24 օգոստոսին լրագրողներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին նոր Սահմանադրութեան մասին խօսած եւ զայն արժեւորած են ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան: Անոնք հաստատած են, որ Սահմանադրութեան նոր նախագիծը 90-95 առ հարիւրով կը համապատասխանէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատկերացումներուն:
Աղուան Վարդանեան ըսած է, որ նոր Սահմանադրութեան այս նախագիծը կը լուծէ երկրին խնդիրները կամ գէթ հիմք կը ստեղծէ անոնց լուծման: Ան յայտարարած է, թէ տակաւին կան իրենց կողմէ կատարուած բազմաթիւ առաջարկներ, որոնք չեն ընդգրկուած նախագիծին մէջ, բայց, այդուհանդերձ, իրենք թէ՛ քարոզչական եւ թէ՛ գործնական մակարդակի վրայ ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի երկիրը ընթանայ նոր ուղղութեամբ:
«Այս Սահմանադրութեամբ մեր երկրի խնդիրները պիտի լուծուին, կամ հիմքեր պիտի ստեղծուին լուծուելու ուղղութեամբ», հաստատած է ան:
Աղուան Վարդանեան առանձնացուցած է երեք հիմնական շեշտադրումները, որոնք պիտի ապահովեն երկրին զարգացումը` անցում կատարել կառավարման խորհրդարանական համակարգին, անցում` 100 տոկոս համամասնական համակարգ եւ ստեղծել այնպիսի համակարգ, ուր ընդդիմութիւնը ունի իսկական լծակներ` ազդելու իշխանութեան վրայ:
«Այս երեք հիմնական սկզբունքները աւելիով արտացոլուած են ներկայ Սահմանադրութեան բնագիրին մէջ եւ կրնանք արձանագրել, որ իբրեւ քաղաքական մտածողութիւն, քաղաքական ուժ, մեր մօտեցումները յաղթած են: Իշխանութեան մէջ չըլլալով եւ Ազգային ժողովին մէջ հինգ պատգամաւոր ունենալով, հասանք այն եզրակացութեան, որ երկիրը պիտի երթայ այն ուղղութեամբ, որ մենք պատկերացուցած ենք, որեւէ ուժի համար նման յաղթանակ դժուար իրագործելի էր», յայտնած է ան:
Աղուան Վարդանեան նշած է, թէ շատ կարեւոր են բովանդակային քննարկումները` կոչ ուղղելով, որ բոլորը մտնեն բովանդակային քննարկումներուն մէջ: «Կը կարծեմ քաղաքացիական հասարակութիւնը, որ առողջ շերտեր ունի, պէտք է մտնէ բովանդակային քննարկման հանգրուան», ըսած է ան: Ան ըսած է, թէ շատեր այն կարծիքին են, որ քաղաքական եւ հասարակական պահանջ չկայ, բայց քաղաքական պահանջը, ըստ անոր, միշտ ալ եղած է, իսկ հասարակական պահանջը դժուար է պատկերացնել: «Հասարակութիւնը փողոց չ՛իջներ, այլ կ՛ըսէ` պէտք է փոխել, այդ մէկը կ՛ընէ աշխուժ զանգուածը», դիտել տուած է ան:
Արմէն Ռուստամեան յայտարարած է, թէ բոլորովին նոր որակի Հայաստան պիտի ունենանք այս Սահմանադրութեան փոփոխութենէն ետք, որովհետեւ «գործող համակարգը մենիշխանութիւն ծնող համակարգ է եւ երկրին համար թիւ մէկ հարցն էր ազատուիլ այդ մենիշխանական համակարգէն»:
«Այդ պատճառով առաջարկած էինք խորհրդարանական համակարգ եւ իշխանութեան ապակեդրոնացում: Երբեւէ իշխանափոխութիւն տեղի չէ ունեցած ընտրութիւններու միջոցով, եւ ընդդիմութիւնը իշխանութեան եկած չէ ընտրութիւններու միջոցով», ըսած է ան եւ նշած, որ նոր Սահմանադրութեամբ իշխանական լիազօրութիւնները բաշխուած են քանի մը տեղ, ինչ որ լուծում կը բերէ հիմնական հարցերէն մէկուն:
Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումներուն, թէ արդեօք փոխուող Սահմանադրութիւնը պիտի չնպաստէ՞ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան վերարտադրութեան` Արմէն Ռուստամեան յայտնած է, որ փոփոխութեան ենթարկուող Սահմանադրութեամբ էապէս կը նուազին իշխանութեան վերարտադրութեան բոլոր այն հիմքերը, որոնք ցարդ գոյութիւն ունեցած են:
