Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Սփիւռքի նախարարութիւնը գնահատելի նախաձեռնութիւնը ունեցած է խորհրդաժողով մը հրաւիրելու` զոյգ աշխարհաբարներու մերձեցման օրակարգով: Ճառերու մէջ յաճախ կը հնչէ յուզիչ այն միտքը, որ զոյգ աշխարհաբարները մեր հարստութիւններն են:
Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը, մեծ իմաստութեամբ եւ պարզութեամբ, 12-րդ յօդուածով արձանագրած է, որ պետութեան լեզուն հայերէնն է: Առանց վերադիրի: Այսինքն պաշտօնաթուղթերը եւ գործարքները կարելի է իրականացնել հայերէնով, մէկ կամ միւս աշխարհաբարով, թէեւ այդ փորձը չ՛ըլլար: Ի՜նչ մեծ ոստում ըրած կ՛ըլլանք, եթէ այդ փորձը սովորութիւն դառնայ:
Բայց կեանքի մէջ այդպէս չէ իրականութիւնը: Կամ` դեռ այդ հասունութեան չենք հասած:
Հայերէնի իւրացումը եւ գործածութիւնը ազգային նպատակ պէտք է ըլլան, առանց գունագեղ պատշաճեցումներու հետեւանք` ոչինչ խոստացող տեղատուութիւններու, պատշաճեցումներ, որոնք ո՞ւր պիտի յանգին, ոչ ոք կրնայ ըսել:
Զոյգ աշխարհաբարներու մերձեցումը որպէս այդպիսին իրապէս միտուած պէտք է ըլլայ` առանց մարդորսական, քարոզչական կամ արդարացման ճամարտակութիւններու, որոնք նոյն այդ մերձեցումը կը խոչընդոտեն եւ կը մաշեցնեն լեզուն, այս կամ այն աշխարհաբարը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):
Այս յօդուածը պէտք է ընդունիլ` առանց ճապկումներու, առանց հայրենաբնակի եւ ոչ հայրենաբնակի տարբերութիւններով պատնէշներ բարձրացնելու, առանց գերադասի եւ ստորադասի նկատումներու:
Կ՛ունենա՞նք բաւարար չափով հարազատութիւն ներշնչող պատմամշակութային հայեացք, լեզուի յստակութեան շուրջ մերձեցում-միութիւն ստեղծելու միտում, ազգի միութեան տեսանկիւնէ ինքնութիւն կերտող գաղափարախօսական վերաբերում:
Յաճախ պէտք է կրկնել եւ յիշեցնել, որ մեր պատմութեան ընթացքին հայերէնը զանազան ձեւերով նախայարձակման ենթակայ եղած է, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի, միշտ ունեցած են քաղաքական բնոյթ, եւ այդ քաղաքականին մենք ուզած ենք բարենիշներ տալ: Մեր կարգին, պատշաճելու համար, մենք ալ տեղի տուած ենք` անհատական կամ բարձրագոյն մակարդակի շահախնդրութիւններով, թեթեւսոլիկութիւններով:
Վիգէն Խեչումեանի «ԳԻՐՔ ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ» մէջ կայ ահաւոր պատկեր մը. հերոսներէն մէկուն լեզուն կտրած են, որ հայերէն չխօսի: Այս պարագային արարքի իրականին եւ փոխաբերականին միջեւ տարբերութիւն չկայ, երբ նկատի կ՛ունենանք եզրակացութիւնը, որ ինքնութեան մերժում կամ կորուստ է:
Զոյգ աշխարհաբարներու մերձեցումը կամայականութեամբ չի կրնար յաջողիլ: Այսօր բաւարար կամք ունի՞նք առանձնացնելու եւ ապա վերացնելու հեռացման արգելքները:
Այդ արգելքնե՞րը…
Բացի արդի ուղղագրութեան պարտադրած հեռացումէն, որուն մասին պէտք է մտածել` առանց մեկնելու կարծրացած դիրքերէ, հարցը կը վերաբերի շարք մը բառերու ուղղագրութեան կամ իմաստի յաղթահարելի տարբերութեան,
– փափաք-փափագ, արձագանգ-արձագանք, փնտռել-փնտրել, ի զուր-իզուր, ճամբայ-ճամփայ, ճիշդ-ճիշտ,…
– բառերու իմաստնային տարբերութիւններ. տարակարծութիւն-տարաձայնութիւն… նոյն բանը չենք հասկնար:
Անտեղի եւ վայրագ փոխառութիւններ. բանաստեղծութիւն-պոեզիա… վերանորոգում–ռեստաւրացիա, սեռական-սեքսուալ:
Անհամար օտար բառեր եւ օտարաբանութիւններ` զոյգ աշխարհաբարներու պարագային:
Խոնարհումի եւ հնչիւնի մասին. Հայաստանի հեռատեսիլը եւ դուրսը խօսողները կը կրկնեն` կը վորոշեն… երբ տարրական է ըսել` կ’որոշեն:
Մասնագիտական բառերու բանակը.
Հիւլէակայան-աթոմակայան, վիրաբուժ-խիրուրկ, հիւանդանոց-հոսպիտալ, մազազերծում-էպիլացիա, դարմանատուն-կլինիկա, դարմանում-թերապեւտ:
Բառերու անճիշդ գործածութիւն.
Բանբեր-խօսնակ, նախագահ-խօսնակ, լրագրութիւն-ժուռնալիստիկա, աւանդավէպ-լեգենտ, առասպելական-լեգենտար:
Եւ դեռ թրքերէնէ ներմուծուած եւ հայկական համարուած բառեր.
Մաղտանոս-ազատքեղ, լոլիկ-պանատուրա- պամիտոր, սմբուկ-բադրիճան:
Նախարարի բերնով հեռատեսիլէն հնչող պլանտացիան մի՞թէ կարելի չէ պարզապէս փոխարինել մշակուած տարածքով,… Եւ մեդալը` շքանշանով:
Իսկ խօսակցական մակարդակի վրայ, երբեմն ալ գրական-լրագրական, աստիճանաբար պէտք է հրաժարիլ թրքաբանութիւններէ եւ թրքերէն բառերէ, նոյնիսկ եթէ անոնք արմատացած են, ինչպէս գիւլէ, տուշման, ատաթ, թասիպ, ջիգեար:
Ի՞նչ գործ ունի էլիտարը ընտրանիի փոխարէն. երբ կայ հանրակառքը, ինչո՞ւ ըսել աւտոպուս:
Եւ դեռ ծերակոյտ-սենատ, փոխադրութիւն-տրանսպորտ, հողատիրական-ագրարային:
Լրջօրէն պէտք է մտածել արեւելահայերէնի խօսակցական եւ գրական լեզուին մէջ տուն-տեղ եղած Է էականի փոխարէն Ա-ի գործածութեան վերացման մասին, որ ոչ մէկ արդարացում ունի:
Քայլ պահելու համար ժամանակակից կեանքին հետ` ստեղծում նոր բառերու, հիմնուելով հայերէն արմատներու եւ իմաստներու վրայ: Ֆրանսան որդեգրած էր ամերիկեան ի-մէյլը, Քեպեքի ֆրանսացիները այդ մերժեցին, հնարեցին քուրրիէլը եւ Ֆրանսան հետեւեցաւ: Առակս ցուցանէ…
Այդ աշխատանքը հարկ է կատարել ժողովներէ առաջ:
Մերձեցումը հրաշքով տեղի պիտի չունենայ, այլ` աստիճանական սրբագրութիւններով եւ համաձայնութիւններով:
Արդի ուղղագրութեան հարցը չեմ դներ անմիջապէս, այդ սառցալերան բախող Թիթանիքի պատմութիւն կ’ըլլայ ներկայ հանգրուանին: Հարկ է յառաջանալ պզտիկ քայլերով, այդ ընթացքին զիրար լսելու սովորութիւն կը ստեղծուի: Միջոցին, նոյն ձեւով հնչուող, բայց տարբեր իմաստ ունեցող բառերուն մասին հարկ է մտածել. ի՞նչ ընել շփոթներու առաջքը առնելու համար. համր-յամր, սէր-սեր, գէր-գեր, յետսապահ-հետսապահ…
Եւ դեռ բայական ձեւեր. զբաղիլ-զբաղուել, բնակիլ-բնակուել...
Եւ դեռ բանակի վերաբերող բառեր. զօրավար-գեներալ...
Կամ` դրամատուն-բանկ… վարկ-կրեդիտ… (եւ հետեւող բառերը), սակարան -բորսա, գաղթ-միկրացիա, տնտեսութիւն-էկոնոմիկա, ելեւմուտք-ֆինանս:
Հարկ է ընդունիլ մերձեցման սկզբունքը` առանց աշխարհաբարներու միացման հարց դնելու: Այդ ժամանակը եւ իմաստութիւնը ցոյց պիտի տան:
Եթէ սկսինք պզտիկ քայլերով յառաջանալ, փորձը ինք կրնայ ճամբայ ցոյց տալ:
Այդ պզտիկ քայլերը սկսած են: Մամուլի մէջ լոյս կը տեսնեն յօդուածներ հեղինակին աշխարհաբարով եւ անոր ընտրած ուղղագրութեամբ: Հանրութիւնը ընթերցումով եւ տեսնելով` վարժութիւն ձեռք կը բերէ:
Հայերէնին տիրապետել, անոր մաքրութեան աչալուրջ ըլլալ` արգելք չեն օտար լեզուներու իւրացման: Բայց օտար լեզուներու իւրացման անհրաժեշտութիւնը պատճառ-պատրուակ պէտք չէ ըլլայ հայերէնի խաթարման` անոր գործածութեան բոլոր մակարդակներուն. առեւտուր, քաղաքականութիւն, արուեստ, գիտութիւն եւ ընթացիկ յարաբերութիւններու մակարդակին, այսինքն` փողոցը:
Հայերէնի պաշտպանութիւնը եւ աշխարհաբարներու մերձեցումը պէտք է համարել ազգային նպատակ եւ քաղաքականութեան առանցք, որ միութեան կ’առաջնորդէ եւ նկարագիր կը կերտէ` անմիջական շահագրգռութիւնները գերանցելով:
Սփիւռք(ներ)ը պարտուողական վերաբերումէ դուրս պէտք է գան եւ հասկնան, որ երգ ու պարով տեւելու հնարը ինքնախաբէութիւն է, հաւկուրութիւն:
Համաշխարհայնացման թոհուբոհին կուրծք տալով` եթէ այսօր չընենք անհրաժեշտը, վաղը կրնանք տխրօրէն հաստատել, որ արդէն ուշ է: Այդ անհրաժեշտը այսօր չի կատարուիր: Կը գոհանանք հաց-պանիրի հայերէնով, ինչպէս յաճախ կը կրկնեմ, հետեւելով Շաւարշ Միսաքեան դիպուկ խօսքին: Հաց-պանիրի հայերէն` հայ կեանքի բոլոր մակարդակներուն:
Երբեմն այդ ալ չկայ, երբ լրատուները կ’ըլլան օտար լեզուներով, ժողովներու ատենագրութիւնները կը պահուին օտար լեզուներով, նոյնպէս` յայտարարութիւնները:
Ազգային վերականգնումը միայն տնտեսական չէ, այլ է նաեւ ոգեկան:
Եւ լեզուն կրողն է այդ ոգեկանութեան` անով մեզի հասած բազմադարեան ժառանգութեամբ:
23 յուլիս 2015, Նուազի-լը-Կրան