«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի խորհրդարանի երեսփոխանները ամբողջ գիշերը տեւած քննարկումներէն ետք հաւանութիւն տուած են Եւրոպական Միութեան օգնութեան նոր` երրորդ թղթածրարին, որուն արժէքը 85 միլիառ եւրօ է:
Նախապէս Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս երեսփոխաններուն կոչ ուղղած էր պաշտպանելու համաձայնագիրը` զայն որակելով ազգին համար «անհրաժեշտ քայլ»:
Յունաստանի իշխանութիւնները կ՛ակնկալեն, որ տնտեսութեան օգնութեան ծրագիրը ընդունելով` իրենք պիտի կարենան ստանալ այն միջոցները, որոնք անհրաժեշտ են Եւրոպայի կեդրոնական դրամատան Յունաստանի ունեցած պարտքը վճարելու համար: