Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իտալացի Ճանլուքա Մարչիանոն Պիտի Այցելէ Լեռնային Ղարաբաղ Ու Չի Վախնար «Սեւ Ցանկ»-ին Մէջ Ներառուելէ

Օգոստոս 31, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

gianluca-marciano_8-31-15

Իտալացի անուանի գեղարուեստական ղեկավար Ճանլուքա Մարչիանոն 1 սեպտեմբերին ներկայ պիտի ըլլայ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք Ճուզեփէ Վերտիի «Ռեքուիեմ»-ի արցախեան անդրանիկ կատարողութեան: Ան Արցախ պիտի գայ Հայաստանի առաջին տիկնոջ հրաւէրով: Մայեսթրոն շատ կարեւոր կը նկատէ «Ռեքուիեմ»-ի արցախեան ներկայացումը, քանի որ մշակութային այդ նախաձեռնութիւնը բոլորը պիտի համախմբէ համաշխարհային լեզուով` երաժշտութեամբ, նաեւ աշխարհին մէջ խաղաղութեան հաստատման կոչ պիտի ըլլայ:

Ճանլուքա Մարչիանոն յայտնած է, որ Արցախ այցելելով` մտավախութիւն չունի, թէ կրնայ ներառուիլ Ազրպէյճանի սեւ ցանկին մէջ: «1 սեպտեմբերին կայանալիք նախագիծը մշակոյթի միջոցով կը խօսի խաղաղութեան մասին, եւ շատ ուրախ եմ մաս կազմելու այդ միջոցառման: Ինծի համար արգելք չի կրնար հանդիսանալ որեւէ քաղաքական հարց: Ասիկա այնպիսի մշակութային ծրագիր է, որ կոչ կ՛ուղղէ բանալու սահմանները, ապրելու խաղաղութեամբ, եւ ոչ մէկ արուեստագէտ, կը կարծեմ, նման նախաձեռնութիւններէ կրնայ հրաժարիլ», յայտնած է ան:

Ճանլուքա Մարչիանոն մէկն է այն 4 գեղարուեստական ղեկավարներէն, որոնք 24 ապրիլ 2015-ին ղեկավարած էին «24/04» համաշխարհային նուագախումբի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած համերգը: Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, որ արդեօք մտահոգ չէ՞, թէ  Թուրքիոյ հետ հարցեր կրնայ ունենալ, հրաւէրներ չստանալ այդ երկիրէն` ան նկատել տուած է, որ ինք կը մտահոգուէր, եթէ ֆինանսական հարցերն ու ասպարէզը դասէր աւելի վեր, քան մարդկային յարաբերութիւններն ու գեղարուեստական արժէքները. «Քանի որ ես նման դիրքորոշում չունիմ, չվախցայ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը ոգեկոչող համերգին ելոյթ ունենալէ, Ղարաբաղի մէջ գտնուելէ: Եթէ որեւէ երկիր ինծի հետ հարց ունի, քանի որ ես` որպէս արուեստագէտ, կողմ եմ խաղաղութեան, ապա ատիկա տուեալ պետութեան խնդիրն է եւ ոչ թէ իմ»:

Ճանլուքա Մարչիանոն նշած է նաեւ, որ 14 նոյեմբերին Արամ Խաչատրեանի անուան միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ հանդէս պիտի գայ Երեւանի մէջ` ներկայացնելով Մալերի առաջին սիմֆոնին: Ան նաեւ դիտել տուած է, թէ ծանօթ է հայ երգահան-երաժիշտներու ստեղծագործութիւններուն եւ անոնցմէ մէկ քանին ներկայացուցած է: «Երազս է կատարել Արամ Խաչատրեանի երկրորդ սիմֆոնին: Իմ ծրագիրներուս մէջ է հայ յօրինողներու գործերը կատարել ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ անկէ դուրս», հաստատած է նշանաւոր արուեստագէտը:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (31 Օգոստոս 1965)

Յաջորդը

Բարձրագոյն Հարթակի Ուղին (Հարցազրոյց Ճատրակի Երիտասարդ Վարպետ Նորայր Թորոսեանին Հետ)

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?