Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պանք Օթոման 2015. Դիմաքանդակ Առաքինի Եւ Յեղափոխաշունչ Տղոց Յիշատակին (Բաբգէն Սիւնիին)

Օգոստոս 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Papken_Siuni_8-14-15

Այո՛, առանձնապէս պատկառելի եւ հսկայածաւալ, ներշնչող եւ դաստիարակիչ, հոգիներ սլացնող, միտքեր պարուրող եւ սիրտեր կոթողագրող, մեծղի եւ հրաշակերտ քանդակի մը մասին է խօսքը:

Դիմաքանդակ` հոգեկերտ ապրումներու եւ անխառն յոյզերու,  որուն պատուանդանը խարսխուած պէտք է ըլլայ հայրենի հողին մէջ, անոր խորհուրդը միաձուլուած` ներկայ ժամանակներու հայոց երազանքին հետ, թելադրականութիւնը` շաղախուած քաղաքական մտքի հասունութեամբ, եւ անոր այժմէականութիւնը ուղեցոյց պէտք է ըլլայ  հայութեան նորօրեայ պայքարին:

Պայքար բոլոր ճակատներու վրայ եւ առանց երկմտանքի: Պայքար յեղափոխելու ընդարմացած միտքերն ու հոգիները, յեղաշրջելու ամէն ինչ, որ պիտի արգելակէ հայոց ժամանակակից կեանքի բարեփոխումն ու զարգացումը, հայութեան առաւել արմատաւորումն ու յաղթանակի ապահովումը:

Աւելի՛ն. գիտականութեամբ եւ գաղափարայնութեամբ զինուելու եւ դարու ոգեկան բարձունքին համապատասխանող գուպարներու մէջ նետուելու հարցն է, որ կ՛ընդգծուի ապահովաբար` հեռու տղայական թէ տեղայնական հոգեվիճակներէ եւ ամուլ կարգախօսերէ:

Ի զուր չէ, որ կը յիշատակենք մեծութիւնը սրբազան անունի մը, որ դարձաւ իր ժամանակի ոգին ու շունչը: Եւ հակառակ իր 23-ամեայ տարիքին, ան կրցաւ գերազանցել ինքզինք եւ նետուիլ յեղափոխական քուրային մէջ` ցոյց տալով այնպիսի ունակութիւն, ուժ, եռանդ, խանդ ու գործի հանդէպ տրամադրուածութիւն, որուն դիմաց սերունդները միա՛յն կրնան խոնարհիլ:

Իրօք, այդ հերոսի անուամբ հայութիւնը կարողացաւ վերապրիլ, թօթափել ստրուկի, մարդկային տկարութիւններու եւ լոզունգախառն արտայայտութիւններու ամէն երեւոյթ ու մտմտուք եւ լծուիլ ազգային կամքի յայտնաբերման:

Եւ շնորհիւ անոր յանդգնութեան, դիմադրողի մօտեցումին, վրէժի եւ հաշուեյարդարի զգացողութեան, բայց մանաւանդ` արիւնռուշտ եւ մարդակերի թշնամիին դէմ դնելու պատրաստակամութեան, արդէն կը յառնէին հայութեան դարաւոր ցեղային առանձնայատկութիւնները, որով ժամանակակից սրբազան խենթերը պիտի կարենային բոցավառել ազգային ազատագրական պայքարի ուղին:

Արդ, թէեւ հազուագիւտ չեն այն անունները, որոնք պարագաներու թէ  իրերու բերումով նոյնացած են տուեալ դէպքի, արարքի, մտայղացքի թէ ընդհանրապէս նուիրագործ աշխատանքի հետ, այդուամենայնիւ, այս պարագային` խիզախ ու յանդուգն յեղափոխական գործողութեան մը ուղղակիօրէն կ՛առնչուի, անով կ՛իմաստաւորուի եւ մեր հոգիներուն մէջ կ՛արմատաւորուի Բաբգէն Սիւնիի անունը, որուն յիշատակը յարգելու, ազգային ու մարդկային բարեմասնութիւնները ամէն քայլափոխի լոյսին բերելու ներքին մղումը կ՛ունենանք ամէն պատեհ առիթի, երբ մեր մտքի պաստառին վրայ կ՛ուրուագծուի Պանք Օթոմանի աքթը:

Իսկ թէ ինչո՛ւ 23-ամեայ այս մեր առաքինի ընկերոջ անուան վրայ շեշտ կը դրուի առաւելաբար, պարզապէս որովհետեւ անոր թողած դրոշմը այս գործողութեան վրայ կը մնայ եզակի եւ անփոխարինելի` դաշնակցական պատմագրութեան իսկ հաստատագրումով, եւ անոր մօտիկ ընկերներուն թէ գործակիցներուն վկայութեամբ:

Աւելի՛ն. միթէ տուեալ գործողութեան մասնակից հերոսներ նոյնքան արժանի չե՞ն մեր բոլորին գնահատանքին ու պաշտամունքին. բացարձակապէս, եւ կամ  ինչպիսի՛ ճակատագիր եւ ընթացք պիտի ունենար Պանք Օթոմանի գործողութիւնը, եթէ երբեք Բաբգէն Սիւնի շրջապատուած չ՛ըլլար նոյնքան վսեմ ու գաղափարի տղոցմով, ինչպէս` Արմէն Գարօ, Հրաչ Թիրեաքեան, Մուշեղ, Վարդան Շահպազ ու բազմաթիւ այլ խնկելի տիպարներ, որոնք շնորհիւ իրենց յեղափոխաշունչ կազմաւորումին` հիմքը հանդիսացան ազատ ու անկախ հայրենիք ունենալու  տեսլականին:

Հապա եթէ երբեք շեշտադրենք Բաբգէն Սիւնիի ուսումնատենչի եւ աշխատասէրի յատկութիւնները, աղքատ ընտանիքի անդամ ըլլալը, անոր ազնուական տոհմէ սերած ըլլալու իրողութիւնը, ուսուցիչներու թէ բարեկամներու կողմէ անոր նկատմամբ ցուցաբերուած սէրն ու յարգանքը, քաջ պատանիի ու խիզախ երիտասարդի դիմագիծը, անարդարութեան, թալանի, սպանդի եւ կողոպուտի դէմ կանգնելու անոր վսեմ ու առաքինի նկարագիրը:

Իսկ ո՛ւր եւ ինչպիսի միջավայրի մէջ պիտի աշտարակուէին անոր գաղափարականի արժանիքները, եթէ ոչ ՀՅ Դաշնակցութեան հնոցին մէջ եւ այդ օրերու մտաւորական մեծութիւններու շունչին տակ, ինչպէս` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչներ Յովհաննէս Եուսուֆեանի եւ Արշակ Վռամեանի, որոնց ուղղակի աջակցութեան արժանացաւ այս մեր տղան:

Ըսինք, որ Բաբգէն Սիւնի (Պետրոս Փարեան), շնորհիւ իր կամքի զօրութեան եւ կազմակերպչական ունակութիւններուն շահեցաւ իր շրջապատին վստահութիւնը: Փաստօրէն անոր մտայղացումն էր ուժեղ հարուած մը հասցնել սուլթանական Թուրքիոյ եւ եւրոպական երկիրներու, անոնց ելեւմտական ու դրամատնային շահերը հարուածելով` ան կը միտէր հայութեան սպանդները, բարենորոգումներու պահանջներն ու ամբողջ տառապանքը  լուսարձակի տակ առնել:

Հարցը այն չէ, թէ մեր յեղափոխական ազնուասիրտ տղաները կ՛ապրէին տեսակ մը յեղափոխական զգացականութիւն մը` հաւատք ընծայելով Եւրոպայի գիշատիչներու, որոնք մոռցած  ու ծախած  էին ամէն մարդկայնութիւն եւ լծուած էին շահերու բաժնեկցութեան, այլեւ այն` թէ ազատատենչութեան եւ մարտունակութեան ոգին հայոց մօտ արդէն սկսած էր ճախրիլ, եւ լոյսի ու յոյսի հորիզոնին վրայ կը տեսնուէր հայութեան վերածնունդի նշոյլները:

Ինչպէ՛ս չյիշել Բաբգէն Սիւնիի ուղղակի եւ գործնական մասնակցութիւնը Պանք Օթոմանի գրաւման աշխատանքներուն, երբ ատենի Պոլիսը ընկղմած էր ջարդերու ուրուականին մէջ, ճնշումներու եւ սպառնալիքներու տակ կը տուայտէր, հայ դաւաճաններու, լրտեսներու եւ գաղտնի ոստիկաններու ներկայութիւնը աւելիով կը դժուարացնէին զէնքի ու զինամթերքի փոխադութիւնը:

Իրապէս, նման ահաւոր ու հեղձուցիչ պայմաններու մէջ իսկ ի յայտ կու գար նաեւ Բաբգէն Սիւնիի ընդյատակեայ գործունէութիւն վարելու հրաշալի կարողականութիւնը, երբ ան ոգի ի բռին կ՛աշխատէր իր լրումին հասցնելու ստանձնած պարտականութիւնը:

Միւս կողմէ, հակառակ կազմակերպական անդուլ աշխատանքին, երբ կը ծրագրուէր 70 հոգիով գրաւել դրամատունը, երեւան կու գային դասալիքներ եւ վեհերոտ անհատներ: Եւ հոս էր, որ կրկին կը ցայտէր Բաբգէն Սիւնիի հրամանատարի ու ղեկավարի եզակի եւ օրինակելի ունակութիւնը` սուրբ գործը յաջողութեամբ պսակելու, թէկուզ երկտասնեակ մը ընկերներով:

14 օգոստոս 1896, կէսօրէ քիչ ետք արդէն ներխուժման ազդանշանը տրուած էր: Դրամատան մուտքին հերոսաբար կ՛իյնար ազնուասիրտ ու քաջարի հրամանատար Բաբգէն Սիւնի: Արմէն Գարօ եւ Հրաչ Թիրեաքեան պիտի ստանձնէին գործողութեան ղեկավարումը: Սաստիկ հրացանաձգութիւն եւ սոսկալի պայթումներ. դրամատունը գրաւուած էր: Օտար պաշտօնէութիւնը մէկտեղուած, պահանջները ներկայացուած:

Թուրք սուլթանին որջին մէջ նման համարձակութիւն արդէն շշմեցուցիչ հարուած էր: Թուրք բանակը օղակը կը սեղմէր եւ կ՛ուզէր արագօրէն իր աւարտին հասցնել գործողութիւնը: Տղաքը գրաւած էին շէնքը եւ ուժեղ դիմադրութիւն ցոյց կու տային յարձակող հորդաներու դէմ:

Անդին, Սամաթիոյ շրջանին մէջ խումբ մը արծուասիրտ ու հերոս տղաք` յանձին Խաչիկ Գնունիի եւ իր ընկերներուն, ռումբերու տարափով կ՛ուզէին արգելակել թուրք բանակի յառաջխաղացքը: Անոնք իրենց կարգին կը կռուէին ու կը նահատակուէին յանուն բազմաչարչար հայութեան իրաւունքի ձեռքբերման:

Պանք Օթոմանի դիպաշարին քաջածանօթ իւրաքանչիւր հայորդի պիտի կեդրոնանայ այն իրողութեան վրայ, թէ մեր տղաքը մինչեւ վերջ պիտի կռուին, եւ ի հարկին օդը պիտի հանէին շէնքը այնքան ատեն որ չէին երաշխաւորուած իրենց պահանջները:

Սակայն, շշմեցնող եւ արագասոյր դէպքերը կ՛ունենան այլ ընթացք, երբ օտար դիւանագիտական միջամտութիւններ կը յաջողէին համոզել յեղափոխականները` երաշխաւորելով անոնց պահանջներուն իրագործումը:

Այսօր, կրկին անգամ շեշտը կը դրուի Պանք Օթոմանի պատմական ու քաղաքական արժէքին վրայ, այն հասկացողութեամբ, որ թուրքի զազրութեան դէմ օրին մեր տղաքը կը ցցէին իրենց կամքի եւ ուժի (թէեւ համեստ) կարողականութիւնը, երիտասարդականի խանդավառ ու դէպի մահ սլացողի կազմաւորումը, նոյն համոզումով տարիներ ետք սրբազան տղաներ (մտաբերէք հրաշափառ Լիզպոնի աքթը), արժանապատիւ կեանք մը ունենալու համար կ՛ողջակիզուէին յանուն Արարատին:

Ընդգծելով հանդերձ Պանք Օթոմանի գործողութեան զգացականութիւնը, միթէ այսօր նոյն Եւրոպան չէ՞, որ կ՛անգիտանայ փոքրամասնութիւններու արդար ու անմասնատելի իրաւունքները, եւ ինչ-ինչ տխեղծ ու ամբարիշտ  շահերու համար լռութիւն կը պահէ տեղի ունեցող հաւաքական սպանդներու եւ տեղահանութիւններու դիմաց` անոնց հակազդելով սոսկ «անուշաբոյր» կարգախօսեր հրամցնելով:

Աւելի՛ն. հայատեաց ու ցեղապաշտ նոյն թուրքութիւնը չէ՞, որ ամէն միջոցի կը դիմէ միանգամընդմիշտ թաղելու Հայ դատն ու Հայաստան հայրենիքի անկախութիւնը:

Գաղութահայ կեանքի դժուարութիւններու օրըստօրէ խորացումին, հայ երիտասարդութեան տակաւ այլասերող դիմագիծին,  հայանուէր արժէքներու եւ աշխատանքներու անկումին, գաղափարական ու հայաշունչ գործունէութիւններու շիջումին, ազգային շտեմարանի նօսրացումին, բայց մանաւանդ` հայ քաղաքական մտքի ու պետական մտածողութեան որոշակի խարխափումին դէմ յանդիման, արդեօք Պանք Օթոմանի հրաշափառ գործողութիւնը իր քաղաքական, գաղափարական, ազգային ու յեղափոխական արժեհամակարգով պատուար, ապաւէն ու ներքնապէս զօրանալու կոչ ու պատգամ չէ՞ մեզ շրջապատող համայնակուլ ու վայրագ դէպքերու լոյսին տակ:

Եթէ երբեք պատմական դիպաշարերու վերարժեւորումը ազգային հրամայական է ամէն քայլափոխի, ապա Պանք Օթոմանի եւ անոր հրամանատարին ոգեկան մեծութիւնն ու առաքինի կեցուածքը` հանդէպ իր ժողուվուրդի արդար դատին, կը մնան անգնահատելի եւ բացարձակ արժէքներ, յեղափոխական սլացքի ու հայասիրութեան բարձրագագաթ նշաձողեր, անշահախնդիր նուիրաբերումի եւ զոհողութեան գերազանց արտայայտութիւններ:

Արդ, ՀՅ Դաշնակցութեան շունչին, մտքին, կամքին, կորովին եւ գաղափարական աշխարհահայեացքին ատրուշանը խարսխած ու ծաղկեցուցած տղաներ են Բաբգէն Սիւնիներ, որոնց նկատմամբ հարկ է ցուցաբերել հայավայել ու պատկառելի վերաբերում:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արդարութեան Ձայն Մը Եւս` Լատին Ամերիկայէն

Յաջորդը

Անդրադարձ. Յեղափոխական Դէպքերու Մնայուն Վերարժեւորման Հարցը Պանք Օթոմանի Գրաւումը` Իբրեւ Օրինակ

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?