Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Լիբանանի մէջ վերջերս լուսարձակի տակ առնուած է լեռնագնաց Ռոժէ Պաաքլինիի անունը, նկատի ունենալով, որ վերջերս ան բարձրացած էր Էվերեսթի գագաթը եւ ականատես եղած էր Նեփալը հարուածած վերջին երկրաշարժին, նկատի ունենալով, որ այդ ժամանակաշրջանին ինք տակաւին կը գտնուէր Նեփալի մէջ:
Ռոժէ Պաաքլինի նշեց, որ 1998-էն ի վեր լեռնագնացութիւն կը կատարէ` մերթ խմբային, մերթ առանձին:
Լեռնագնացութիւնը իբրեւ նախասիրութիւն ունեցող Պաաքլինի յայտնեց, որ Լիբանանի բոլոր լեռները բարձրացած է, սակայն անհատական առումով իր մակարդակը բարձրացնելու նպատակով սկսած է ուղղուիլ այլ երկիրներ` նուաճելու համար նաեւ շարք մը այլ գագաթներ:
Անցնող ամիսներուն Ռոժէ Պաաքլինի ուղղուած է Նեփալ` մագլցելու համար Էվերեսթի գագաթը:
«Լեռը բարձրացայ զիս առաջնորդող անձի մը ընկերակցութեամբ: Քաթմանտուէն մինչեւ Էվերեսթի գագաթը 11 օրուան ժամկէտով պէտք էր աւարտէինք, սակայն բնաւորութեամբ արկածախնդրութիւն սիրող եմ եւ 8 օրուան մէջ կատարեցի այդ ամբողջը, որ աւելի ուշ իր դրական ազդեցութիւնը ունեցաւ: Անշուշտ նկատի ունիմ երկրաշարժը, որուն պատճառով Էվերեսթի վրայ գտնուող 18 լեռնագնացներ մահացան», ըսաւ ան:
Լեռնագնացի մը կողմէ ինքզինք պատրաստելու մասին հարցումի մը անդրադառնալով` Պաաքլինի շեշտեց, որ կան որոշ մարզանքներ, որոնք պէտք է մնայուն կերպով կիրարկել, օդի փոփոխութիւններուն մարմինը ընտելացնել, ինչպէս նաեւ յստակ սննդականոնի մը հետեւիլ` պահելու համար մարմնին առողջութիւնը:
«Էվերեսթի պարագային մարտահրաւէրը լուրջ էր, որովհետեւ Հիմալայեան լեռներուն վրայ կարելի է 24 ժամուան ընթացքին տարուան չորս եղանակները ապրիլ», աւելցուց ան:
Պաաքլինի նշեց, որ իրեն համար ծայր աստիճանի արկածախնդրութիւններն են հաճոյք պատճառողները, սակայն հակառակ իր նկարագրի այս գիծին` երկրաշարժը ահաւոր էր:
«Ամբողջ ութ օրուան լեռնագնացութենէն եւ խոկումներէ ետք, ամբողջ քաղաքի մը քանդումին ականատես եղայ քանի մը վայրկեաններու ընթացքին: Աչքերուս առջեւ ամէն բան գետնի հաւասար դարձաւ, գետինը ճեղքուեցաւ եւ մարդիկ, որ քանի մը վայրկեան առաջ գոյութիւն ունէին, անհետացան, իսկ քաղաքը ծածկուեցաւ փոշիի մառախուղով մը: Ահաւոր կերպով վախազդու էր երկրաշարժը, որովհետեւ անորոշութիւն կը պատճառէ եւ ոչինչ քու հակակշիռիդ տակ է: Երեւակայեցէք, որ 90 երկվայրկեանի համար բնութիւնը խենթանայ եւ ութ հազար հոգի ոչ եւս ըլլայ», նշեց Պաաքլինի` ականատեսի վկայութեան կշիռով:
Պաաքլինի յայտնեց նաեւ, որ ինք օժանդակած է Նեփալի երկրաշարժին յաջորդող փրկարար աշխատանքներուն ու մեծ դժուարութեամբ վերադարձած է Լիբանան:
Պաաքլինի շեշտեց նաեւ, որ իրեն հաւանաբար օգնած է նաեւ այն իրականութիւնը, որ Լիբանանէն մեկնումի օրը սխալ մը արձանագրուած է եւ ինք ճշդուած թուականէն օր մը ետք է, որ մեկնած է Նեփալ:
Պաաքլինի շեշտեց, որ լեռնագնաց մը շատ աւելի արդիւնաւէտ կը դառնայ եւ մակարդակը կը բարձրանայ, եթէ հովանաւոր ունենայ: «Անշուշտ իմ ապագայ ծրագիրներուս մաս կը կազմեն աշխարհի բարձրագոյն գագաթներու նուաճումը», աւելցուց ան:
Հայութեան հետ իր կապերուն մասին խօսելով` Ռոժէ Պաաքլինի յայտնեց, որ իր հօրենական մեծ մայրը հայ է. ան ծնած է 1915-ին եւ մահացած` 2014 դեկտեմբերին: «99-ամեայ ծերունի մեծ մայրս` Մաքրուհի Սերոբեան-Պաաքլինի իմ իտէալս էր, եւ ես Արարատը որեւէ ատեն կրնայի բարձրանալ: Իսկ Արարատը բարձրանալու համար ես Հայաստանէն պիտի երթամ Վրաստան եւ հոնկէ մուտք գործեմ Արեւմտեան Հայաստան եւ ոչ թէ Պոլսոյ կամ Անգարայի ճամբով ուղղուիմ Տիգրանակերտ` բարձրանալու համար Արարատը: Մեծ մայրս միայն այդ պարագային պիտի ընդունէր, որ ես Արարատ բարձրանամ: Ես իրեն հանդէպ խոր յարգանք ունիմ, ան եղած է ուսուցչուհի, դպրոցի տնօրէնուհի եւ չորս լեզու գիտէր: Իր կեանքով, կենցաղով եւ հաւատքով մեծ մայրս հմայած է զիս եւ եղած է ներշնչման աղբիւրս», ըսաւ ան:
Պաաքլինի նշեց, որ իր մեծ մօր եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին յիշատակին ինք Էվերեսթի գագաթին նաեւ հայկական եռագոյնը զետեղած է` լիբանանեանին կողքին:
Անդրադառնալով հայութեան հետ իր կապին մասին` Ռոժէ Պաաքլինի յայտնեց, որ իր հայրը լիբանանցի է` մարոնի համայնքի զաւակ, իսկ մայրն ու հօրենական մեծ մայրը հայ են: «Սակայն ես` Ռոժէ Մունիր Պաաքլինի, քանի մը տարի առաջ համայնքս փոխեցի եւ դարձայ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակ, իսկ վերջերս ստացայ նաեւ Հայաստանի անցագիրս: Չեմ կրնար հայ չզգալ, հայկական դպրոց չեմ գացած, սակայն կը կարդամ, կը գրեմ եւ կը խօսիմ հայերէն եւ այս բոլորը ես կը պարտիմ մեծ մօրս: Ես շատ հպարտ կը զգամ հայկական ինքնութիւն ունենալուս համար եւ ուրախ կը զգամ այդ ինքնութեամբ, որովհետեւ համոզուած եմ եւ իրապէս հայ կը զգամ», ըսաւ Պաաքլինի:
Արարատ բարձրանալու հաւանական թուականի մը մասին հարցումին պատասխանելով` Պաաքլինի յայտնեց, որ ինք սեպտեմբերին պիտի բարձրանայ Արարատ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով եւ այդ առաքելութիւնը պիտի կատարէ իր մեծ մօրը յիշատակին: