, սակայն այսօր անակնկալ նամակ մը ամէն բան պիտի լուսաբանէ, եւ ձեր լաւատեսութիւնը պիտի վերագտնէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Միշտ կ՛ուզէք առանձին աշխատիլ. վերջապէս այս վիճակէն դուրս պիտի ելլէք եւ պիտի սկսիք հաճոյք առնել խմբային աշխատանքներէն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այսօր մեծ նուիրումով եւ հաճոյքով պիտի ստանձնէք ձեր գործը, որուն պատճառով յաջողութիւնը կատարեալ պիտի ըլլայ: Լաւ աշխատանքը միշտ լաւ արդիւնք կու տայ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անկեղծօրէն արտայայտեցէք ձեր սիրային զգացումները, որպէսզի ձեր սիրած անձը ձեզ հասկնայ եւ ըստ այնմ իր զգացումները բացայայտէ: Լռութիւնը միշտ ոսկի չէ: