Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիսի Կաթողիկոսարանէն Հնչեց Պահանջատիրական Ձայնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Օգոստոս 25, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

gatogh_8-24-15

«Հայու քրտինքով ու արիւնով թրծուած կիլիկեան հողին ու յատկապէս Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի միւռոնաբոյր հողին վրայ կանգնած` մեր դարաւոր կաթողիկոսարանին վերադարձը կը պահանջենք եւ մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը կը վերահաստատենք, հաւատարիմ նահատակներու սրբազան կտակին»: Արամ Ա. կաթողիկոսին խոր հաւատքին, ամուր կամքին ու զօրեղ յանձնառութեան արտայայտութիւնը եղող այս բառերը հնչեցին Սիսի պատմական կաթողիկոսարանէն` հայ ժողովուրդին ուղղուած հայրապետական պատգամին ճամբով:

Վեհափառ հայրապետին թելադրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, շաբաթ, 22 օգոստոս 2015-ին այցելեց Սիսի կաթողիկոսարանը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ` 1293-էն Հայոց կաթողիկոսութեան Սիս հաստատուելէն մինչեւ 1915 Սիսի մէջ գահակալած երջանկայիշատակ հայրապետներուն հոգիներուն համար:

Ապա, կարդացուեցաւ վեհափառ հայրապետին պատգամը: Արդարեւ, 100 տարիներ յետոյ Սիսի կաթողիկոսարանի փլատակներուն մէջ առաջին անգամ կը հնչէր հայրապետական պատգամ` ուղղուած մեր ժողովուրդին:

Իր հայրապետական պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը անդրադառնալէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան եւ սրտաճմլիկ պայմաններու մէջ իր ժողովուրդին հետ Սահակ կաթողիկոսի աքսորին, յիշեց իր ժողովուրդի իրաւունքները պահանջելու ծերունազարդ հայրապետին արի կեցուածքը եւ ամբողջական ու անկախ Հայաստանի իր մարգարէատեսիլ բառերը: Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յանձնառութիւնը` իբրեւ պահանջատէր Սիսի Կաթողիկոսարանին եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն:

Սիսի կաթողիկոսարան մեկնած միաբանական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` Կիպրոսի հայոց առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան, միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան եւ լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:

Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական պատգամին բնագիրը, ինչպէս նաեւ պատուիրակութեան այցելութեան տեսերիզը պիտի հրապարակուին յառաջիկայ քանի մը օրերուն:

gatogh1_8-24-15

gatogh2_8-24-15

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Բարձր Գնահատած Է Վենետիկի Յանձնաժողովին Օժանդակութիւնը

Յաջորդը

«Նոր Սահմանադրութեամբ Մեր Երկրի Խնդիրները Պիտի Լուծուին, Կամ Հիմքեր Պիտի Ստեղծուին Լուծուելու Ուղղութեամբ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պետութիւններու Շահերը  Եւ Տրամադրուող Պատրուակները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պետութիւններու Շահերը Եւ Տրամադրուող Պատրուակները

Մայիս 21, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 21, 2025
Աուն-Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?