Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Հարիւրամեայ Կաւ

Օգոստոս 11, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Խորապատկեր.– «Ոսկէ Ծիրան -12» փառատօնի ենթաբաժիններէն մէկն էր «Հարիւրամեայ ցաւը»: Այդ ծիրին մէջ տեղ գտած էին Հայ-թուրք շարժապատկերի Հարթակին կողմէ հովանաւորուած երկու ժապաւէններ: Հաճի Օրմանի Homo Politicus եւ Կիյոմ Քլէրի «Լռութեան ժառանգութիւնը»: Նոյն ժապաւէնները տեղ գտած էին նաեւ 2015 ապրիլին կայացած Պոլսոյ «Ոսկէ կակաչ-34» փառատօնի ծրագիրին  մէջ: Ի տարբերութիւն աննշանակալից «Ոսկէ ծիրան-12»-ին` Պոլսոյ «Ոսկէ կակաչ-34» փառատօնը յարուցեց «երկրաշարժ»: Մշակոյթի նախարարութիւնը որոշած էր արգիլել Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (PKK) ներկայացնող վաւերագրական «Պաքուր» (Հիւսիս, 92 վ.) ժապաւէնը, որ նկարահանուած է գլխաւորաբար Տէրսիմի մէջ: Առարկութիւնը հիմնաւորուած էր: Արտադրողը արտօնագիր չէր ստացած: Կարելի էր, սակայն, պարզապէս մուծել օրէնքի նշած տուգանքը (շուրջ 37 հազար տոլար): Իսկական պատճառը անշուշտ որ քաղաքական էր:

Փառատօնի վարչութիւնը որպէս բողոքի արտայայտութիւն ջնջեց ե՛ւ մրցութային ծրագիրը, ե՛ւ փակման հանդիսութիւնը: Մօտ քսան բեմադրիչներ լքեցին փառատօնը: Բողոքագիր ստորագրեցին ֆիլմարուեստի շուրջ հարիւր  աշխատողներ, որոնց շարքին էին անուանի Նուրի Պէլկէ Ճէյլան, Հաճի Օրման եւ Շարժապատկերի քննադատներու միութիւնը: Շարժապատկերի ծննդավայր Պէյողլու թաղամասին մէջ տեղի ունեցաւ ցոյց:

1_8-11-15

2_8-11-15Շարժապատկերը կը շօշափէր նաեւ կնոջական հարցեր, (նկարներուն մէջ կինը` ոտքի, զբաղած է սլաքով մը, մինչ տղամարդը ծնրադիր ճաշ կը պատրաստէ): Անգարայի «Թռչող աւել-18» փառատօնի դատական կազմը ներկայացուց իր հաւաքական հրաժարականը: Նշանակը ցոյց կու տայ Արուսեակ (Venus) մոլորակի խորհրդանիշը կախարդական աւելին վրայ: Կնոջական շարժումները խանդավառ չեն` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գաղափարաբանութեամբ:

Այսօրուան իրադարձութիւններու լոյսին տակ, պարզ է, թէ ինչո՛ւ թրքական իշխանութիւնները արգիլեցին քրտական ժապաւէնը: Ուսանելի հարցը ա՛յն է, թէ ինչու արտօնեցին  հայկակա՛նը: «Պապ Էլ Ալի»-ն ունի դարաւոր փորձ եւ զօրաւոր հոտառութիւն: Թրքական իշխանութիւնները ժապաւէնները ո՛չ միայն արտօնեցին, այլ նաեւ ֆինանսաւորեցին հայկական բներգով հարթակային – ոսկեծիրանեան ժապաւէնները:

3_8-11-1512-րդ փառատօնը «արդարացուց» իր հարցական նշանակը «12 – !?»: «Հարիւրամեայ ցաւ» վերնագիրը ինքնին անմեղ չէ: Այդտեղ կայ մեծ հարցական եւ բացագանչական: Յիշենք Էրտողանի ցաւակցական  ելոյթը: Ճիշդ է, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին թուրքերը եւս ունեցան ահաւոր կորուստներ: Բայց կարելի չէ ցաւի հասարակ յայտարարը ընդունիլ որպէս մեկնակէտ: Հայկական կողմը ջարդուած, կողոպտուած եւ հողազրկուած է:

Նախընտրելի է ժողովրդական իմաստութեան հետեւողութեամբ բառը փոխարինել «կաւ»-ով: Կաւի կոշտուկը, երբ թրջուի կը կակուղնայ եւ  կը տարածուի: Կաւը թրջել կը նշանակէ պինդ պահուած «գաղտնիք»-ը տարածել: Այս պարագային` տարածել թրքական հասարակութեան մէջ:

5_8-11-15Homo Politicus .- 2015,  25 վ. բեմագիր եւ բեմադրիչ` Հաճի Օրման:

Լէփսիուս.- Peter Von Strombeck, Էնվեր.- Սոնկիւլ Էօզպաքըր:

Ֆինանսաւորուած է մշակոյթի եւ զբօսաշրջիկութեան նախարարութեան, Շարժապատկերի ընդհանուր տնօրէնութեան, եւ Անատոլու «Քիւլթիւր» կազմակերպութեան կողմէ:

«Ակօս»-ի թղթակից Լորա Սարը (10 ապրիլ 2015) Էնվերը որակած է որպէս «Փոլիթիք հայվան», այսինքն` քաղաքական բնազդ ունեցող էակ: Վերնագիրը ոչ տառացի թարգմանութիւնը  որպէս «Քաղաքական կենդանին», աւելի ճշգրիտ է:

7_8-11-156_8-11-15Գերմանացի ժողովրդապետ (Pasteur) աստուածաբան եւ արեւելագէտ Եոհաննէս Լէփսիուս (1858-1926) 1915-ի օգոստոսին կը դիմէ պատերազմական նախարար Էնվեր փաշային, որպէսզի դադրեցնէ հայկական տեղահանութիւնները: Էնվերի պատասխանը նախատեսելի էր: Աստուածաբանը կը հեռանայ առերեւոյթ ձեռնունայն: Ժապաւէնը կը ներկայացնէ միջադէպ մը, պատկեր մը: Այդտեղ չկայ դիպաշար:

Լէփսիուս միամտօրէն կը հարցնէ` «Ինչո՞ւ»: Անձնապէս կը դժուարանամ հաւատալ, թէ պատասխանատու անձ մը, որ քաջատեղեակ է իրադարձութիւններէ, որ ականատեսը եղած է 1890-ական ջարդերուն, ունենայ այդքան տհաս մօտեցում: Հանդիպման մեկնաբանութիւնը պէտք է փնտռել այլուր: Բեմադրիչը կ’ըսէ, թէ ուզած է ցոյց տալ մարդասիրական  ուղղութեան անզօրութիւնը ազգայնական ուղղութեան դէմ յանդիման, թէ իր ժապաւէնը փոքր քայլ մըն է պատմութիւնը դիմագրաւելու ուղղութեամբ: Գուցէ Հաճի Օրման անկեղծ է:

4_8-11-15Գեղագիտական իմաստով ժապաւէնը տպաւորիչ է: Անհաւասար երկխօսութիւնը կը սկսի հրամանատարութեան կիսամութ նրբանցքներուն մէջ: Էնվեր նախ քիչ մը կը տատամսի (յոյժ անհաւաստի), թերեւս այցելութիւնը անակնկալ էր: Ապա աստուածաբանը կ’առաջնորդէ դէպի իր գրասենեակը (իմա` որջը): Պատուհանի (իմա` արտաքին աշխարհի) շողը անբաւարար է լուսաւորելու այդ մութ աշխարհը: Կողքի պատկերին մէջ երկու կողմերն ալ հեռացած են խորհրդանշական «լոյսէն»: Դուրսէն կը լսուին ռազմաշունչ ամբոխին գոռոցները: Էնվեր կիրթ է, բայց անզիջող: Ցոյց կու տայ փաստաթուղթեր, որոնք կը հաստատեն միսիոնարներու նիւթական գործառնութիւնները: Դիւանագիտական յստակ սպառնալիք:

Բեմադրիչը կ’ըսէ, թէ ի տարբերութիւն  արագ փրփող, պոռչտող Թալէաթի, Էնվեր փաշա պաղարիւն, խորամանկ եւ հաճոյախօս էր: Էնվեր հանդարտօրէն գլանիկ մը կը փաթթէ, մինչ Լէփսիուս կը պաղատի: Էնվերի ինքնավստահութիւն, որ կը ծագէր իր հիւանդագին մեծամոլութենէն: Էնվերի գրասենեակի պատէն կախ էին Նափոլէոն եւ Պիսմարք զօրավար-կայսրերու նկարները:

Խաղարկութիւնը արհեստավարժ է: Աւելի քան գոհացուցիչ: Նոյն տեսարանին մէջ յարաբերութիւնը հետզհետէ կը սրի, բայց երկու կողմերը կը մնան զուսպ: Հաճի Օրման կ’ըսէ, թէ ջանացած է հարազատ մնալ պատմութեան: Այսուհանդերձ գրասենեակի մթութիւնը ծածկած է նաեւ Նափոլէոնին նկարը: Սթրոմպեք իր արտաքինով բաւական մօտ, բայց նուազ տպաւորիչ է, քան պատմական Լէփսիուս: Էօզպաքըր, սակայն, ոչ մէկ նմանութիւն ունի պատմական Էնվերի: Շատ աւելի բարձրահասակ, առնական եւ տպաւորիչ է: Մանրակազմ, բայց սինքլոր Էնվեր մը աւելի դիպուկ պիտի ըլլար խորհրդանշական իմաստով: Էնվեր կը հագնէր բարձրակրունկ կօշիկներ (օժտուած խթաններով) եւ կը կրէր փափախ, երկարելու համար իր հասակը:

8_8-11-15

9_8-11-15Հաճի Օրման ծնած է 1972-ին Էլպիստան (Վանի մօտ): Համալսարանական ուսումը չէ աւարտած: Հեղինակն է «Արարատի եւ Սըրաթի միջեւ թուրքեր եւ հայեր»  (2004) (Ararat ile Sirat Arasinda Türkler ve Ermeniler)(1): Ինչպէս նաեւ «Տարագրութեան երգեր, Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշողութեան մէջ» (Tehcir Türküleri, Anilarda Ermeni Soykirimi  2005, 107 էջ): Ծանօթ քիւրտ մտաւորական  Ռակըպ Զարաքօլուի հետ խմբագրած է Ցեղասպանութեան վերաբերող նիւթեր:

11_8-11-15

10_8-11-15«Լռութեան Ժառանգութիւնը».- Ֆրանսա 2015,  52 վ. բեմագիր-բեմադրիչներ Guilaume Clere, Anna Benjamin: Վերնագիրը (Սէսսիզլիին Միրասը) թերեւս աւելի ճիշդ կ’ըլլայ թարգմանել որպէս «Ձայնազրկման աւանդը»: Օտար լեզուներով թարգմանուած է որպէս «Legacy» կամ «Héritage»: Ժապաւէնը ձեռք կ’առնէ այլեւս առօրեայ խօսակցութեան նիւթ դարձած իսլամացած հայերու հարցը: Այո՛, այս գործը եւս ներշնչուած է Ֆեթհիէ Չեթինի «Մեծ մայրս» կամ «Մօրս մայրը» (Աննէաննէմ 2004) գիրքէն:  Ֆինանսաւորուած է հանգանակութեան արշաւով մը: Ունի իր փոխազդեցիկ (interactive) դիմատետրը (héritage du silence):

Բեմադրիչ Աննա Պենժամինի մօր հայրը (Իզմիթի շրջանէն) տարագրութեան թոհուբոհի մէջ կորսուած է: Հասակ նետած է որբանոցներու մէջ: Մեծ մայրը ծնած է գաղթի ճամբուն վրայ: Զոյգը որոշած է մոռնալ իր հոգեկան խոցը: Իմա` հայկական ծագումը:

Կիյոմ Քլէրի մեծ հայրը մասնակցած է Ալճերիոյ պատերազմին: Ան իր կարգին որոշած է մոռնալ անցեալի հոգեկան խոցը: Կիյոմ ապրած է Լիբանանի, Փորթուգալի, Սինկափուրի եւ Մեքսիքոյի մէջ: Այսինքն անձնական գետնի վրայ ունի պատկանելութեան, ինքնութեան հարց: Քլէր կ’ըսէ, թէ ժապաւէնը Թուրքիոյ մէջ քիւրտ կամ հայ ըլլալու մասին է: Թէ ինչպէ՞ս կարելի է ինքնութիւնը ամբողջ դար մը ծածուկ պահել: Թէ ի՞նչ կը զգայ երեխան, երբ իր դասագիրքը կ’ըսէ, թէ ինք դաւաճանի ծնունդ է: Քլէր կը շեշտէ, որ (ուշադրութի՛ւն) ժապաւէնը «ցեղասպանութեան ճանաչումի, հատուցումի եւ հողային պահանջի մասին չէ՛»:

12_8-11-1513_8-11-15Համշէնցի երաժիշտ Եաշար Քուրթ, տիգրանակերտցի Արմէն, պոլսեցի Նազլը եւ Տողուքան, իսլամացած հայերու ժառանգորդներն են: Անոնք կը վերադառնան քրիստոնէութեան, կը սկսին սորվիլ հայերէն եւ կը փորձեն բացայայտել իրենց ինքնութիւնը: Ժապաւէնը ցոյց կու տայ անոնց հոգեկան հարցերը:

«Ակօս»-ի թղթակից Նազլը Պէյլէրեանի տուած տեսակցութեան ընթացքին (23 մարտ 2015) Պենճամին կ’ըսէ, թէ իսլամացած հայերու հասարակաց յատկութիւնը այն է, որ ծարաւ են խօսելու, թէ անոնք յաղթահարած են վախը:  Արմէն կը յայտնէ, թէ Սեւակ Պալըքճիի սպանութիւնը զիրենք չէ ընկճած: Կը մէջբերէ ժողովրդական առածը.- «Վախը մահէն չի փրկեր»:

Քաղաքական.-  Երկու ժապաւէնները ոչ մէկ ձեւով կը մտահոգեն թրքական իշխանութիւնները:

14_8-11-15Նախ այն, որ Քեմալական իշխանութիւնը Էնվեր փաշան 1919-ի յունիսին զրկած էր իր զինուորական աստիճաններէն եւ մահուան դատապարտած` որպէս պատերազմական ոճրագործ: Էնվերի արկածախնդրութիւնները անհարկի կորուստներ պատճառած էին բանակին: Ներկայ իսլամամէտ կուսակցութիւնը ո՛չ մէկ համակրանք կը տածէ ազգայնական տիպարներու հանդէպ: Միով բանիւ Էնվերի համեմատաբար անշուք գերեզմանը ունի սակաւաթիւ այցելուներ (2):

Աւելի կարեւոր կէտն այն է, որ Լէփսիուս կը խնդրէր դադրեցնել տեղահանութիւնը: Այդտեղ ոչ մէկ ակնարկ կայ սպանդի: Թրքական պետութիւնը երբեք չէ փորձած ուրանալ տեղահանութիւնը: Այդ անմտութիւն պիտի ըլլար: Թրքական դրոյթը այն էր, որ այդ ժամանակաւոր միջոցառում էր,  ժողովուրդը հեռացնելու համար վտանգաւոր շրջաններէն: Homo Politicus ոչ մէկ «մութ գաղտնիք» կը բացայայտէ:

Կրօնափոխութեան հարցի նկատմամբ Թուրքիոյ օրէնսդրութիւնը տակաւին աշխարհական է (լայիք): Արմատական իսլամը խստօրէն կ’արգիլէ այդ: Ուխտադրուժներ (մուրթէտ) կը գլխատուին: Ներկայ իշխանութիւնը վստահաբար չի քաջալերեր դարձը դէպի քրիստոնէութիւն: Միեւնոյն ժամանակ վստահաբար տեղեակ է, որ գաղտնի հայերու մեծամասնութիւնը ինքզինք կը համարէ բարեպաշտ իսլամ: Անհաւանական կը նկատէ, որ բուռ մը Արմէններ պատճառեն կրօնափոխական աւալանշ (ձիւնահոսք): Ժապաւէնը արտօնել քարոզչական նպաստաւոր քայլ է:

Հետաքրքրական է նկատել, որ Homo Politicus ֆինանսաւորուած էր թրքական պետութեան կողմէ, մինչ «Լռութեան ժառանգութիւնը» պարտաւորուած էր դիմել հանգանակութեան:

Այժմ կը խնդրեմ, որ բացատրէք, թէ ինչու թրքական պետութեան կողմէ ֆինանսաւորուած ժապաւէն մը տեղ գտած է «Ոսկէ ծիրան»-ի ծրագիրին մէջ:

———————-

1.- Սըրաթ գագաթ մըն է Ս. Ծովու ափին: Թուրքիոյ ժամանակային շրջանը ճշդուած է ըստ ատկէ  անցնող միջօրէին: Թրքական Greenwich-ն է: Այս իմաստով կը թուի  ըլլալ խորհրդանիշ:

2.- Էնվեր 4 օգ. 1922-ին Տաճկաստանի մէջ սպաննուած է Յակոբ Մելքոնեանի ղեկավարած ջոկատին կողմէ: Մարմինը Թուրքիա բերուած է 1996-ին, Տեմիրէլի օրով:

Նախորդը

Ազնաւուր Անգամ Մը Եւս Կրցաւ Նուաճել Լիբանանեան Բեմահարթակը…

Յաջորդը

Երբ Թուրքերը Անատոլու Եկան, Հոն Յոյներ, Հայեր Ու Ասորիներ Կային. «Քիւրտերը Աւելի Վերջ Եկան` Թուրքերուն Հետեւելով»

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?