ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը մտքեր փոխանակած են ղարաբաղեան տագնապի ներկայ կարգավիճակին եւ հիմնահարցի լուծման վերաբերեալ: