Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ես` Մորոյեան

Օգոստոս 5, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Կիրակնօրեայ Ս. պատարագի աւարտին, քովի պզտիկ սրահը սուրճի հրամեցէք` ըսին:

Սուրճի պզտիկ սրահ ունենալը առաւելութիւն եւ մեծ բախտաւորութիւն է, քանզի եկեղեցի եկողները հոն իրարու ծանօթանալու եւ  քանի մը խօսք փոխանակելու առիթ կ՛ունենան:

Սրահ մուտքիս ան հարցուց.

– Ինչպէ՞ս էք:

– Ձեր անունը ի՞նչ է:

– Ես` Մորոյեան…

Ուրախացայ, որ վերջապէս ան կրնար Հալէպի ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի աստղերէն Կարօ Պորոյեանը ըլլալ:

– Պորոյեա՞ն:

– Ո՛չ, Մորոյեան:

–  Մորոյեան անունով ընկեր մը ունէի Անթիլիասի դպրեվանքը, որ զուարթ երեկոներուն կը զուարճացնէր մեզ իր կատակախօսութիւններով… ան հիմա Քալիֆորնիա կ՛ապրի:

– Որտեղացի՞ է…

– Հալէպցի, պէյրութցի, տիգրանակերտցի է:

– Ես` Սեբաստացի:

–  Շատո՞նց է, որ հոս կ՛ապրիք:

–  Քսան տարի:

– Լա՞ւ էք: Հոս կը սիրէ՞ք:

– Ո՛չ, լաւ չե՛մ: Ասոնց կը հարցնեմ` ինչպէ՞ս էք, կ’ըսեն «լաւ ենք», բայց լաւ չեն, սուտ կը խօսին. լաւ չեն, բայց կ’ըսեն` «լաւ են»:

– Եթէ «լաւ չենք» ըսեն, ի՞նչ կը փոխուի: Աւելի լաւ չէ՞, որ «լաւ ենք» ըսեն. եթէ «լաւ չենք» ըսեն, դուք կրնա՞ք բան մը ընել, որ լաւ ըլլան:

– Ո՛չ, բան մը չեմ կրնար ընել, բայց ինչո՞ւ սուտ կը խօսին… եկեղեցի կու գան եւ պէտք չէ՛, որ սուտ խօսին:

Արդեօք ինչու Մորոյեանը կը կարծէ, թէ այստեղի հայերը բոլորը իրեն պէս լաւ չեն եւ սուտ կը խօսին, երբ կ՛ըսեն, թէ լաւ են: Երանի բոլոր մարդիկը լաւ ըլլային. չէ՞ որ բոլորը լաւ, առողջ ու երջանիկ ըլլալ կը ցանկան: Հայրենակիցս ինչո՞ւ համոզուած է, որ հոս ապրող հայերը լաւ չեն: Գուցէ իր առանձնութեան պատճառով ինքզինք դժբախտ կը զգայ, երբ յիշէ անցեալին Սեբաստիոյ մէջ ապրած իր աւելի ուրախ օրերը: Այս քաղաքին մէջ սրտակից ընկեր չունի՞, եւ տարբեր վայրերէ հոս հաստատուած հայերը իրեն հետ բաժնելիք բան մը չունի՞ն իր անցեալէն… Շատերուն խօսած լեզուն հայերէն չէ հոս. ասոնք օտարի պէս են իրեն համար: Հոս գեղեցիկ է, արեւ, ծով ու լեռներ կան, բայց չի բաւեր: Զինք եկեղեցի բերողը հայութիւնն ու իր հաւատքն է: Քիչ ետքը ասոնք բոլորը` իրենց տուները պիտի երթան ու շաբթուան ընթաքին իրենց գործերուն ետեւէն պիտի վազեն, եւ ինքը մինակ պիտի մնայ նորէն: Մորոյեան կը կարծէ, թէ հոս ապրող հայերը լաւ չեն, քանի որ իրենք ալ եկեր են աւելի սիրուն երազներով եւ իրենց ետեւը ձգեր են իրենց անցեալին ոչ անպայման նախանձելի կեանքը, բայց բոլոր իր ծանօթները, ունեցած չունեցածը հոն է: Հարազատները, ընկերները, դրացիները, բարեկամներն ու թշնամիները, տունը, դպրոցը, գործը, ակումբը հոն են, եւ հիմա ամէն բան աւելի անուշցած ու գեղեցկացած է այստեղ իր յիշողութեան, մտքին ու աչքին:

Նման խորհրդածութիւններով ցերեկը գիշեր կրնանք ընել, բայց աւելի լաւ է, որ հոս ալ դադար մը առնենք կրկին վերադառնալու համար մեր թանկագին հայրենակիցներուն` մորոյեաններուն եւ մեսրոպեաններուն խրթին զգացումներուն եւ մտորումներուն:

– Ես` Մորոյեան…

Նիս, 24 յուլիս 2015

Նախորդը

Գլխապտոյտ (ԳԴՆ Գլխապտոյտ) Paroxysmal Position Vertigo (PPV)

Յաջորդը

Սիիրդի (Սղերդի) Հայերը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?