Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բեղմնաւոր Որոնումներ…

Օգոստոս 3, 2015
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Կապ, 26x10սմ, պրոնզ
Կապ, 26×10սմ, պրոնզ
Մարդը վզնոցով, 65x21x15սմ., պրոնզ
Մարդը վզնոցով, 65x21x15սմ., պրոնզ

Ժամանակին խորհրդային մանկավարժ փիլիսոփաներէն շատեր կը հաւատային, թէ` «Մանուկը սպիտակ թուղթ է», եւ դաստիարակութեամբ կարելի է տալ անոր որեւէ մասնագիտութիւն եւ «արտադրել» տարբեր տեսակի գիտնականներ ու արուեստագէտներ: Սակայն խորհրդային մասնագիտական փորձը ցոյց տուաւ, թէ (յատկապէս արուեստի պարագային) այս տեսութիւնը խոտոր կը համեմատի գործնական կեանքի հետ: Ճիշդ է, որ դաստիարակութիւնը, միջավայրն ու ուսումը իրենց շինիչ ու կենսական դերն ու նշանակութիւնը ունին ստեղծագործական գործընթացի հետ, սակայն առանց ի վերուստ օժտուածութեան` ապարդիւն պիտի մնային մանկավարժական վարժանքներն ու աշխատանքները:

Գրեթէ նոյն տրամաբանութեամբ Փապլօ Փիքասօ հետեւեալ հաստատումը կ՛ընէ. «Բոլոր երեխաները արուեստագէտներ են, խնդիրը այն է` ինչպէ՞ս պիտի մնան արուեստագէտ»: Ան անուղղակիօրէն կը մեկնաբանէր խորհրդայիններու կարծիքը, որ ինքն իր հանճարեղ կերպարուեստագէտի կերպարովն իսկ գործնապէս կը հակասէր իր որդեգրած տեսութեան: Ինք եթէ արտակարգ ծնունդ մը չըլլար, պիտի կարողանա՞ր մատի վրայ հաշւուող հանճարներու շարքին դասուիլ:

Թէեւ ժառանգականութեան եւ միջավայրի բանավէճը տակաւին աւարտած չի թուիր ըլլալ, այնուամենայնիւ, սակայն, գիտնականներու մեծամասնութիւնը հակամէտ է հաւատալու, որ առանց մէկուն` միւսը կ՛արժեզրկուի: Առողջ ժառանգականութեան եւ առողջ միջավայրի պարագային է միայն, որ աշխատանքը կ՛իմաստաւորուի, կ՛արդիւնաւորուի, եւ արուեստագէտը կ՛արձանագրէ նոր նուաճումներ:

Եթէ մանուկը ծնած է արուեստագէտ, ապա ան բնազդաբար կը փորձէ ստեղծագործել: Քիչ չէ թիւը այն արուեստագէտներուն, որոնց ծնողները փորձած են շեղել զանոնք իրենց ստեղծագործական ճանապարհէն եւ տուած անոնց` իրենց արուեստագէտի խառնուածքին ոչ յարիր ուսում: Սակայն անոնցմէ առաւել օժտուածները յամառօրէն հետեւած են իրենց ներքին ձայնին ու` նուիրուած արուեստին: Վան Կոկի եւ Փոլ Սեզանի օրինակները բաւականին խօսուն են այս պարագային: Հայ արուեստի պատմութիւնը եւս տուած է բազմաթիւ օրինակներ, սակայն յիշենք անոնք, որոնք անձնապէս  ճանչցած ենք եւ արդէն իսկ կայացած արուեստագէտներ են, ինչպէս` Արտաշէս Յունանեան, Ժան Գազանճեան կամ Թորոս տէր Յակոբեան: Այս շարքին կարելի է դասել նաեւ քանատահայ կերպարուեստագէտ բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանը: Ան ծնած է Սուրիա, փոքր տարիքին շրջան մը յաճախած է Հալէպի Սարեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանը: 1982-ին կը հաստատուի Մոնրէալ, ուր կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ ցայսօր: Պարագաներու բերումով  երկար ատեն  առիթ չ՛ունենար ստեղծագործելու,  սակայն բախտորոշ օր մը վրձինը ձեռքը կ՛առնէ ու կը սկսի երփնագրել: Կարճ ժամանակ մը ետք` նաեւ քանդակել:

Երուանդ-Պաստրմաճեանի-Դիմաքանդակը,-49-x-38-x-43սմ,-պրոնզ
Երուանդ-Պաստրմաճեանի-Դիմաքանդակը,-49-x-38-x-43սմ,-պրոնզ

Ան սկզբնական շրջանին քանի մը խորհրդանշական յղացքներ իրագործելէ ետք, կը փորձէ դիմաքանդակի ժանրը եւ կը յաջողի: Ինչպէս դիմանկարը գեղանկարիչին այնպէս ալ դիմաքանդակը գեղանկարիչին փորձաքարն է: Տարագճեան ունի հոյլ մը հետաքրքրական դիմաքանդակներ, որոնք իրաւունք կու տան մեզի իրմէ ակնկալելու աւելի խոր ու բնորդին խառնուածքին յարիր կերպարներու իրագործումն ու կերտումը, ինչպէս` իր կողակիցին եւ երկու դուստրերուն, Ուիլիըմ Սարոյեանին, Երուանդ Պաստրմաճեանին, Կոմիտասի, Եղիշէ Չարենցի եւ այլ դիմաքանդակներ: Այս բոլորէն վեր, սակայն, առաւել յատկանշական են խոհափիլիսոփայական լիցք ունեցող համադրական անոր  յղացքները, որոնցմէ ոմանք լուրջ վերլուծման եւ մեկնաբանման կը կարօտին, ինչպէս` Եղեռնի հարիւրամեակին նուիրուած յուշարձանի մանրակերտը, «Ոսկեղէն խնձորներ», «Կապ», «Խոզակ», «Աստիճանը», եւ այլն: Ունի գործերու այլ շարք մը, որոնց պարագային իր մասնագիտութեան բերումով ձեռք բերած մարդակազմական գիտելիքները շինիչ դեր կատարած են, ու ան կրցած է կերտել ճկուն ու նուրբ մարմիններ` առանց խաթարելու անոնց գեղեցկութիւնն ու գրաւչութիւնը, ինչպէս` «Թանկօ», «Վենիւս», «Ծովանուշ», «Նստած կինը» եւ այլն:

Անցնող դարու վերջաւորութեան, երբ Ռոտեն կերտեց իր գլուխ գործոցներէն երկուքը` անգլուխ «Քայլող մարդը» եւ առանց ձեռքերու «Պալզաք»-ը, ան ապացուցեց, որ մարդկային կերպարներ կերտելու պարագային, ոչ միայն անհրաժեշտ չեն մարդու մարմնի բոլոր մասերը, այլեւ երբեմն անոնք նոյնիսկ կը խանգարեն: Թէեւ տատայականները  ծայրայեղութեան գացին, սակայն անոնցմէ ծնած գերիրապաշտներէն շատեր լաւապէս օգտուեցան այս տեսութենէն, ինչպէս` Արշիլ Կորքի-Ատոյեանը, կամ Հենրի Մուրը: Այսօր ժամանակակից քանդակագործութիւնը ողողուած է նմանատիպ ստեղծագործութիւններով, որոնցմէ բոլորը չեն, որ կրցած են յաջողիլ ու կերտել իւրայատուկ ստեղծագործութիւններ: Տարագճեան եւս ունի նմանօրինակ քանդակներ, որոնք կը զատորոշուին միւսներէն, որովհետեւ ան գիտէ պահել միայն անհրաժեշտը` ձերբազատելով աւելորդաբանութենէ, ինչպէս` «Մարդը վզնոցով», «Ի՞նչ նորութիւն», «Սոնաթա» եւ այլն:

Տարագճեան ինքնուս է, այո՛, սակայն անուս չէ: Ան իր յարատեւ որոնումներուն եւ աշխատանքին շնորհիւ` կրցած է ձեռք բերել քանդակելու անհրաժեշտ գիտելիքներ, որոնց մէջ իր կենսական դերը կատարած է նաեւ իր երկարամեայ մտերմութիւնը Արթօ Չաքմաքճեանի նման մեծ ու տաղանդաւոր արուեստագէտի մը հետ:

 

 

 

Նախորդը

Գեղեցիկ Տողերու Պարտէզին Մէջ. Յոգնած Եմ, Յոգնած

Յաջորդը

Համբիկ Ճապուրեանի Քաղցրահնչիւն Քլարինեթը

RelatedPosts

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը
Արուեստ - Մշակոյթ

Այնճարում Հայակերտ Արուեստի Ցուցասրահը

Յուլիս 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Բ. Կատարում Եւ Մեկնաբանութիւն

Յունիս 17, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Ա.

Յունիս 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?