Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 15, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յանձնարարեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը երկարաձգել:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ «Թուիթըր»-ի ընդմէջէն յայտնեց, որ 14 օգոստոս 2006-ը թուական մըն է, որ իրենց պատմութիւնը ամրապնդած է` իբրեւ այդ երկրին զաւակները: «Մենք կը շարունակենք դիմադրել եւ յաղթել այն յոյսով, որ կը յաղթենք նաեւ ահաբեկչութեան»:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը բուռն կերպով ռմբակոծեց Ռաս Պաալպեքի բարձունքները, ուր կը գտնուին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամ զինեալները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Հերմելի Քասր գիւղաքաղաքին մէջ կատարեց մեծ թիւով ձերբակալութիւններ:

ԺԱՊԱԼ Մըհսենի մէջ նախանցեալ երեկոյեան անծանօթներու կողմէ նետուեցաւ ձեռնառումբ մը, որուն հետեւանքով երեք վիրաւոր արձանագրուեցաւ: Ապահովութեան ուժերը փութացին դէպքին վայրը եւ այդ մասին հետաքննութիւն բացին:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ իրենց պարտականութիւնն է երկրին հարցերը լուծել եւ աշխատանքներուն ընթացքը հեզասահ դարձնել, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել, սակայն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ անոր դաշնակիցները կը խոչընդոտեն այդ բոլորը:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կը սերտէ ֆրանսական ծրագիր մը`

երկարաձգելու համար հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ երկխօսութիւնը արգելակող իւրաքանչիւր կողմ լիբանանեան պետութեան դէմ դաւադրութիւն գործող կը նկատուի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան պատասխանատուներէն Սեսին Սեսին յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ մեծաթիւ բազմութիւն հաւաքելու իմաստով անկարողութիւնը ձախողութեան ցուցանիշ է եւ փաստ, որ ան իր սխալներէն չի սորվիր:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը խզած է Լիբանանի օդային սահմանները եւ թռիչքներ գործած Մազարեհ Շեպաայի վերեւ:

ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ բանակայիններուն ընտանիքներուն անունով Հիւսէյն Եուսեֆ յայտնեց, որ իրենք այսօր անձնական նախաձեռնութեամբ պիտի ուղղուին Արսալ` այցելելու համար ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող իրենց զաւակներուն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու անդամ նախարարներէն մէկը հաստատած է, որ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումը արտաքին թելադրանք է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ պետութեան տրամաբանութիւնը կ՛իրագործուի, երբ պետական հաստատութիւններուն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ արգելակուող աշխատանքները կ՛աշխուժանան:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի համբերութիւնը տակաւին չէ հատած եւ ան կառավարութիւնը նիստի պիտի հրաւիրէ:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը գտնուի երկու ընտրանքի դիմաց, կա՛մ այն է, որ նախարարաց խորհուրդը կը վերածուի սրճարանի եւ կա՛մ երկխօսութեան խորհուրդի:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ վարկերու փոխանցման որոշումը չվաւերացուելու պարագային, նախարարութիւններուն պաշտօնեաները իրենց ամսական աշխատավարձը պիտի չկարենան ստանալ յաջորդ ամսուան ընթացքին:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ լոյս տեսնող «Պայան» օրաթերթը կը գրէ, թէ Լիբանանի մէջ ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումը տակաւին վերջնականացած չէ:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժեր հաստատեցին, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆի Լիբանան կատարած այցելութիւնը առիթ մըն էր շեշտելու, թէ Իրան կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, կը հաստատէ, որ Հըզպալլա չի հրաժարիր զօրակցելէ անոնց, որոնք ամէնէն դժուար պարագային իրեն նեցուկ կանգնած են:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն պէտք է իմանայ, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին տակաւին կը պաշտօնավարէ, իսկ ինք հանգստեան կոչուած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ քաղաքական կարգ մը ուժեր կը փորձեն ներքին լիբանանեան խլրտումներ ստեղծել եւ այդ թղթածրարները ծառայեցնել շրջանային հարցերու իմաստով կատարուելիք բանակցութիւններուն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Թամմամ Սալամին մօտիկ աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ վարչապետ Սալամ լրջօրէն կը մտածէ հրաժարելու մասին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, անցեալ երկուշաբթի գիշեր Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի բնակարանին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում մը արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի միջեւ:

 

 

Նախորդը

Յունաստանի Խորհրդարանը Իր Հաւանութիւնը Տուաւ Եւրոպական Միութեան Օգնութեան Պայմաններուն

Յաջորդը

Ժոմպլաթ Կը Մերժէ Անդրադառնալ Հարիրիի Հետ Իր Հանդիպումին Արդիւնքներուն

RelatedPosts

Միքաթի Հանդիպումներ Ունեցաւ  Էրտողանի, Ապպասի Եւ Սուտանիի Հետ
Լիբանանեան

Միքաթի Հանդիպումներ Ունեցաւ Էրտողանի, Ապպասի Եւ Սուտանիի Հետ

Սեպտեմբեր 21, 2023
Հայր Էլի Քեսրուանի Մահացած Գտնուած Է
Լիբանանեան

Հայր Էլի Քեսրուանի Մահացած Գտնուած Է

Սեպտեմբեր 21, 2023
Միւֆթի Տըրիան Ապպաս Իպրահիմի Հետ  Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները
Լիբանանեան

Միւֆթի Տըրիան Ապպաս Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Սեպտեմբեր 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In