Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաթաքիա Հրթիռակոծուած Է

August 19, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Latakia_8-18-15

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով արաբական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքին մէջ 17 օգոստոսին ընդդիմադիր զինեալներու կողմէ հրթիռակոծման պատճառով արձանագրուած է 5 զոհ եւ 20 վիրաւոր:

Քանի մը հրթիռներ ինկած են Քարաժ Փուլման շրջանին մէջ, Հարաշ ճամբուն եւ քաղաքի այլ վայրերու մէջ: Բացի ատկէ, քաղաքի Սաքնա Եահուտիյա շրջանին մէջ եւս հրթիռներ ինկած են:

Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ հրթիռները արձակուած են ընդդիմադիրներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն: Սուրիական բանակի եւ զինեալ ընդդիմութեան միջեւ բախումներ սկսած են Պէյթ Աուան շրջանին մէջ:

Միւս կողմէ, սուրիական բանակը օդուժը կիրարկելով մեծ վնասներ պատճառած է Ժապհաթ Նուսրային: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ժապհաթ Նուսրայի 13 անդամներ սպաննուած են սուրիական օդուժին կողմէ Այիտօ եւ Մարժ Զաուա գիւղերու ռմբակոծումին պատճառով:

Մինչ այդ, հրասանդէ արձակուած ռումբեր ինկած են Հալէպի Համիտիյէ շրջանին մէջ: Արձանագրուած է 10 զոհ եւ 17 վիրաւոր:

Սուրիոյ մէջ աւելի քան 4,5 տարիէ ի վեր շարունակուող բախումներուն պատճառով, ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն, արձանագրուած է 220 հազարէն աւելի զոհ:

 

Նախորդը

Տաք Օրուան Մը Օրագիրէս

Յաջորդը

Ըստ Իսրայէլեան Ձայնասփիւռին. Թուրքիա Կը Վարէ Իսրայէլի Հետ Կազայի Շրջափակման Վերացման Բանակցութիւնները

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.