
«Թրենտ» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճան այցելած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով օգնական Ռիչըրտ Հոկլընտ 23 յուլիսին Պաքուի մէջ լրագրողներուն յայտարարած է, որ իր երկիրը կը պահպանէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին նկատմամբ հաւատքը:
Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ամերիկացի դիւանագէտը ըսած է. «Կողմերը պէտք է այդ հարցը լուծեն հիմնուելով փոխադարձ յարգանքի վրայ»: