Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրիգոր Օտեան (1834-1887). Ազգային Զարթօնքի Սերունդին Հեղինակաւոր Դէմքը

Օգոստոս 11, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

grigor-odyan-5-8-2015«Մարդս, որ աշխարհիս մէջ կը թաւալի ու կեանքի պատերազմը կը մղէ, պիտի տեսնէ պայծառ ու զուարթ օրեր, այլեւ շատ անգամ` անձրեւոտ օրեր. հողմ ու փոթորիկ պիտի փչեն ու կայծակ պիտի գոռայ, ու սլաքներ ու ռումբեր պիտի գոռան չորս կողմը, եւ երբեմն ալ պիտի հարուածեն զինքը:

«Ա՛յս է բաժինը ամէն մարդու, որ կ’ապրի: Կեանքը պատերազմ մըն է թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս: Այն մարդը որ միշտ լսած է իր ներսիդին Աստուծոյ ձայնը` եւ այն ձայնին միշտ հնազանդած, ան կը վայելէ ներքին երանութիւն մը, որուն չեն հասնիր ու չեն ազդեր փոթորիկներն ու սլաքները. ան կը վայելէ խղճմտանքի զուարթութիւնը զոր ոչ ոք կրնայ կապտել իրմէ:

«Մարդս այնքա՜ն վտանգներով շրջապատուած է, այնքա՜ն թշնամիներ ունի եւ իր ամէնէն մեծ թշնամին ի՛նք է, իր տկարութիւնները` իր մոլութիւններն են: Իյնալէն ետք նորէն ո՞վ պիտի կանգնէ զինքը, եթէ ոչ աղօթքը»…

Այսպիսի՛ խոհականութեամբ, իմաստութեամբ եւ հաւատքով իր կեանքը արժեւորեց հայ ժողովուրդի Ազգային զարթօնքի սերունդին ամէնէն հեղինակաւոր դէմքերէն Գրիգոր Օտեան, որ 5 օգոստոսին, 128 տարի առաջ, Փարիզի մէջ վտարանդի կեանքի

դատապարտուած, 53 տարեկանին առյաւէտ հեռացաւ մեր աշխարհէն:

Օտեաններու հռչակաւոր տոհմէն սերած էր Գրիգոր. ծնած էր Պոլիս, 1834-ին. զաւակն էր Պօղոս Օտեանի, որուն հիմնած դպրոցին մէջ ալ ստացաւ իր նախնական կրթութիւնը:

Բարձրագոյն ուսումը ստացաւ Փարիզ, որ 1840-ականներու վերջերուն դարձեալ կ’ապրէր յեղափոխական բուռն վերիվայրումներու մէջ: Ազատական եւ ընկերվարական հոսանքներու մակընթացութեան ժամանակներն էին` -Մարքսը կը հրապարակէր իր «Կոմունիստական Մանիֆեստ»-ը, իսկ Ֆրանսայի մէջ ազատականները կը հասնէին իշխանութեան` ժողովրդավարական բարեկարգումները իրենց գաղափարական հունով յառաջ մղելու համար:

Գրիգոր Օտեանի քաղաքական եւ գաղափարական կազմաւորումը հունաւորուեցաւ 1848-ին Եւրոպան ցնցած ժողովրդավարական բարեկարգութեանց ու ազատական մտածողութեան ուղիով: Գրողի, հասարակական գործիչի եւ քաղաքական մարդու հարուստ պաշարով զինուած` 1851-ին ան վերադարձաւ Պոլիս եւ անմիջապէս նետուեցաւ արեւմտահայոց ազգային զարթօնքի բուռն շարժումին մէջ:

Իր գաղափարներն ու համոզումները տարածելու համար դարձաւ կանոնաւոր աշխատակիցը Յարութիւն Սվաճեանի «Մեղու» թերթին, որ այդ շրջանին կը հանդիսանար յանուն աշխարհաբարի մղուող պայքարին գլխաւոր բեմերէն մէկը: Գրիգոր Օտեան զգալի ազդեցութիւն ունեցաւ ընդհանրապէս «Մեղու»-ի եւ որոշապէս Յ. Սվաճեանի գաղափարական ուղղութեան վրայ: Արեւմտահայ ազատական մտածողութեան մշակման, տարածման ու զարգացման մէջ մեծ ներդրում ունեցան Օտեան եւ Սվաճեան, որոնք 1860-ականներու սկզբնաւորութեան` Ազգային Սահմանադրութեան պատրաստութեան եւ հաստատման թէժ պայքարներու շրջանին, իրարմէ որոշակի հեռաւորութիւն առին` գաղափարական իրենց մօտեցումներուն մէջ հետզհետէ շեշտուած տարակարծութեանց հետեւանքով:

Գրիգոր Օտեան արմատական յեղաշրջումներու մարդը չէր, մինչ Սվաճեան կողմնակից էր ժողովրդային խաւերու իշխանութեան ամրապնդումը մինչեւ վերջ տանելու մտածողութեան:

Նաեւ շնորհալի հռետոր էր Օտեան, որ իր հրապարակային ելոյթներով ու մշակուած ատենախօսութիւններով առաջացուց համախոհներու եւ հետեւորդներու ազդեցիկ շարժում: Յատկապէս մշակութային կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ մեծակշիռ եղաւ Օտեանի ներդրումը, որ հետեւողականօրէն յառաջապահ դիրքերու վրայ կանգնեցաւ` յանուն հայոց լեզուի բիւրեղացման, աշխարհաբարի յղկման եւ ընդհանրապէս արեւմտահայոց մշակութային զարգացման:

Գրիգոր Օտեանի հեղինակութիւնը չսահմանափակուեցաւ միայն հայ իրականութեամբ: Օսմանեան կայսրութեան լայն ընդգրկումով եւս Օտեան աշխուժ եւ ազդեցիկ մասնակցութիւն բերաւ եւրոպական արժէքներով ու գաղափարներով յառաջ եկած եւ ժողովրդավարական-ազատական շարժում ծաւալած թուրք քաղաքական-պետական գործիչներու պայքարին: Իբրեւ այդպիսին` 1875-1876 թուականներուն, Գրիգոր Օտեան աջ բազուկը դարձաւ Օսմանեան կայսրութիւնը բարեկարգչական-սահմանադրական կարգերով օժտելու դրօշը պարզած Միտհաթ փաշայի` ճարտարապետի դեր ստանձնելով 1876-ի հռչակաւոր Թանզիմաթի (Սահմանադրութեան) մշակման մէջ:

Նոյն տարիներուն, երբ ռուս-թրքական պատերազմի աւարտին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւնը կը պատրաստուէր Պերլինի վեհաժողովին ներկայացնելու Օսմանեան կայսրութեան հայերուն ազգային-քաղաքական պահանջները, Գրիգոր Օտեան եղաւ հայկական բարենորոգումներու իր սեփական պատկերացումը մշակող հեղինակութիւններէն մէկը: Այդպէ՛ս գրուեցաւ «Ծրագիր կազմակերպական կանոնագրի Օսմանեան Հայաստանի» խորագիրով իր առաջարկած բարեկարգութեանց նախագիծը:

Գրիգոր Օտեանի ազգային-հասարակական եւ քաղաքական-պետական գործունէութիւնը ծանր հարուած ստացաւ 1880-ին, երբ սուլթան Ապտիւլ Համիտ առկախեց Միտհաթեան սահմանադրութիւնը եւ կատաղի հալածանք սկսաւ բարեկարգչական շարժման պարագլուխներուն դէմ: Օտեան իր կարգին հեռացուեցաւ Օսմանեան կայսրութենէն եւ դատապարտուեցաւ վտարանդի կեանքի` Փարիզի մէջ:

Գրիգոր Օտեանի տարողութեամբ գործիչը բնականաբար վար չդրաւ իր զէնքերը: Փարիզէն շարունակեց իր պայքարը յանուն թէ՛ օսմանեան ընդհանուր բարեկարգումին, թէ՛ արեւմտահայոց ազգային-քաղաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան: Եւ երբ 1885-ին հիմնուեցաւ Արմենական կուսակցութիւնը, Գրիգոր Օտեան անվարան իր աջակցութիւնը ցուցաբերեց Մկրտիչ Փորթուկալեանին` Արմենականներու հիմնադիր խորհուրդին մաս կազմելով:

Բայց 1887-ին վաղաժամ ընդհատուեցաւ կեանքի թելը արժանաւոր եւ հեղինակաւոր այս մեծանուն հայուն: Գրիգոր Օտեան աչքերը փակեց Փարիզի մէջ եւ թաղուեցաւ Փեր Լաշէզ:

Յետ մահու հրատարակուեցան Գրիգոր Օտեանի «Սահմանադրական խօսքեր ու ճառեր» (1910-ին) եւ «Գրիգոր Օտեանի գոհարները» (1931-ին, երկու հատոր) գործերը:

Ազգային զարթօնքի սերունդին այս մեծարժէք պատգամաբերին նուիրուած ոգեկոչումի այս էջը կ’արժէ եզրափակել անոր հետեւեալ խոստովանութեամբ.-

«… Ազգը առաջին բառն էր, զոր արտասանեցին Պալեան եւ Ռուսինեան, երբ միացան տողերս գրողին հետ: Այդ օրերուն` Ազգը վարչութեան պէս բան մը ունէր, լեզուի պէս բան մը, ու դպրոցի պէս բան մը: Սոքա ձեռն արկին կերպարանել այս երեք բաներն, որ երեք էական պայմաններն են ազգային յառաջադիմութեան:

Այս ձեռնարկութենէն ծնած Սահմանադրութիւնը, Ուղղախօսութիւնը եւ 1854-ի Ուսումնական խորհուրդը, աւելի երկունք, տքնութիւն եւ զոհողութիւն պատճառած են հեղինակաց, քան (1863-ի) Սահմանադրութիւնը…:

Երբ այնքան տարիներէ ետք մտքովս կը յածիմ այն ժամանակներուն մէջ, ուր լաւ պատերազմը պատերազմեցանք,… երբ աչքիս առջեւ կը բերեմ այնքան խոչընդոտները, այնքան սպառնալիքները, այնքան ահ ու դողը, կը պատէ զիս ու կ՛ըսեմ.- Ի՛նչ վեհ է երիտասարդութիւնը»:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (11 Օգոստոս 1965)

Յաջորդը

Ազնաւուր Անգամ Մը Եւս Կրցաւ Նուաճել Լիբանանեան Բեմահարթակը…

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?