Ան դիտել տուած է, որ մարդիկ շատ յաճախ վերարտադրութիւնը կ՛առնչեն այն երեւոյթին, որ նոյն անձը կը մնայ նախագահական աթոռին վրայ, սակայն խորքին մէջ իրողութիւնը այդպէս չէ: Արմէն Ռուստամեանի համաձայն, վերարտադրութիւն կայ այն ատեն, երբ համակարգը թոյլ չի տար իշխանութեան փոփոխութիւն կատարել ընտրութիւններուն միջոցով. Հայաստանի մէջ կը փոխուին նախագահները, մինչդեռ համակարգը կը վերարտադրուի` իշխող ուժը պահելով իշխանութեան գլխուն:
«Եւրոպական 28 երկիրներէ 19-ն խորհրդարանական են: Թող մէկը ըսէ, որ խորհրդարանական համակարգը կը նպաստէ այդ երկիրներուն մէջ իշխանութիւններու վերարտադրման», ըսած է Ռուստամեան` առաջարկելով համեմատել երկու իրավիճակ` բարեփոխենք համակարգը, երբ Սերժ Սարգսեանը այդ համակարգին մէջ որեւէ տեղ ըլլայ կամ չփոխենք համակարգը, ուր որեւէ նախագահ կ՛իւրացնէ իշխանութիւնը եւ անսանձ կերպով կը ղեկավարէ երկիրը, ասոնցմէ ո՞ր մէկը աւելի լաւ է:
«Մենք տեսանք, որ իրաւայաջորդներու փոփոխութիւնը որեւէ լաւ տեղ չի տանիր, ու միշտ դժգոհած ենք բոլոր գործող նախագահներէն, ուստի խնդիրը ուրիշ տեղ է», ըսած է ան` աւելցնելով, որ Սերժ Սարգսեանը այս համակարգին մէջ իր իշխանութիւնը պիտի պահէ մինչեւ 2018: Երբ Սահմանադրութիւնը ընդունուի, ապա 2017-ին խորհրդարանական ընտրութիւններով կը նախատեսուի այդ բոլոր կարեւոր պաշտօններու նշանակում կամ ուղղակի ընտրութիւն: «Նոր նախագահը անցումային դրոյթներով պիտի զբաղեցնէ իր պաշտօնը, որ, ըստ էութեան, անգլիական թագուհիի կարգավիճակի` խորհրդանշական պաշտօն պիտի ըլլայ», դիտել տուած է Ռուստամեան:
Աղուան Վարդանեան աւելցուցած է, որ այսօրուան Սահմանադրութեամբ կայ իշխանութեան գերկեդրոնացեալ դրութիւն, միանձնեայ ղեկավարում` առանց պատասխանատուութեան, կայ ընտրական համակարգ մը, որ առիթ չի տար իշխանափոխութիւն իրականացնելու, կան քաղաքական որոշումներու կայացման ստուերային հոլովոյթներ, կան ականներ, որոնք կրնան ցնցումներ յառաջացնել երկրին մէջ:
«Սերժ Սարգսեան, Ռոպերթ Քոչարեան, Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Աղուան Վարդանեան, Արմէն Ռուստամեան… Արդէն համակարգի մասեր պէտք է ըլլան, ոչ թէ ըլլան համակարգի գլուխ: Մենք չենք բարձրացուցած եւ պիտի չբարձրացնենք անձի վերարտադրման խնդիր: Եթէ վաղը տեսնենք, որ Ընտրական օրէնսգիրքը յանկարծ ինչ-որ առաւելութիւն պիտի տայ որեւէ կուսակցութեան, ապա առաջին պայքարողներն ու թոյլ չտուողները մենք պիտի ըլլանք», ըսած է Աղուան Վարդանեան:
Պատգամաւորը անդրադարձած է սահմանադրական փոփոխութեամբ նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանին: Անոր համաձայն, ՀՅԴ-ին համար առացքային հարցերէն եղած է երկրորդ հանգրուանի խնդիրը, որովհետեւ այն ձեւակերպումը, որ տրուած էր նախկին բովանդակութեամբ, կը հակասէ խորհրդարանական դրութեան տարրական օրէնքներուն` համախոհութեան ձեւաւորման կարելիութեան: Վերջնական հրապարակուած նախագիծին մէջ արդէն ուրիշ ձեւով գրուած է. «Եթէ առաջին հանգրուանի արդիւնքով կամ Ընտրական օրէնսգիրքով սահմանուած ժամկէտով ու կարգով քաղաքական կայուն մեծամասնութիւն չի յառաջանար, կը կազմակերպուի երկրորդ հանգրուան: Այսինքն` ակնյայտ է, որ եթէ չկայ մեծամասնութիւն, ապա ժամկէտ կը տրուի, որպէսզի ստեղծուի համաձայնական կառավարութիւն»:
Երկրորդ կարեւորագոյն սկզբունքը, ըստ Աղուան Վարդանեանի, այն է, որ եթէ որեւէ քաղաքական ուժ կարելիութիւն ունի հաւաքելու 30-35 տոկոս եւ մտածելու, որ կրնայ համախոհութեան չերթալ ու երկրորդ հանգրուանով մեծամասնութիւն ունենալ, ապա այս առնչութեամբ աւելցուած է ամբողջ պարբերութիւն մը, որ երկրորդ հանգրուանի պարագային առաւելագոյն ձայներ ստացած առաջին երկու ուժերը կրնան դաշինքներ կազմել հինգ տոկոս արգելապատնէշը յաղթահարած կուսակցութիւններուն հետ: «Այսինքն` որեւէ քաղաքական ուժ պէտք է չափազանց զգուշանայ երկրորդ հանգրուան երթալէ: Հաւասարակշռութիւն ստեղծուած է, որ շատ կարեւոր է», ըսած է Աղուան Վարդանեան: