Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Ուղիներով. Իրաքցի Գրողը` Թուրքիա Այցելութեան Մասին

July 31, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-31-15_srp-guir

«Նիուզ» կայքէջը կրճատումներով ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնէ քանատական «Օյէ Թայմզ» պարբերականին մէջ հրապարակուած յօդուածը իրաքցի գրող Լէյլա Քասարանիի, որ վերջերս այցելած` է Թուրքիա` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու եւ ըլլալու այն վայրերուն մէջ, որոնց մասին յիշատակած էր վերջին վէպին մէջ:

Արաբական ասացուածքին համաձայն, ճանապարհորդը հինգ առաւելութիւն ունի: Ոչ ոք հաւանաբար գիտէ, թէ ի՛նչ առաւելութիւններ են, բայց ես շատ բան ստացայ վերջին ուղեւորութենէս:

Ուղեւորութիւնը սկսաւ Թուրքիոյ հարաւային հատուած` Տիգրանակերտ իմ այցէն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով կազմակերպուած արարողութեան մասնակցելու համար: Մենք յարգանքի տուրք մատուցեցինք աւելի քան մէկ միլիոն հոգիներու համար, որոնք տեղահանուեր եւ զոհուեր են Սուրիոյ անապատներուն մէջ: Առաջին բանը, որ ըրի ապրիլ 23-ին, ուխտագնացութիւն կատարեցի դէպի հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի: Առաջին անձը, որ այնտեղ նկատեցի, Քաֆուր Թիւրքայն էր, որ եկեղեցւոյ բակին մէջ նստած էր քանի մը ֆրանսացիներու` տղամարդոց ու կիներու, ինչպէս նաեւ քիւրտերու հետ, որոնք յայտնաբերեր են, որ իրենց տատերն ու պապերը հայ եղեր են, այդ պատճառով կրկին վերադարձեր են իրենց ժողովուրդի քրիստոնէական հաւատքին: Մռայլ, ցուրտ օր էր, երբ այցելեցի ֆրանսահայ լուսանկարիչ Անթուան Աղուճեանի «Լռութեան ճիչ» խորագիրով ցուցահանդէսը: Նոյն իրիկուն կրկին այցելեցի հայկական եկեղեցի` դաշնակահար Րաֆֆի Պետրոսեանի նուագահանդէսին ներկայ ըլլալու համար: Ի զարմանս ինծի` հանդիսատեսին մեծ մասը Տիգրանակերտի քիւրտերն էին: Ներկայ էին նաեւ բազմաթիւ հայեր, որոնք ժամանած էին Եւրոպայէն եւ աշխարհի այլ անկիւններէն: Տիգրանակերտի քաղաքային պաշտօնեաները կը մասնակցէին արարողութեան, մինչդեռ մենք կը շրջէինք հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ աւերակներուն մէջ, որոնք Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն օսմանցիներուն կողմէ որպէս զէնքի պահեստ կ՛օգտագործուէր: Մենք կանգնեցանք եկեղեցւոյ առջեւ` անոր վերականգման հարցի ուղղութեամբ ուշադրութիւն գրաւելու համար: Երբ պաշտօնական ելոյթները աւարտեցան, մենք հաւաքուեցանք աւերակներուն մօտ, ուր ժամանակին սուրբ խորանը եղած է: Քանի մը հայ կիներ ու տղամարդիկ յանպատրաստից երգչախումբ կազմեցին եւ սկսան երգել հայ մեծ երգահան Կոմիտասի «Տէր ողորմեա»-ն: Հաւանաբար աւելի քան 100 տարի անց առաջին անգամ այդ վայրին մէջ աղօթք հնչեց:

Նախորդը

Ռոպըրթ Ֆիսք. «Միջազգային Հանրութիւնը Հայերու Վերադարձի Իրաւունքէն Հրաժարեցաւ»

Յաջորդը

Չենգիլլիի Եկեղեցին

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.