Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութենէն յայտնած են, որ այս տարուան երկրորդ եռամսեակին Հայաստան այցելած է 256 հազար 917 զբօսաշրջիկ: Նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով` այս թիւը աւելցած է 1,8 առ հարիւրով:
Նոյն ժամանակաշրջանին զբօսաշրջութեան նպատակով հանրապետութենէն մեկնած է 250 հազար 326 անձ, որ 1 տոկոսով աւելի է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշէն:
Յիշեցնենք, որ այս տարուան առաջին եռամսեակին Հայաստան եկած էր 232 հազար 583 զբօսաշրջիկ: