Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարտիէ Աֆխամ յայտարարեց, որ իր երկիրը կ՛ընդդիմանայ Սուրիոյ սահմանին վրայ ապահովական գօտիին ստեղծման:
Ան նշեց, որ այդ գօտիի ստեղծումը կը հակասէ միջազգային օրէնքին:
Աֆխամ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիի ստեղծման հարցն ու Թուրքիոյ կողմէ իր անվտանգութեան ապահովման համար իր սահմաններուն վրայ անհրաժեշտ միջոցառումներու որդեգրումը երկու տարբեր հարցեր են: