Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համբիկ Ճապուրեանի Քաղցրահնչիւն Քլարինեթը

Օգոստոս 3, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ք. ՏՐԴԱՏԵԱՆ-ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Տուտուկահար Համբիկ Ճապուրեան ելոյթի պահուն
Տուտուկահար Համբիկ Ճապուրեան ելոյթի պահուն

Համեմատաբար ուշ կազմակերպուած համայնք է քանատահայ գաղութը,  սակայն կարճ ժամանակամիջոցի մէջ քանատահայութիւնը տուաւ բազմաթիւ համաքանատական արժէք ներկայացնող արուեստագէտներ, որոնց շարքին նաեւ` երաժիշտներ, ինչպէս` Իզապէլ Պայրագտարեան, Փիթըր Ունճեան, Սերգէյ Խաչատրեան, Սէրուժ Գրաճեան, Պետիկ Շուժունեան, Լեւոն Իշխանեան եւ այլն: Արդարօրէն այս շարքին կարելի է դասել նաեւ քլարինեթի վարպետ եւ տուտուկահար Համբիկ Ճապուրեանը, որուն մասին որոշ յապաւումներով ստորեւ կը ներկայացնենք  թղթակցութիւն մը` քաղուած քանատահայ մամուլէն:

Այսքան խնամուած յայտագիր, երաժշտօրէն օղակաւորուած հայկական փնջիկներ, նորաձեւ վերամշակումներ, բոլորը ունենալով նոյն ակն ու աղբիւրը, եւ մանաւանդ հիանալի կատարողութեամբ, Համբիկ Ճապուրեան խանդավառեց մեր համայնքը «Արամ Խաչատուրեան» սրահին մէջ, 24 մայիս 2015-ին:

Տարիներ առաջ ճանչցանք զինք Մքկիլ համալսարանի վերջին կարգի ուսանողներու հանդիսութեան, ուր Համբիկ նուագեց Վեպերի քլարինեթի քոնչերթոն: Ներկաները, մեծամասնութեամբ` անգլիախօս քանատացի, միահամուռ ոտնկայս ծափահարեցին: Յստակ էր, որ Համբիկ կրնար օտար շրջանակներու մէջ բարձրանալ: Սակայն ան նախընտրեց իր գործիքային տաղանդը նուիրել հայկական երաժշտութեան:

Ըսինք` նորաձեւ մշակումներ: Արդարեւ, Համբիկ Երեւան իր բազմաթիւ այցելութիւններուն ընթացքին կը հաւաքէ Երեւանի երաժշտանոցներէն հայ յօրինողներու, օփերայի կամ քոնչերթոներու քլարինեթի մասերը, ոչ միայն փոքր եւ լայն համոյթներու (ensemble), այլեւ` նուագախումբի համար նորամշակումներ: Այս անգամ հիանալի վեցեակ մը (sextuor) ունկնդրեցինք: Չմոռնանք սակայն ամենակարեւորը, Համբիկի լայն կուրծքին մէջ կը բաբախէ ամենազգայուն սիրտը:

Յայտագիրը կը սկսի Տիգրանեանի «Անուշ»-ի նախաբանով, որուն անմիջապէս կը յաջորդէ Խաչատուրեանի «Մասքերատին մազիւքա»-ն, ահա առաջին օղակը` մեծ Խաչատուրեան մը Տիգրանեանէն ազդուած: Նոյնպէս` «Անուշ»-ին «Աղջիկներուն պարը», որուն կը յաջորդէ «Գայեանէ»-ին պալեթը: Հոն է Մեծն Կոմիտասը, քլարինեթի վարի հնչամասը կը սկսի «Քէլեր ցոլեր»-ով: Միւս երաժիշտները ակնածանքով կը միանան մենակատարին` Համբիկին: Հայաստան աշխարհն ենք, խորհրդաւոր մթնոլորտ մը կայ, աղջիկը կ՛երգէ սարերուն իր մենաւոր շէկ տղուն: Հոս է մեր բիւրեղեայ պարզութիւնը:

«Գարուն ա»-ին վայ լէ լէ-ն, ոստոստող «Կաքաւիկ»-ը, ոչ ալ վիրաւոր «Լորիկ»-ը կը փոխանակեմ եւրոպական նոքթիւրնի մը հետ, մանաւանդ թաւշային քլարինեթի մը վրայ կատարուած բարձրաքնքուշ երաժիշտի մը կողմէ` յանձին Համբիկ Ճապուրեանի: Հետաքրքրական էր նաեւ Կոմիտասի «Հոյ նազան»-ը, կարելի է ըսել` արդիական մշակում մը, Կոտոյանի «Սեւանի ձկնորսները», Կիւզելեանի «Հայաստանցիների երգը» եւ առաջին մասը վերջացնելու համար` Կոմիտասի բեկբեկուն «Վաղարշապատի պար»-ը:

Օղակը շարունակուեցաւ նախ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի «Էնզելի»-ով, որուն մասին իր յուշերուն մէջ Ա. Իսահակեան կը գրէ` «Սպենդիարեան մանկական թարմ  զգայնութեամբ… ներդաշնակ ձայների անզուգական իշխանն է» (1926): Անոր յաջորդեց Խաչատուրեանի «Լեզկինքա»-ն:

Սրահը թնդաց: Ծափահարութիւնները անվերջ էին: Բեմ ելաւ Մքկիլի ուսուցչապետ Փիթըր Ֆրիըտման` Համբիկին ուսուցիչը, իր բարձր գնահատանքի խօսքը արտայայտելու համար եւ ըսաւ` «Համբիկ ամենադժուար կտորներ կը նուագէ, կարծես ինք չէ նուագողը»: Իսկապէս Համբիկին մատներու արագութիւնը, ճկունութիւնը աննման են, քլարինեթը կը սուրայ, կը թռչի, կը թռչկոտի, ինչպէս ցոյց տուաւ ան Ռիմսքի Քորսաքովի սարսափելիօրէն արագ «Իշամեղու» կտորին մէջ, ճանչցուած «The bumble-bee» անունով:

Խանդավառ պրաւոներ, ծափեր ու ապրիսներու պիսեր վայրկենական դադրեցան: Բացարձակ լռութիւն մը պատեց չորս կողմ, անբացատրելիօրէն տխուր, խոր ու խորհրդաւոր, քանի որ բոլորս ալ նոյնը կը մտածէինք` Կոմիտաս վարդապետը:

Չէինք սխալած, Համբիկ յոգնած ճակատը սրբեց ու սկսաւ տուտուկով նուագել յաւերժահարս «Շողեր ջան»:

Ընդունելութիւնը կատարեալ էր:

Մոնրէալ

 

Նախորդը

Բեղմնաւոր Որոնումներ…

Յաջորդը

Ազգ. Ռուբինեան Ս. Մ. Վարժարանի 2014-2015 Ուսումնական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?