Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վենետիկի Յանձնաժողովը Չի Կրնար Երաշխաւորել Հայաստանի Ժողովրդավարացումը

August 26, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

polorin_8-25-15

«Երկիր» կը հաղորդէ, թէ երէկ Վենետիկի յանձնաժողովի անդամները լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին անդրադարձած են Հայաստանի սահմանադրական փոփոխութիւններուն առնչութեամբ իրենց ունեցած դերակատարութեան եւ խօսած են այն մասին, որ փոփոխութեան ենթարկուող Սահմանադրութեան ընդունումէն ետք իրենք կրնա՞ն երաշխաւորել երկրի ժողովրդավարացումը:

Վենետիկի յանձնաժողովի անդամ Քրիսթոֆ Կարպենուարթըր այս առնչութեամբ ըսած է. «Մենք չենք հանդիսանար այն մարմինը, որ կրնայ երաշխաւորել ամբողջ հոլովոյթը: Մենք չենք կրնան ձեզի հաստատագիր տալ այն մասին, որ երկու-երեք տարի ետք Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Մենք պարզապէս կրնանք ըսել, թէ նոր նախագիծը համահո՞ւնչ է եւրոպական լաւագոյն փորձառութեան եւ եւրոպական չափանիշներուն: Մենք ինքներս չենք կրնար եզրակացութիւններու յանգիլ ձեր քաղաքական լեզուամտածողութեան եւ բառամթերքին համապատասխան: Մենք չենք կրնար չափել ժողովրդավարութիւնը: Օրինակ` այսօր երեք աստիճանով աւելի տաք է, քան երէկ, նոյնը չենք կրնար ընել ժողովրդավարութեան նկատմամբ եւ չափել զայն»:

Լրագրողները հարցուցած են, թէ սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծին վերաբերեալ Վենետիկի յանձնաժողովը արդեօք ունի՞ մտահոգութիւններ: Անոնք նշած են, որ իրենք իրենց աշխատանքը կը կատարեն բաւական թէժ մթնոլորտի մէջ. կան բազմաթիւ հակասութիւններ, բայց Վենետիկի յանձնաժողովի յանձնարարագիրը այլ է, քան ինչ որ կ՛ակնկալեն քաղաքական ուժերը:

«Այսօր` այս քննարկման ընթացքին արծարծուած հարցերուն մեծամասնութիւնը խորքին մէջ չեն առնչուիր մեզի հետ` իբրեւ  փորձագիտական մարմինի: Քաղաքական տուեալ իրավիճակի մէջ կուսակցութիւնները կը տեսնեն այլ նպատակներ, որոնք կան սահմանադրական փոփոխութիւններուն հիմերուն մէջ: Վենետիկի յանձնաժողովը չի կրնար ըսել, եթէ ատիկա ճիշդ է կամ սխալ, որովհետեւ ատիկա մեր լիազօրութիւններէն դուրս է», յայտնած է Քրիսթոֆ Կարպենուարթըր:

Վենետիկի Յանձնաժողովին Հետ Հանդիպումին
Մասնակցած Են Հայ Ազգային Քոնկրեսն
Ու Ժառանգութիւն Կուսակցութիւնը

Երեւանի պետական համալսարանի իրաւաբանութեան բաժանմունքին մէջ սկսած են Հայաստանի քաղաքական կուսակցութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հանդիպումը Վենետիկի յանձնաժողովի անդամներուն հետ:

Ներկայ եղած են Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, Ժառանգութիւն կուսակցութեան, Հայ ազգային քոնկրեսի եւ Օրինաց երկիր կուսակցութեան պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութենէն` Աղուան Վարդանեան, Արծուիկ Մինասեան եւ Արմէն Ռուստամեան: Ներկայ եղած են նաեւ ներկայացուցիչներ քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւններէ:

Հանդիպումին ընթացքին քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները հիմնականօրէն արտայայտած են իրենց մտահոգութիւնները խորհրդարանին մէջ կայուն մեծամասնութիւն ապահովելու եւ առաւելագոյն քուէներ ստացած երկու քաղաքական ուժերուն միջեւ երկրորդ հանգրուան կայացնելու գծով:

Հայ ազգային քոնկրես խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ սահմանադրական բարեփոխումները քննարկելու նպատակով 24 օգոստոսին իրենց հեռաձայնած է նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի անունով փոխանցած առաջարկը:

«Ան ըսաւ, որ չորեքշաբթի օրը, երբ որ ինք սկսի (սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծին շուրջ) խորհրդակցութիւններու շարքը, սկսի այդ շարքը Հայ ազգային քոնկրեսով: Ես պատասխանեցի  հետեւեալը. «Մենք շատ լաւ կը հասկնանք սահմանադրական այս ամբողջ հոլովոյթին նպատակը: Այդ նպատակը մենք կը նկատենք անընդունելի եւ անոր մասին մեր հանրային դիրքորոշումը յայտնած ենք: Եւ մենք վստահ ենք, որ որեւէ խօսակցութիւն այդ առումով իմաստ չունի, որովհետեւ այդ նպատակը, միեւնոյն է, պիտի չփոխուի», ըսած է Զուրաբեան:

Վենետիկի յանձնաժողովին հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին եւս Զուրաբեան խստօրէն քննադատած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնած սահմանադրական բարեփոխումները: Ան հաստատած է, որ գործող Սահմանադրութեամբ նոյնպէս իշխանութիւնները պիտի վերարտադրուին, իսկ փոփոխուած Սահմանադրութեան նպատակը յստակ կերպով նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերարտադրութիւնն է:

Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Նայիրա Զոհրաբեան հարցուցած է, որ միջազգային փորձագէտները 24 օգոստոսին Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբին հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին հասա՞ծ են համաձայնութեան: Պատասխանը եղած է հետեւեալը. «Մենք տակաւին մեր տրամադրութեան տակ չունինք այդ յօդուածին նոր բովանդակութիւնը»:

 

 

 

Նախորդը

Առաքելութիւնը Աւարտող Ուքրանիոյ Դեսպանը Հանդիպում Ունեցած Է Նախագահ Սարգսեանի Հետ

Յաջորդը

«89-րդ Յօդուածը, Ընդհակառակն, Իշխանափոխութեան Համար Լաւ Դուռ Կը Բանայ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի»  Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն
Հայկական

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.