Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Հետ Գործակցութեան Արգիլման Հարցին Գծով. Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի Համանախագահները Ընդունուած Են Քէ Տ՛Օրսէի Կողմէ

Օգոստոս 4, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան
Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան

«Նոր Յառաջ» կը հաղորդէ, որ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի պատուիրակութիւն մը` բաղկացած իր երկու համանախագահներ Մուրատ Փափազեանէն եւ Արա Թորանեանէն, երեքշաբթի, 28 յուլիսին ընդունուած է Քէ տ՛Օրսէ` արտաքին գործոց նախարարութիւն: Անոնք իրենց ցասումը յայտնած են Լորան Ֆապիւսին եւ Պեռնար Քազնէօվի կողմէ ստորագրուած այն շրջաբերականին կապակցութեամբ, որ կը նախատեսէ «ֆրանսական տեղական հաւաքականութիւններուն արգիլել գործակցութեան որեւէ համաձայնագիր կնքել ֆրանսական կառավարութեան կողմէ չճանչցուած միաւորներու, ինչպէս` Լեռնային Ղարաբաղի հետ»:

Հայկական պատուիրակութիւնը, որ ընդունուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան ԱՊՀ-ի, ապահովութեան եւ ռազմավարական հարցերու խորհրդականին կողմէ, յիշեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի կացութիւնը եւ անոր` ռազմատենչ Ազրպէյճանի կողմէ ենթարկուած կղզիացումէն դուրս գալու իրաւունքը` պահանջելով, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը ընդգրկուի ապակեդրոնացեալ գործակցութեան շրջանակին մէջ եւ տեղեկութիւն տրուի օրէնսդրական այն շրջանցումներուն մասին, որոնք կարելի կը դարձնեն Լեռնային Ղարաբաղի համայնքներուն գործակցութիւնը` Ֆրանսայի տարածքային հաւաքականութիւններուն հետ:

Իրենց խօսակիցը` Կիյոմ Օլանիէ, դիտել տուած է, որ այս շրջաբերականին նպատակն է նահանգապետներուն յիշեցնել ապակեդրոնացեալ գործակցութեան օրէնսդրական շրջանակը եւ նշել տեղական ընտրեալներուն, որ կարելի չէ Ֆրանսայի կողմէ չճանչցուած հողատարածքները օրինապէս ճանչնալ իբրեւ անկախ պետութեան մը պատկանող տարածքներ: «Բայց ատիկա չի նշանակեր, թէ կարելի չէ յարաբերութիւններ հաստատել եւ զանոնք զարգացնել», ըսած է ան: Օլանիէ յանձնառու եղած է ներքին գործոց նախարարին հետ տեսակցելով` «հարցը յստակացնելու եւ նախկին շրջաբերականին որեւէ սխալ մեկնաբանութեան առաջքը առնելու:

 

Նախորդը

Օպամա Արտօնած Է Օդուժին` Սուրիական Ընդդիմութեան Աջակցիլը

Յաջորդը

Ըստ Թուրք Երեսփոխանի Մը. «Թուրքիոյ Մէջ ՀՅԴ-ի Առաքելութիւնը Շարունակողներ Կան»

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?