Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ատելութեան Ճառ Մը Հայերու Դէմ` Ազատօրէ՜ն Արտայայտուած

Յուլիս 28, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գրեց` ՕՐՀԱՆ ՔԵՄԱԼ ՃԵՆԿԻԶ

7-28-15_JENGIZ

Ստորեւ կը հրատարակենք Թուրքիոյ «Ռատիքալ» եւ «Զաման» օրաթերթերու աշխատակից Օրհան Քեմալ Ճենկիզի յօդուածը: Ականաւոր անձնաւորութիւն մըն է Ճենկիզ, որ նաեւ փաստաբան եւ մարդկային իրաւանց ջերմ ջատագով է: Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Զաման»-ի 7 յուլիս 2015-ի թիւին մէջ:

Նախապէս այս կապը չէի հաստատած: Անգարայի Մտածումի ազատութեան նախաձեռնութեան (Տիւշիւնճերէ օզկիւրլիւք կիրիշիմի) հրապարակած հանրագրութիւնը կարդալէն ետք է, որ անդրադարձայ միասնաբար տեղի ունեցած այս երկու պատահարներուն միջեւ առկայ կապին:

Հանրագրութեան սկզբնաւորութեան փորձ մը կը կատարուի դատախազներու ուշադրութեան յանձնել ատելութիւն սերմանող այն ճառերը,  որոնց թիրախը յատկապէս հայերն են, եւ կը փորձէ մատնանշել կապը ասոնց եւ երեսփոխան ընտրուած հայկական ծագում ունեցող երեք թուրք քաղաքացիներու հարցին միջեւ:

Նախ եւ առաջ իրապէս հետաքրքրական երեւոյթ է տեսնել, որ երեք հայեր, երեք տարբեր կուսակցութիւններէ, ընտրուած են խորհրդարանին մէջ: Մարգար Եսայեան` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն, Սելինա Տողան` Հանրապետական ժողովուրդ կուսակցութենէն եւ Կարօ Փայլան` քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն:

Կը կարծեմ` նման կազմութիւն մը մենք չենք ունեցած Թուրքիոյ Հանրապետութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին: Ասիկա այնպիսի զարգացում մըն է, որ բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան, պէտք է գրկաբաց ընդունին:

Սակայն այս զարգացումը, յայտնապէ՛ս, յաւելեալ ատելութեան արտայայտութիւններու առիթ տուած է Թուրքիոյ հեղինակաւոր շրջանակներու մէջ:

Օրինակելի եւ ցեղապաշտական ատելութեան արտայայտութիւններէն մէկը կու գար Թուրքիոյ բնակչութեամբ ամենամեծ քաղաքներու վեցերորդէն` Ատանայէն, թիրախ ունենալով վերոյիշեալ երեք հայ երեսփոխանները: Հիւսէյն Օզլուն` Ատանայի քաղաքապետը, որ կը պատկանի Ազգայնական շարժում կուսակցութեան, յիշելով երբեմնի Մաթիլտ Մանուկեանի (Թուրքիոյ քանի մը հանրատուներու տէրը) անունը, «Թուիթըր»-ի միջոցով կը յայտարարէ. «Ատանա ապրող Մանուկեանին զաւակները ուրախ են: Անոնց երեք մօրաքոյրերուն զաւակները խորհրդարան մտան Արդարութիւն եւ բարգաւաճում, Հանրապետական ժողովուրդի եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւններուն միջոցով: Անոնք որքան ալ հպարտանան, դե՛ռ բաւարարուած պիտի չըլլան»:

Ցեղապաշտ ուրիշ արտայայտութիւն մը ա՛լ աւելի վտանգաւոր հարց մը կը յարուցէ Կարս  ապրող հայկական ծագում ունեցող թուրք քաղաքացիներուն համար:

Կարսի «Իւքլիւ օճախ»-ներու (ծայրայեղ ազգայնական կազմակերպութիւն մը, որուն երիտասարդական խումբը ձեւով մը կապուած է Ազգայնական շարժում կուսակցութեան) նախագահը սպառնաց հայերուն` Անիի աւերակներուն մէջ դաշնակահար Տիգրան Համասեանի ունեցած նուագահանդէսէն ետք: Մամուլի տեսակցութեան մը ընթացքին այս խմբակցութիւնը բացայայտօրէն սպառնաց հայերուն դէմ` ըսելով. «Հայերը ազատութիւն կը վայելեն Թուրքիոյ մէջ: Հիմա մենք ի՞նչ պէտք է ընենք: Կարսի փողոցներուն մէջ մենք ալ հայ որսալո՞ւ սկսինք»:

Անգարայի նախաձեռնութիւնը, վերոյիշեալ հանրագրութեամբ, կը պահանջէ դատախազներէն, որ հարցաքննութեան մը սկսին այսպիսի ատելութիւն սերմանող արտայայտութիւններու դէմ, եւ կարեւոր պահանջ մըն ալ կ՛ուղղէ քաղաքական այն կուսակցութիւններուն, որոնք հայ երեսփոխաններ ունին, նման արտայայտութիւններ դատապարտելու համար:

Անգարայի նախաձեռնութիւնը նաեւ կը թելադրէ, որ այս երեք կուսակցութիւնները նոր օրէնք մը անցընեն խորհրդարանին մէջ` նման ոճիրներ գործնապէս եւ աւելի ազդու կերպով զսպելու:

Չկարծէք, թէ օրէնք մը չունինք, որ կը պատժէ ատելութեան արտայայտութիւնները: Ունի՛նք Թուրքիոյ օրէնսգիրքի յօդուած 216-ը, որ յստակօրէն եւ բացարձակապէս կը դատապարտէ ատելութեան արտայայտութիւնները:

Բայց, երբ հարցը կը վերաբերի փոքրամասնութիւններուն, մեր դատախազները ամբողջովին կոյր կը դառնան ատելութեան արտայայտութիւններու հարցին նկատմամբ: Նոյն այն դատախազները, որոնք այնքան արթուն են նախագահին կամ վարչապետին դէմ եղած կարծեցեալ անարգանքները նշմարելու, լիովին անգործունեայ կը դառնան, երբ ցեղապաշտական ատելութեան արտայայտութիւններ կը լսեն:

Երեք հայեր խորհրդարան ղրկելը վստահաբար կարեւոր երեւոյթ մըն է: Բայց Թուրքիոյ մէջի մթնոլորտը փոխելը, ցեղապաշտական ատելութիւնը արմատախիլ ընելն ու անոր դէմ ազդուօրէն պայքարիլը տարբեր հարցեր են:

Երեք հայ երեսփոխաններ ունենալով` քաղաքական կուսակցութիւնները ատելութեան հռետորաբանութեան եւ ցեղապաշտութեան հանդէպ աւելի զգայուն պիտի ըլլա՞ն, թէ՞ ո՛չ: Ասիկա կարեւոր հարց մըն է Թուրքիոյ համար: Սակայն ցեղապաշտական արտայայտութիւններու հանդէպ քաղաքական կուսակցութիւններուն ցարդ լուռ մնալը յուսատու նշան մը չէ:

Թարգմանեց` ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸՍՐԼԵԱՆ

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութիւնն Ու Միջին Արեւելքի Հայ Սփիւռքը

Յաջորդը

«Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը Հետապնդելը Պարտքս Է Մօրս Առջեւ». «Ամերիկայի Ձայն» Լրատուական Գործակալութեան Հարցազրոյցը Ամերիկացի Քոնկրեսական Ճեքի Խանչելեան-Սփիրի Հետ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?