«Լա լիկա»-ի 2015-2016 տարեշրջանի բացման մրցումին, ախոյեան Պարսելոնա յաղթանակով սկսաւ իր մրցումներուն, երբ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դաշտին վրայ:
Սակայն այդ մրցումին Պարսելոնայի երեք մարզիկները` Լուիս Սուարեզ, Իվան Ռաքիթիչ եւ Թոմաս Վերմայելին ստացան դեղին քարտեր:
Անոնց ստացած դեղին քարտերուն համար Պարսելոնա պաշտօնապէս բողոքեց Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին` ըսելով, որ օրուան կեդրոնի իրաւարարը` Քարլոս Տել Սերրօ Կրանտէ, այդ քարտերը տուաւ անտեղի ձեւով:
Պարսելոնա իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ այս շաբաթավերջին` իր դաշտին վրայ հիւրընկալելով Մալական:
Կը կարծուի, որ այս մրցումին դաշտ պիտի ներկայանայ պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, որ բաւական ապաքինած ըլլալուն շնորհիւ վերադարձաւ իր փորձերուն: