Թիֆլիսի Մեթրոմշէնի (Մեթրոշին) խտաբնակ աւանին մէջ կը կառուցուի հայ-վրացական թիւ 103 դպրոցը, որ նախատեսուած է հազար աշակերտի համար:
Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», հաղորդած է Վրաստանի կրթութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: «103-րդ հանրային դպրոցը մեծ նախագիծերէն մէկն է, աւելի՛ն, վերջին 20-30 տարուան ընթացքին նման մեծ դպրոց չէ կառուցուած», յայտարարած է Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Թամարա Սանիքիծէ, որ տեղւոյն վրայ ծանօթացած է շինարարական աշխատանքներու ընթացքին:
«Նախագիծը կարեւոր է` նկատի ունենալով այն, որ ատիկա խառն դպրոց է, վրացական դպրոց, ուր կայ բաւականին մեծ հայկական հատուած… Մենք առաւելագոյնս կը ջանանք օգնել ցեղային փոքրամասնութիւններուն, որպէսզի անոնք լիարժէք ու լաւ ընդելուզուին ուսումնական հոլովոյթին», նշած է Սանիքիծէ: Նոր դպրոցը պիտի համապատասխանէ ժամանակակից չափանիշներուն: Նախագիծին արժէքը շուրջ 5,5 միլիոն լարի է: Նոր դպրոցի կառուցման աշխատանքները սկսած են այս տարի եւ կ’աւարտին յաջորդ տարի: