ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քանատայի հայոց թեմին եւ Համազգայինի Քանատայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ Մոնրէալի մէջ լոյս տեսան բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի հեղինակած «Խաչելութեան ճանապարհը» եւ «Խաչելութենէն յարութիւն» գիրքերը:
Երկու գիրքերն ալ կը բացուին Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Մեղրիկ եպիսկոպոս Բարիքեանի «Խաչելութեան ճանապարհի բարի ուղեւորն ու յարութեան աւետիսի հաւատարիմ վկան» խորագրեալ խօսքով, ուր սրբազանը կ՛ըսէ.
«Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, իր «Խաչելութեան ճանապարհ»-ով, մեր ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը, որպէս Ողջակիզման ընծայ եւ Հացի պատարագ կը ներդաշնակէ լոյսով, երջանկութեամբ, արդարութեամբ եւ սիրով:
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան իր «Խաչելութեան ճանապարհ»-ով մեր ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը, որպէս խաղաղութեան զոհագործում եւ ընծայման պատարագ կը ներդաշնակէ` երկնային կոչին, որպէս մեր փրկութեան, սրբութեան եւ ծառայութեան խորհրդանիշ:
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան իր «Խաչելութեան ճանապարհ»-ով մեր ժողովուրդի որբացած սերունդին հետ դէմ յանդիման, մեզի կը յիշեցնէ Աստուածաշունչի գեղեցիկ ա՛յն տղան, որ եղբօր հետ որբանալով հանդերձ, իր ժողովուրդի փրկութեան պատճառ եղաւ:
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան իր «Խաչելութեան ճանապարհ»-ով Աստուծոյ հետ ճանապարհորդակից` հայ ժողովուրդի յարութեան վկայութիւնն է, որ կը բերէ մեզի:
Իսկ` «Խաչելութենէն յարութիւն» իր երկրորդ աշխատասիրութեամբ, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան այս անգամ կենդանի վկան է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի արութեան գործերուն, որոնք ղեկավարուեցան ու արեւու լոյսին պէս ճառագայթեցին, մասնաւորաբար Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի եւ հայ ժողովուրդի երախտարժան հայրապետներուն` երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Սարգիսեան կաթողիկոսին (ապա` կաթողիկոսի ի Ս. Էջմիածին) եւ Արամ Ա. սրբազնագոյն կաթողիկոսին կողմէ:
Անոնց հետ աշխատած, մտածած, տագնապած, ստեղծագործած եւ Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին անցեալի պատմութիւնը արժեւորող ու այժմու առաքելութեան հաւատացող կենդանի եւ խղճմտալից հոգիով առլցուն վկան է բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանը:
«Խաչելութենէ յարութիւն»-ը, յաղթանակի համանուագ մըն է, որ պատմական վաւերագրականութիւն մը ըլլալէ անդին, յաճախ ականջալուր վկայութիւն է»:
«Խաչելութեան ճանապարհը» կ՛ընդգրկէ 125 էջ եւ բաղկացած է քանի մը գլուխներէ:
«Թուրք բժիշկներու դերակատարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան մէջ» գլուխին տակ Հարպոյեան կը գրէ.
«Ջարդերուն իրենց անմիջական մասնակցութիւնը բերին թուրք բժիշկներէն շատեր, որոնք ունեցան կեդրոնական եւ հիմնական դերակատարութիւն եւ մեղսակցութիւն: Անոնցմէ շատեր արդէն մաս կը կազմէին քաղաքական եւ իշխանական ղեկավարութեան: Անոնք` համախորհուրդ կեդրոնական քաղաքական ղեկավարութեան, կազմակերպեցին տեղահանութիւնը, ձերբակալութիւնները, տարագրութիւնը, թուրք ամբոխին հրահրումը եւ թուրք դահիճներու պատրաստութիւնը: Այս բոլորէն աւելի թուրք բժիշկները մոռնալով իրենց մասնագիտութեան նախահօր` Հիպոկրատի երդումը եւ բժշկական բարոյականութիւնը, կազմակերպեցին աննախընթաց, անմարդկային, աննկարագրելի եւ ճիւաղային ոճիրներ հանդէպ հայ ժողովուրդին եւ հանդէպ իրենց գործակից արհեստակից հայ բժիշկներուն` ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին: Անոնք առաջնորդուած էին մոլեռանդ ազգայնամոլութեամբ եւ կծու նախանձով հայ բժիշկներու գերազանցութեան, բժշկական բարձր մակարդակին, հմտութեան, դիրքերուն եւ պաշտօններուն: Երդմնադրուժ թուրք բժիշկներ իրենց արիւնոտ ձեռքերը թաթխեցին հայու արիւնին մէջ եւ դարձան դահիճներուն դահճապետները, ու անոնց ոճրային արարքները անջնջելի արատ մը ձգեցին համայնական բժշկական բարոյագիտութեան վրայ, բարոյականութիւն մը, որ հակադիր դիրքի վրայ մնաց թուրք բժիշկներու մոլեռանդ կրօնամոլութեան, ազգայնամոլութեան եւ գաղափարաբանութեան հետ:
Թուրք բժիշկներու այս դերակատարութիւնները բացայայտօրէն ի յայտ եկան 1918-1919-ի թրքական զինուորական դատավարութիւններուն ընթացքին: Այս դատավարութիւնները տեղի ունեցան 1918-ի դեկտեմբերէն մինչեւ մայիս 1919-ը ընդհատումներով եւ մասնակցութեամբ Իթթիհատ կուսակցութեան հինգ ղեկավարներու, որոնք լսեցին բոլոր վկայութիւնները եւ կատարեցին հարցաքննութիւնները:
«Հայ բժիշկներու նահատակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին» գլուխին մէջ բժիշկ Հարպոյեան կ՛ըսէ.
«Դարեր շարունակ, մինչեւ 1915, հայ ազգը Թուրքիոյ մէջ տուած է հազարաւոր անուանի եւ տաղանդաւոր բժիշկներ, որոնք կատարելով Հիպոկրատեան երդումը, նուիրուած են ո՛չ միայն իրենց ազգակիցներուն, այլ համայն մարդկութեան եւ ի մասնաւորի` թուրք պետութեան, իշխանաւորներուն, բանակին եւ ժողովուրդին: Անոնք աշխատած են իրենց մտքի ամբողջ պաշարով եւ բժշկական գիտութեամբ հիւանդ մարդուն ցաւերը ամոքելու, տառապանքը սփոփելու եւ կեանքը փրկելու համար, առանց խտրութիւն դնելու հիւանդ մարդուն պատկանելիութեան հանդէպ: Անոնց մարդասիրական ծառայութիւնը սահմաններ չէ ունեցած: Հիւանդին ազգութիւնը, կրօնը, ընկերային վիճակը եւ սեռը մէկդի դնելով, հայ բժիշկները Թուրքիոյ մէջ բուժած են հիւանդը` քաջ գիտնալով, որ հիւանդութիւնը կը հարուածէ ամբողջ մարդկութիւնը անխտիր: Անոնք լիովին կատարած են իրենց մարդկային, քաղաքացիական եւ բժշկական պարտականութիւնները ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին: Անոնք մնացած են պատնէշի վրայ եւ եղած են լաւագոյն ու փնտռուած բժիշկները` նախանձ արթնցնելով իրենց գործակից թուրք բժիշկներուն մօտ:
Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ հայ բժիշկները վերցուցած են կարեւոր պաշտօններ Պոլսոյ Կայսերական վարժարանին եւ զինուորական բարձրագոյն հիւանդանոցներուն մէջ` որպէս դասախօսներ, դարմանող բժիշկներ, վիրաբուժներ եւ գիտական ուսումնասիրողներ: Անոնք բերած են իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը թրքական բանակի բժշկական ծառայութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան բժշկական վերելքին: Հայ բժիշկներէն շատերը ղրկուած են կռուի դաշտ` ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան եւ հոն քաջաբար թափած են իրենց արիւնը: Անոնցմէ շատերը գործած են որպէս թաղապետական բժիշկներ Թուրքիոյ զանազան շրջաններուն մէջ եւ դարձած են արքունիքի ու իշխանաւորներու անձնական բժիշկները: Մեծ թիւով հայ բժիշկներ արժանացած են պետական բարձրագոյն շքանշաններու եւ բարձր պատիւներու` Օսմանեան հայրենիքին մատուցած իրենց ծառայութիւններուն համար:
Թուրքիոյ մէջ գործող հայ բժիշկներուն մեծամասնութիւնը Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ վարած է պահպանողական քաղաքականութիւն, սակայն գտնուած են որոշ թիւով հայ բժիշկներ, որոնք յանդգնօրէն խօսած են եւ գործած ի շահ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն ու եղած են ազգային ու կուսակցական ղեկավարներ, յեղափոխականներ, ազգային ազատագրութեան շարժումի ռահվիրաներ եւ զոհուողներ:
Այս բոլորով հանդերձ, Թուրքիոյ մէջ գործող հայ բժիշկները անբաժան չմնացին հայ ժողովուրդի գողգոթայէն: Ջարդարար թուրքը չխնայեց հայ բժիշկին, որ ամբողջական նուիրումով ծառայած էր հայրենիքին եւ թուրք ժողովուրդին: Անոնք Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին համախմբօրէն դատուեցան եւ նահատակուեցան: Եղեռնի առաջին օրերուն հայ բժիշկները իրենց արիւնակիցներուն հետ միասին ձերբակալուեցան, բանտարկուեցան, տարագրուեցան եւ անմարդկայնօրէն չարչարուեցան թուրք ճիւաղային ձեռքերով, պարզապէս հայածին ըլլալնուն եւ հայ անունով մկրտուած ըլլալնուն պատճառաւ: Անոնք արժանապատուութեամբ մաս կազմեցին հայ նահատակներու մեծ փաղանգին: Այս բոլորը եղան որպէս թրքավայել վարձատրութիւն հանդէպ հայ բժիշկներուն, որոնք դարձած էին ամբողջ Թուրքիոյ բժշկական մարզին հիմնական սիւները»:
«Հայ մանուկներու եւ անչափահասներու ոդիսականը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն» գլուխով բժիշկ Հարպոյեան կը թուէ թուրքերու կողմէ հայ նոր սերունդին ոչնչացման ձեւերը` գնդակահարում, կացինահարում, գլխատում, դաշունահարում, սուինահարում, ջրահեղձութիւն, ողջակիզում` ողջ-ողջ այրելով, կրակի տալով, թունաւորում, բաղնիքներու մէջ տաք շոգիով շնչահեղձութիւն եւ փոսերու մէջ ողջ-ողջ թաղում նաեւ, մահ` երկարատեւ յոգնութեան, անօթութեան, ջրազրկումի, ուժասպառութեան, հիւանդութեան, համաճարակներու եւ արեւահարութեան պատճառներով, մանուկներու ջրամահութեան, խեղդամահութեան իրենց մայրերու ձեռքով, անձնասպանութիւն, բռնաբարում, պղծում եւ սպանութիւն, միասեռական բռնի յարաբերութիւն, առեւանգում եւ աճուրդով վաճառք:
«Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան որբերը, որբանոցները եւ որբաշխարհը» գլուխին տակ Հարպոյեան կը գրէ.
«Հայոց ցեղասպանութեան որպէս հետեւանք յառաջացաւ հարիւր հազարաւոր հայ որբերու բանակ մը, որուն մաս կազմողները` կորսնցնելէ ետք իրենց ծնողները եւ հարազատները, մաքառեցան մահուան դէմ: Անոնք կրեցին տարագրութեան բոլոր դառնութիւնները: Անոնք տեսան դաժան տառապանք, զրկանք եւ մահ: Անոնք եղան հայ պատմութեան ամէնէն դժբախտ սերունդը: Անոնք բոլորը որբացան, որովհետեւ հայու զաւակներ էին:
Ու այսպէս մարդակեր թուրքին արիւնոտ ձեռքով ստեղծուեցաւ ՀԱՅ ՈՐԲԱՇԽԱՐՀԸ»:
Իսկ «Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի աննախընթաց օգնութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան գաղթականներուն եւ որբաշխարհին» գլուխին տակ բժիշկ Հարպոյեան կը գրէ.
«Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցը այն կազմակերպութիւնն է, որ հիմնուած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի շրջանին: Ան եղած է այդ ժամանակաշրջանի մեծագոյն մարդասիրական ձեռնարկը: Ան գործած է Միջին Արեւելքի, Իրանի, Եգիպտոսի եւ Հայաստանի մէջ որպէս մարդասիրական կազմակերպութիւն: Կատարած է մարդասիրական, կրթական եւ ընկերային մեծ ծառայութիւններ: Անոր օգնութիւնը եղած է ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով: ՄԱՆ-ի ծառայութիւնները հասած են աղէտեալ բազմաթիւ ժողովուրդներու, սակայն առաւելաբար հայերուն»:
***
«Խաչելութենէն յարութիւն» հատորը կ՛ընդգրկէ 199 էջ, բաղկացած է տասնեակ մը գլուխներէ եւ կը ներկայացնէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսները` Սահակ Բ.էն մինչեւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետները:
Նախաբանին մէջ բժիշկ Հարպոյեան կ՛արձանագրէ.
«Արմատախիլ եղած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սսոյ 500-ամեայ աթոռն ալ իր ժողովուրդին ճակատագիրին հետ միաձուլուած` քալեց փոթորկալից եւ տաժանակիր ճամբայէն, դարձաւ տարագիր եւ թափառեցաւ Սուրիա եւ Լիբանան մինչեւ 1930, երբ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Անթիլիաս, Լիբանան: Ան իր ժողովուրդին յարութեան հետ ինքն ալ յարութիւն առաւ: Ան ստանձնեց իր հօտին ամբողջական հոգատարութիւնը, պատասխանատուութիւնը եւ ղեկավարութիւնը: Ան հիմնաւորուեցաւ, կազմակերպուեցաւ, ունեցաւ առողջ կառոյց, տուաւ հայ ժողովուրդին հոգեւոր եւ մտաւոր սնունդ, պաշտպանեց հայ ժողովուրդի անկորնչելի իրաւունքներն ու դատը: Գործեց քաջութեամբ եւ բողոքեց` հաւատալով արդարութեան: Բացայայտ է իր տարած հոգեւոր, մշակութային, կրթական եւ շինարարական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ իր արդիւնաբեր եւ փայլուն դերակատարութիւնը միջեկեղեցական կազմակերպութիւններու եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին մէջ: Այս բոլորը իրենց դրսեւորումը ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ բոլոր կաթողիկոսներու գահակալութեան ժամանակաշրջանին, որոնց վերջին հանգոյցը կը կազմէ մեր օրերու Արամ Ա. կաթողիկոսի վաստակաշատ շրջանը»:
«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը եւ կառոյցը» գլուխին մէջ Հարպոյեան կը գրէ.
«Բագրատունեաց հարստութեան անկումէն ետք, ԺԱ. դարուն, Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան նստավայրը տարբեր վայրեր տեղափոխուելէ ետք 1293 թուականին հաստատուած էր Սիս, ուր մնաց մինչեւ 1441, երբ որ Վաղարշապատի մէջ գումարուած Ազգային ժողովը որոշեց Մայր աթոռը վերադարձնել Էջմիածին: Օրուան կաթողիկոսը` Գրիգոր Թ. Մուսաբեկեան հեռատեսութիւնը ունեցաւ սակայն մնալ ու Սիս` ձգելով, որ ուրիշ եկեղեցական մը` Կիրակոս Ա. Վիրապեցին ընտրուի Ամենայն հայոց կաթողիկոս: Փաստօրէն Մուսաբեկեան հայրապետը հանդիսացաւ հիմնադիրը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, որ 1441-1921, 480 տարիներ գործեց Կիլիկիոյ մէջ` նախախնամական դեր խաղալով Կիլիկիոյ հայութեան ազգային կեանքի ղեկավարման մէջ, յատկապէս Կիլիկիոյ թագաւորութեան ալ անկումէն ետք (1375): 9 տարի 1921-1930, (1921-1930) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը թափառեցաւ Սուրիա եւ Լիբանան, ատով հանդերձ տէր կանգնեցաւ Կիլիկիոյ գաղթական հայ ժողովուրդին եւ 1930-էն մինչեւ օրս, հաստատուած Անթիլիաս, իր ազգային-եկեղեցական հովուութիւնը կատարեց իր թեմերու զաւակներուն: Այսինքն, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 1441-էն ի վեր, շուրջ 6 դար, իբրեւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն մէկը ծառայեց ու կը ծառայէ հայութեան:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 1930-ին Լիբանան հաստատուելէն ետք կը վարէ սփիւռքի իր թեմերու ազգային-եկեղեցական կեանքը` Ազգային սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն եւ իր կանոնագրութեան համաձայն:
1930-էն ի վեր ան ունեցաւ ութը գահակալ` եօթը կաթողիկոսներ եւ երկու աթոռակից կաթողիկոսներ, հետեւեալ կարգով`
1. Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոս, 1903-էն 1921` Սիս, ապա 1930-էն 1939` Անթիլիաս.
2. Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան աթոռակից կաթողիկոս, 1930-էն 1936.
3. Պետրոս Ա. Սարաճեան կաթողիկոս, 1940` միայն չորս ամիս.
4. Գարեգին Ա. Յովսէփեան կաթողիկոս, 1945-էն 1952.
5. Զարեհ Ա. Փայասլեան կաթողիկոս, 1956-էն 1963.
6. Խորէն Ա. Բարոյեան կաթողիկոս, 1963-էն 1983.
7. Գարեգին Բ. Սարգիսեան աթոռակից կաթողիկոս, 1977-էն 1983.
8. Գարեգին Բ. Սարգիսեան կաթողիկոս, 1983-էն 1995.
9. Արամ Ա. Քէշիշեան կաթողիկոս, 1995-էն սկսեալ»:
Հարպոյեան կը շեշտէ` ըսելով, որ «Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մեծ ներդրում կը կատարէ հայ ժողովուրդի համազգային պահանջատիրութեան, բռնաբարուած իրաւունքներու հետապնդման, Հայ դատին եւ պայքարին` հաւատալով, որ Հայց. եկեղեցին ունի թէ՛ կրօնական, եւ թէ՛ ազգային առաքելութիւն: Ան առ այդ իւրայատուկ նպաստ կը բերէ միջազգային շրջանակներու, միջեկեղեցական եւ միջպետական յարաբերութիւններու շրջագիծէն ներս միշտ ու ամէն տեղ»:
Այնուհետեւ բժիշկ Հարպոյեան կը խօսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վարչական, ժողովական եւ կազմակերպական կառոյցին, հաստատութիւններուն եւ ֆիզիքական կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ Ազգային սահմանադրութեան մասին: Հարպոյեան կ՛ըսէ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կանոնագրութիւնը ներշնչուած է Ազգային սահմանադրութեան ոգիէն, հիմնական տրամադրութիւններէն եւ սկզբունքներէն:


