Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ես Իմ Եկեղեցիս Կ՛ուզեմ»

July 31, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-31-15_yasiyada

Մինչ Անատոլուի զանազան քաղաքներու մէջ տեղւոյն իշխանութիւնները զբօսաշրջական նպատակներով սկսած են մէկ առ մէկ նորոգել հայերէ մնացած հին ու աւերակեալ եկեղեցիները, Եասսըատայի մէջ սկսած հակառակ ուղղութեամբ աշխատանք:

«Ճումհուրիյէթ» կը հաղորդէ, որ որոշ շրջանակներ գաղտնի ու ապօրէն աշխատանք կը տանին Եասսըատա կղզին զբօսաշրջութեան բանալու նպատակով: Անոնք, առանց պաշտօնական արտօնութեան, կը փճացնեն կղզիին պատմական հիւսկէնները, արդէն քանդեցին Արեւելեան Հռովմէական կայսրութեան շրջանէն մնացած իշխաններու գերեզմանները եւ եկեղեցին: Քանդեցին այն շէնքը, ուր Ատնան Մենտերեսը բանտարկուած էր:

Նշենք, որ Եասսըատա կղզին Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջնակարգ տեղ գրաւեց, երբ զինուորական պետական հարուածէ ետք օրուան վարչապետ Ատնան Մենտերես ու անոր գործակիցները այս կղզին տարուեցան ու հոն բանտարկուեցան, ապա շինծու դատավարութեամբ մը մահուան դատապարտուեցան: Բայց այսքան չէ: Այս կղզին ունի նաեւ պատմութեան շատ հին շրջաններէն եկած յուշարձաններ, ու հիմա անոնք մէկ առ մէկ վար կ՛առնուին, ինչպէս եկեղեցի մը, որ հոն կը գտնուի:

Այս մասին «Ճումհուրիյէթ»-ի հարցումներուն պատասխանելով` բողոքի արտայայտութիւն ունեցած է մեր ազգայիններէն Աւետիս Գէորգ Հիլքաթ, որ Ճէ-Հէ-Փէ-էն Կղզիներու եւ Պոլսոյ մայր քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամ է: Աւետիս Հիլքաթ ըսած է, որ կղզիին մէջ կատարուած քանդումները կատարուած են առանց քաղաքապետութեան գիտակցութեան, եւ երբ իմացուած է այս մասին, արդէն շատ ուշ էր: Ան պահանջեց, որ այս ապօրէն քանդումները կանգ առնեն, մանաւանդ` խնայուի եկեղեցին:

«Այս աւերակները մարդկութեան ու աշխարհի քաղաքակրթութեան ժառանգութիւններն են, արդէն հոս ափ մը փոքրամասնութիւն մնացինք, մեր եկեղեցիները մեծամասնութեամբ քանդուեցան, գոնէ այս եկեղեցիին ու շրջապատին մի՛ դպչիք: Հնագէտները թող գան ու քննարկեն: Ես եկեղեցիս ու  զանգակը կը պահանջեմ», ըսած է Հիլքաթ:

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Նախորդը

Չենգիլլիի Եկեղեցին

Յաջորդը

Ծանօթանանք Լիբանանի Ազգային Առաջնորդանի Ժողովներուն, Բաժանմունքներուն Եւ Գործունէութեան. Դատաստանական Խորհուրդ

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.