Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ոչ Թալանին» Շարժումին Ցոյցը Աւարտած Է Բախումներով Եւ Ձերբակալութիւններով

Սեպտեմբեր 2, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

maxim_9-01-15

«Ոչ թալանին» նախաձեռնութիւն արդէն իսկ յայտարարած էր, որ եթէ իր պահանջները չկատարուին, 1 սեպտեմբերին պիտի սկսի նոր շարժումներու` ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ:

Սիրահարներու այգիին մէջ հանրային քննարկման նպատակով հաւաքուելէ եւ պայքարի նոր հանգրուանի սկսելու մասին յայտարարելէ ետք նախաձեռնութեան անդամները ուղղուած են նախագահական նստավայրին դիմացի մայթը` պահանջելով հանդիպում ունենալ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:

Ոստիկանները թէեւ սկիզբը փորձած են արգելք հանդիսանալ` պատճառաբանելով, որ ցոյցը արտօնուած չէ, սակայն աւելի ուշ ցուցարարներուն արտօնած են կանգնիլ նախագահական նստավայրին դիմացի մայթը:

Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան գործիչները նախազգուշացուցած է, որ արտօնութիւն կու տայ ցոյցը կատարելու իրենց ուզած վայրին մէջ` պայմանով, որ անոնք խոստանան չանցնիլ մայթը:

Բայց եւ այնպէս աւելի ուշ ցոյցին մասնակիցներէն շուրջ երկու տասնեակ անձեր փորձած են անցնիլ նախագահական նստավայրին մայթ, իսկ ոստիկանները բռնի ուժով հեռացուցած են զանոնք:

Բաղրամեան պողոտային վրայ լարուած վիճակ տիրած է: Շուրջ հարիւր ցուցարարներ սուլոցներ արձակած են` պահանջելով, որ նախագահը ընդունի զիրենք:

Ոստիկաններուն թիւը հետզհետէ աւելցած է: Ցուցարարները բաժնուած են երեք խումբերու` մէկը Ամերիկեան համալսարանին մօտ, միւս երկուքը` Պռոշեան-Բաղրամեան քառուղիին երկու կողմերը:

Աւելի ուշ տեղի ունեցած են ընդհարումներ, եւ կատարուած են ձերբակալութիւններ: Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ հասարակական կարգը խախտելու, փողոցը փակելու փորձ ընելու, ոստիկանները քարկոծելու եւ անոնց հայհոյելու յանցանքով բերման ենթարկուած են 5 ցուցարարներ, որոնք աւելի ուշ ազատ արձակուած են: Անոնք էին Մաքսիմ Սարգսեան, Արտուշ Չիբուխչեան, Յովհաննէս Ղազարեան, Վահրամ Պետրոսեան եւ ուրիշ մը:

«Ցուցարարները բերման ենթարկուած են, որովհետեւ կը հայհոյէին ոստիկաններուն, կը քարկոծէին եւ ջուր կը թափէին անոնց վրայ: Ոստիկանութեան հետ այդ ոճով եւ պայմանով խօսիլը անթոյլատրելի կը նկատեմ, կարելի չէ այդպէս: Մենք արդէն 2 ժամ է` քաղաքացիներուն կը բացատրէինք, որ կարելի չէ, կը հասկնանք, որ կը պայքարիք, բայց նման ձեւերով կարելի չէ պայքարիլ, ամէն ինչ պէտք է ընել օրէնքի սահմաններուն մէջ: Ցուցարարներուն կողմէ կատարուած ոչ մէկ  գործողութիւն կայ, որ օրէնքի սահմաններուն մէջ եղած է, իսկ ոստիկանները սկիզբէն գործած են օրէնքով», ըսած է Վալերի Օսիպեան:

Ոստիկաններուն ու գործիչներուն միջեւ բախումներուն պատճառով անհանգստացած են Շահէն Պետրոսեանն ու Վաղինակ Շուշանեանը, իսկ Թագուհի Ղազարեանին ձեռքերը կապտած են:

«Ոչ թալանին» նախաձեռնութեան անդամներէն Մաքսիմ Սարգսեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ 1  սեպտեմբերէն պիտի սկսին ամէնօրեայ բողոքի ցոյցերու եւ նստացոյց պիտի կատարեն Բաղրամեան պողոտային վրայ:

«Մեր կառավարութիւնը իրեն բնորոշ կերպով յառաջ կ՛երթայ: Յայտարարութիւնները, որոնք Սերժ Սարգսեանը կատարեց` ըսելով, թէ սակի բարձրացման ամբողջ բեռը իր վրայ պիտի վերցնէ  կառավարութիւնը, չիրականացան»:

Մաքսիմ Սարգսեանի համաձայն, իրենց հիմնական պահանջը կը շարունակէ մնալ ելեկտրականութեան սակի բարձրացման որոշումը չեղեալ յայտարարելը:

Աւելի ուշ «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութիւնը յայտարարած է, որ պիտի դադրեցնէ բողոքի ցոյցը, որուն մասնակիցները ուղղուած են Հանրապետութեան հրապարակ, ուրկէ բերման ենթարկուած էին «Ոտքի՛, Հայաստան» նախաձեռնութեան քանի մը անդամներ:

«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութիւնը նաեւ պահանջած է ազատ արձակել «Ոտքի՛, Հայաստան» նախաձեռնութեան անդամները` հակառակ պարագային սպառնալով քաղաքացիական անհնազանդութեան դիմել:

Մաքսիմ Սարգսեան յայտարարած է, որ 11 սեպտեմբերին իրենք հանրահաւաք պիտի կազմակերպեն Ազատութեան հրապարակին վրայ:

 

 

Նախորդը

«Հոտերնիդ Ելաւ» Արշաւի Անդամները Նախ Գրաւեցին Կենսոլորտի Նախարարութիւնը, Ապա Դուրս Դրուեցան Անկէ

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մեկնած Է Լեռնային Ղարաբաղ

RelatedPosts

Թիրանայի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում
Հայկական

Թիրանայի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում

Մայիս 17, 2025
Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պաքուի  Եւ Երեւանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնութեան  Շուտափոյթ Ստորագրման Կը Սպասէ»
Հայկական

Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնութեան Շուտափոյթ Ստորագրման Կը Սպասէ»

Մայիս 17, 2025
Հաճիզատէ. «Հայաստանի Զինանշանը  Դրացիներուն Նկատմամբ Տարածքային  Պահանջներ Կ՛արտացոլէ»
Հայկական

Հաճիզատէ. «Հայաստանի Զինանշանը Դրացիներուն Նկատմամբ Տարածքային Պահանջներ Կ՛արտացոլէ»

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?