Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երբ Թուրքերը Անատոլու Եկան, Հոն Յոյներ, Հայեր Ու Ասորիներ Կային. «Քիւրտերը Աւելի Վերջ Եկան` Թուրքերուն Հետեւելով»

August 11, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական, Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»     

Սաւաշ Էղիլմեզ
Սաւաշ Էղիլմեզ

Քրտական հարցի լուծման գործընթացի ձախողութեան այս օրերուն տակաւին կան թուրք մտաւորականներ, որոնք կը սիրեն խօսիլ թուրք-քիւրտ եղբայրութեան մասին ու կը կշտամբեն այն քիւրտերը, որոնք կը խանգարեն այս եղբայրութիւնը: Բայց ինչպիսի՞ եղբայրութիւն մըն է ատիկա: Այս մասին հետաքրքրական տուեալներ կան հետեւեալ լրատուութեան մէջ:

Աթաթիւրք համալսարանի պատմութեան ճիւղի դասախօս տոքթ. Սաւաշ Էղիլմեզ, անդրադառնալով վերջին օրերուն Թուրքիոյ մէջ տիրող կացութեան, խօսեցաւ թուրքերու եւ քիւրտերու հասարակաց պատմութեան մասին: Ան ըսաւ. «Թուրքեր, երբ դէպի Անատոլու մեծ արշաւանքներու սկսան, այս աշխարհագրութեան վրայ կը գտնուէին յոյներ, հայեր եւ ասորիներ: Այսինքն քիւրտերը այս հողամասերուն վրայ եկած են թուրքերուն հետեւելով: Քիւրտերուն ներկայ աշխարհագրութեան մէջ հաստատուելու շարժումին նպաստած են սելճուքեան թուրքերը: Անո՛նք է, որ մեծ բաժին ունին բիւզանդացիներուն այս հողերէն հեռացուելուն մէջ: Թրքական ցեղախումբերը քիւրտերը իրենց պէս կը տեսնէին եւ զանոնք կ՛ընդունէին որպէս իրենց եղբայրները:

«Այսօր նախանձելի այս հողերուն վրայ կարգ մը ուժեր կը ջանան այդ եղբայրական յարաբերութիւնները խանգարել ու խզել: Երկու ժողովուրդներու միջեւ բախումներ ապահովելու համար միջոցներ կը ստեղծեն: Եւ սակայն այդ ուժերը չյաջողեցան իրենց նպատակը իրագործել: Այս ձախողութեան միակ պատճառը թուրքերու եւ քիւրտերու միջեւ առկայ շատ զօրաւոր պատմական միասնութիւնն է: Արեւմուտքի կողմէ պարտադրուած անջատողականութեան քաղաքականութիւնը կը հետեւէր զանազան շահերու ծառայող ազգութեամբ նոր ժողովուրդներ ստեղծելու նպատակին»:

Էղիլմեզ շարունակեց իր խօսքերը` հետեւեալ կերպով.

Պատմութեան ընթացքին թուրքերն ու քիւրտերը մերթ ընդ մերթ բախումներ ունեցած են իրարու հետ: Աւելի ճիշդն ըսելու համար, քիւրտեր մէկ քանի անգամ օսմանեան պետութեան եւ աւելի ետք Թուրքիոյ Հանրապետութեան դէմ ապստամբած են: Բայց բոլոր այդ ապստամբութիւնները պետութեան կողմէ չէզոքացուած են: Արեւմուտքցիներ 1800-ական թուականներէն սկսեալ փափաքած են կեանքի կոչել Քիւրտիստանի ծրագիր մը, որ թուրքերու կողմէ հակազդեցութեամբ դիմաւորուած է: Քրտական խմբակներ, որոնք գործածուած են արեւմուտքցիներու կողմէ, պատժուած են: Մերօրեայ մարդիկը եթէ քիչ մը պատմութիւն կարդան եւ ուսումնասիրեն, կրնան հասկնալ, թէ այսօրուան ահաբեկչական շարժումները ո՛ւր կրնան հասնիլ: Ուստի քիւրտ մեր եղբայրները անջատողական այս հոսանքին զոհ պէտք չէ դառնան»:

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Հարիւրամեայ Կաւ

Յաջորդը

Թուրքիայի Հայ Համայնքը Խորհրդարանական Ընտրութիւններից Յետոյ

RelatedPosts

Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.