Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծանօթանանք Լիբանանի Ազգային Առաջնորդանի Ժողովներուն, Բաժանմունքներուն Եւ Գործունէութեան. Դատաստանական Խորհուրդ

Յուլիս 31, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-31-15_Varouj-Bedirian

Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքին, Ազգային առաջնորդարանի ժողովներու, բաժանմունքներու եւ գործունէութեան ծանօթացման հարցազրոյցներու շարքին, չորեքշաբթի, 29 յուլիս 2015-ին, Դատաստանականի մասին «Վանայ Ձայն» հարցազրոյց մը ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Դատաստանական, խորհուրդի ատենապետ տոքթ. Վարուժ Պետիրեանին հետ: «Վանայ Ձայն»-ի հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան վարեց հարցազրոյցը, որ իր ամբողջութեամբ կը դարձնենք «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն սեփականութիւնը:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Դատարանը Ազգային սահմանադրութեամբ ի՞նչ իրաւասութիւններ ունի:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- 17 մարտ 1863-ին կը հաստատուէր Ազգային սահմանադրութիւնը եւ եկեղեցւոյ դատաստանական կազմը իր օրինականութիւնը կ՛առնէր այս սահմանադրութենէն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրօնական իշխանութեան ենթակայ իւրաքանչիր թեմի մէջ կը կազմուէր Դատաստանական խորհուրդ մը` հետեւեալ իրաւասութիւններով`

1. Ամուսնութեան դաշինքի հարցեր եւ ամուսիններու պարտաւորութիւններ,
2. Ամուսնութեան վաւերականութիւնը կամ անվաւերականութիւնը,
3. Ամուսնութեան լուծումը կամ մարմնական բաժանումը,
4. Ամուսնական յարաբերութիւններու մէջ օժիտի, մահրի, պրոյզի հետ կապուած հարցեր,
5. Որդիութիւն եւ զաւակներու օրինականացում, հետեւանքներ,
6. Որդեգրութիւն, ծնողաց իրաւունքները զաւակներու վրայ,
7. Զաւակներու խնամքը եւ կրթութիւնը` մինչեւ չափահասութեան տարիքը,
8. Ամուսիններու միջեւ սննդագին նշանակելը եւ սահմանելը,
9. Ծնողներու եւ զաւակներու համար սննդագինի յատկացում եւ սահմաններու ճշդում,
10. Ամուսնալուծման կամ անվաւերականութեան պարագային` վնասուց հատուցման նշանակում:

Այս բոլորը դատաստանականի իրաւասութիւններու սահմաններուն մէջ կը մտնեն…

Հ.- Դատարանը աստիճանական ի՞նչ կարգեր ունի եւ ի՞նչ են իւրաքանչիւրին պարտաւորութիւնները:

Պ.- Դատարանը գլխաւոր երկու կարգեր ունի` առաջինը Դատաստանական խորհուրդն է, որուն ենթակայ յանձնախումբը հաշտարարն է, իսկ երկրորդը` Վերաքննիչ ատեանն է: Դատաստանական խորհուրդը կը քննէ այն բոլոր դատերը, որոնք ըստ օրէնքի կը պատկանին Հայոց եկեղեցւոյ իրաւասութիւններուն: Հաշտարար յանձնախումբը կը զբաղի Դատաստանական խորհուրդէն ուղարկուած կամ ուղիղ յանձնախումբին դիմուած պարագաներով` փորձելով յայտնաբերել զոյգերու միջեւ եղած անհամաձայնութիւններու պատճառները եւ զանոնք հաշտեցնել: Վերաքննիչ ատեանին գործն է վերաքննել եւ վճռել բոլոր այն դատերը, որոնք Նախադատ ատեանին կողմէ կնքուած եւ վճռուած են, եւ որոնց վերաքննութիւնը պահանջուած է անհատներու կողմէ:

Հ.- Դատարանը ե՞րբ ընդունուած է Լիբանանի պետութեան կողմէ:

Պ.- 2 ապրիլ 1951-ին քրիստոնեայ եւ հրեայ համայնքներու կրօնական իշխանութիւններուն իրաւասութիւնները սահմանող օրէնք մը հրապարակեց, համայնքներուն մէկ տարի տրուեցաւ, որպէսզի իւրաքանչիւրը իր անձնական իրաւունքները եւ դատավարութեան կանոնները ներկայացնէ պետութեան, պայմանաւ որ պայմանները համընկնին ընդհանուր կարգ ու կանոնին եւ պետութեան ու համայնքներու օրէնքին: Օրին Լիբանանի հայոց թեմի Գաւառական ժողովը (այժմ` Երեսփոխանական ժողով) 20 մարտ 1952-ի նիստին վաւերացուցած է յատուկ կազմուած իրաւագէտներու եւ քննիչ յանձնախումբերու պատրաստած տեղեկագիրը եւ ներկայացուցած` Լիբանանի պետութեան: 11 հոկտեմբեր 1952-էն սկսեալ օրէնքը վաւերացուած է եւ` գործադրութեան դրուած:

Հ.- Դատարան-պետութիւն կապերը ի՞նչ ընթացք ունին եւ օրինական ի՞նչ կարգեր կան:

Պ.- Հայ եկեղեցւոյ կողմէ արձակուած վճիռները` ամուսնութիւնը, ամուսնութեան անվաւերականութիւնը, ամուսնալուծումը եւ զաւակներու օրինականացումը պէտք է պարտադրօրէն հաղորդուին պետութեան: Քաղաքային վիճակի գրասենեակին կը փոխանցուի կա՛մ եկեղեցւոյ եւ կամ ալ անհատին կողմէ` յարգելով գրանցման ժամանակամիջոցը, այլապէս անհատը տուգանք կը վճարէ: Մեր կանոնագիրի որեւէ փոփոխութիւն, որպէսզի օրէնքի ուժ ստանայ, պէտք է վաւերացուի Լիբանանի իշխանութիւններուն կողմէ: Եթէ մէկու մը ճամբու արգելք պիտի դրուի, եթէ մէկու մը հեռաձայնային խօսակցութիւններու արձանագրութիւնները պիտի պահանջուին, եթէ սննդագին չվճարողները հետապնդուին, ապա դատարանը ներքին գործոց նախարարութեան պէտք է դիմէ, որպէսզի հետապնդուին:

Հ.- Հայորդիները ինչպէ՞ս կրնան դիմել դատարան: Պայմաններ կա՞ն:

Պ.- Հայոց եկեղեցւոյ բոլոր զաւակները եւ բոլոր անոնք, որոնք ենթակայ են եկեղեցւոյ կանոններուն, դատ բանալու իրաւունք ունին: Դատ բանալու համար պէտք է անհատը պատճառ ունենայ, պահանջելու հարց ունենայ, իսկ հակառակ կողմն ալ ինքզինք պաշտպանելու խնդիր ունենայ: Անհատը կը ներկայանայ Ազգային առաջնորդարան` դատարանի գործավարին, որուն կը պարզուին խնդիրները: Գործավարը փաստաթուղթերու, դիմումներու եւ պատճէններու գծով իր ցուցմունքները կու տայ, որպէսզի դիմողը ամբողջացնէ իր թղթածրարը: Ապա դատաստանական ատեանը կը հետապնդէ հարցը:

Հ.- Դատարան դիմելու համար փաստաբանի պէտք ունի՞, թէ՞ ոչ:

Պ.- Փաստաբանները պիտի ըսեն, որ անհրաժեշտութիւն է, իսկ ես կը կարծեմ, որ եթէ դիմող անձին հայցը սուտի եւ կեղծիքի վրայ չէ հիմնուած, եւ իրական պատճառ ունի, հարցերը ապրած տառապանքներն են, խորհուրդս է փաստաբանի աւելորդ ծախս չկատարել: Մեր դատարանը իր տարիներու փորձառութեամբ իր բոլոր ճիգերը ի գործ կը դնէ արդար վճիռներ արձակելու:

Հ.- Դատարանի վճիռները ինչպէ՞ս կ՛արձակուին:

Պ.- Մենք միշտ ժամանակ կու տանք, թղթածրարները աչքէ կ՛անցընենք, եւ մեր գլխաւոր նպատակը հաշտութիւն գոյացնելն է: Հաշտութեան բոլոր կարելիութիւնները սպառելէ ետք, դատը լսելէ եւ կողմերու բացատրութիւնները ստանալէ ետք, որ մէկէն երկու տարի կ՛առնէ, ատենապետը դատավարութիւնը փակուած կը յայտարարէ, երբ խորհուրդի անդամներուն կարծիքներն ալ առած է, խորհրդակցութիւններ կատարած է: Որոշումին մասնակցող բոլոր ժողովականները կը ստորագրեն համապատասխան փաստաթուղթի վրայ: Որոշումները կը տրուին միաձայնութեամբ եւ կամ պարզ մեծամասնութեամբ:

Հ.- Առաջնորդ սրբազան հօր վաւերացումը անհրաժե՞շտ է:

Պ.- Առաջնորդ հայրը օրէնքով դատարանի նախագահն է, որ կրնայ նաեւ իր ներկայացուցիչը նշանակել դատարանին մէջ:  Դատարանը բաղկացած է երեք կրօնական եւ երեք աշխարհականներէ: Ատենապետը պէտք է ըլլայ 40 տարիքը ամբողջացուցած աշխարհական:

Դատաստանական խորհուրդը երբ վճիռը յայտարարէ, կողմերը 40 օր ժամանակամիջոց կ՛ունենան բողոքելու եւ վերաքննութիւն պահանջելու: Եթէ կողմերը վճիռը արդար գտնեն, ապա կը ստորագրեն: Եթէ կողմերը 40 օրերու ընթացքին չստորագրեն եւ կամ չբողոքեն, ապա վճիռը վաւերացուած կը յայտարարուի: Ամուսնալուծման եւ անվաւերականութեան իրաւունքը վերապահուած է վեհափառ հօր, իսկ մնացեալ որոշումները ատեանին յանձնուած են:

Հ.- Յայտագիրին մասին ի՞նչ ըսելիք ունիք:

Պ.- Ազգայինները պէտք է ծանօթանան, թէ որո՛նք են իրենց իրաւունքները, ի՞նչ են դատարանը, օրէնքները… Այս բոլորին ու այլ հարցերու լուսաբանութիւններ փոխանցող լաւ եւ հրաշալի հաղորդաշար է, որ գնահատանքի արժանի է:

Նախորդը

«Ես Իմ Եկեղեցիս Կ՛ուզեմ»

Յաջորդը

«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցին Մասնակիցները Այցելեցին Սփիւռքի Նախարարութիւն

RelatedPosts

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան
Հարցազրոյց

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յունիս 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?