Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տաւութօղլու Ներկայացուցած Է Թուրքիոյ Ժամանակաւոր Կառավարութեան Տարազը

August 28, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ահմեթ Տաւութօղլու
Ահմեթ Տաւութօղլու

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու ներկայացուցած է ժամանակաւոր կառավարութեան տարազը, որուն մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան առաջարկուած է 11 նախարարական աթոռ, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան` 5 աթոռ, Ազգայնական շարժում եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւններուն` երեքական աթոռ:

Թէեւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնն ու Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը նախապէս յայտարարած էին ժամանակաւոր կառավարութեան չմասնակցելու իրենց որոշումը, սակայն Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն երեսփոխան Թուրղութ Թուրքեշ ընդունած է նախարարի պաշտօն ստանձնելու Տաւութօղլուի առաջարկը:

Անոր քայլը ցնցում յառաջացուցած է թրքական քաղաքական հրապարակին մէջ: Ազգայնական շարժում կուսակցութեան մէջ Թուրքեշի որոշումը դժգոհութիւն յառաջացուցած է, իսկ կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի Թուրքեշի այդ քայլը դաւաճանութիւն նկատած է եւ նշած, որ իրադարձութիւնը վատ վիճակի մէջ դրած է կուսակցութիւնը:

Կազմելու համար ժամանակաւոր կառավարութիւնը, որ Թուրքիոյ մէջ կը կոչեն ընտրական կառավարութիւն, Տաւութօղլու ունի 5 օրուան ժամանակ: Եթէ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնն ու Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երեսփոխանները մերժեն Տաւութօղլուի առաջարկը, ապա ազատ մնացած նախարարական պաշտօններուն պէտք է առաջադրուին անկախ երեսփոխաններ: Ասիկա կը նշանակէ, որ ժամանակաւոր կառավարութիւնը կազմուած պիտի ըլլայ խորհրդարանական երկու կուսակցութիւններէ` Արդարութիւն եւ բարգաւաճումէն եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն: Թուրքիոյ սահմանադրութեան համաձայն, արդարադատութեան, փոխադրամիջոցներու եւ ներքին գործոց նախարարներ պիտի նշանակուին անկախ երեսփոխաններ:

Կ՛ենթադրուի, որ մինչեւ 1 նոյեմբեր գործելիք ժամանակաւոր կառավարութեան կազմին մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ստանձնէ Եւրոպական Միութեան հարցերու, մարմնակրթութեան ու երիտասարդութեան եւ անտառային ու ջրային տնտեսութեան նախարարութիւնները:

Նախորդը

«Իրան Կ՛ընդդիմանայ Սուրիոյ Սահմանին Վրայ Ապահովական Գօտիի Ստեղծման» Կ՛ըսէ Աֆխամ

Յաջորդը

Պանքոքի Պայթումին Հարցով. Թայլանտի Ոստիկանութիւնը 20 Թուրքերու Մեղսակցութեան Շուրջ Հետաքննութիւն Կը Կատարէ

RelatedPosts

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը

September 28, 2026
Փարիզի Մէջ Աւելի Քան 600 Հազար Մարդ Մասնակցեցաւ Հռոմի Պապի Պատարագին
Միջազգային

Փարիզի Մէջ Աւելի Քան 600 Հազար Մարդ Մասնակցեցաւ Հռոմի Պապի Պատարագին

September 28, 2026
Հզօր Պայթում` Աթէնքի Զբօսաշրջային Կեդրոնին Մէջ. Առնուազն Երկու Մարդ Զոհուած Է
Միջազգային

Հզօր Պայթում` Աթէնքի Զբօսաշրջային Կեդրոնին Մէջ. Առնուազն Երկու Մարդ Զոհուած Է

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.