ՀԱՐՑՈՒՄ.- Կրնա՞նք ձեզի դիմել Խանչելեան-Սփիր անունով:
Ճ. ԽԱՆՉԵԼԵԱՆ-ՍՓԻՐ.- Այո՛, խնդրեմ այդպէս դիմեցէք:
Հ.- Քոնկրեսական Խանչելեան-Սփիր, դուք Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի այն եզակի անդամներէն էք, որոնք ունին հայկական ծագում: Այդ փաստը ձեր վրայ յաւելեալ պատասխանատուութիւն կը դնէ՞:
Ճ. Խ. Ս.- Մայրս ազգութեամբ հայ էր: Ան կեանքէն հեռացաւ 94 տարեկան հասակին, սակայն ան ինծի կը պատմէր Հայոց ցեղասպանութեան մասին, եւ ամբողջ կեանքիս ընթացքին իմ նախնիներէն փոխանցուած այդ յիշողութիւնը հետեւած է ինծի: Ցաւով կը նշեմ, որ Միացեալ Նահանգներ դեռ չեն ճանչցած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Այսպիսով, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կարեւոր խնդիր մըն է, զոր հետապնդելը պարտքս է մօրս առջեւ:
Հ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահական պատուիրակութեան կազմին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարեդարձի ձեռնարկներուն դուք Հայաստան կը գտնուէիք: Ձեր տպաւորութիւնները ինչպիսի՞ն էին այդ այցելութենէն:
Ճ. Խ. Ս.- Իմ գործընկերոջ` ամերիկահայ քոնկրեսական Աննա Էշուի հետ ես նախագահական պատուիրակութեան կազմին մէջ էի: Ես խորապէս վիրաւորուած կը զգամ, որ իմ երկիրը տակաւին չէ ճանչցած Ցեղասպանութիւնը: Միացեալ Նահանգները պարտաւոր են ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը` թէ՛ ամերիկահայ համայնքի եւ թէ՛ իր իսկ արժէքներուն չդաւաճանելու համար:
Հ.- Դուք նաեւ յատուկ նամակ պատրաստած էք եւ լուրջ աշխատանք կը տանիք Թուրքիոյ տարածքին հայկական ժառանգութեան, հայկական եկեղեցիներու պահպանման համար:
Ճ. Խ. Ս.- Թէ՛ Թուրքիոյ տարածքին եւ թէ՛ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ժառանգութիւնը լուրջ վտանգի տակ է, մենք չենք կրնար չբարձրաձայնել այդ խնդիրը:
Հ.- Հայաստանին տրամադրուող ամերիկեան օգնութեան վերաբերեալ. մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու փոխարէն, ժամանակը չէ՞, որ Միացեալ Նահանգներ օգնեն Հայաստանին զարգանալու տնտեսապէս:
Ճ. Խ. Ս.- Երկուքն ալ պէտք է շարունակուին: Հայաստանին յատկացուող ամերիկեան օգնութիւնը վերջին 5 տարիներուն ընթացքին կիսով չափ կրճատուած է` 44 միլիոն տոլարէն հասնելով 20 միլիոնի: Այսպիսով Հայաստանին յատկացուող օգնութիւնը կրճատուած է, իսկ այլ երկիրներու յատկացուող օգնութիւնը մեծապէս աճած է: Կը կարծեմ, որ Հայաստանին յատկացուող օգնութիւնը կարեւոր է. Հայաստան շրջափակման մէջ է, մենք կը հասկնանք, որ Հայաստան ամուր յարաբերութիւններ ունի Ռուսիոյ հետ, սակայն Միացեալ Նահանգներ եւս պէտք է սերտ յարաբերութիւններ հաստատեն Հայաստանի հետ: