Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուորլիք Մտահոգութիւն Յայտնած Է Ղարաբաղեան Տագնապի Գօտիին Մէջ Ծանր Զէնքերու Օգտագործման Առնչութեամբ

Յուլիս 15, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճէյմս Ուորլիք
Ճէյմս Ուորլիք

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք ռուսական «Վետոմոսթի» օրաթերթին հետ հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ հակառակ լարուած իրավիճակին ու սպառազինութեան քանակի աճին, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է լուծուի խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով:

Ան խօսած է Մինսքի խմբակի աշխատանքին մասին` նշելով, որ թէեւ կողմերը կնքած են զինադադարի համաձայնագիր, բայց եւ այնպէս, զինադադարը չի պահպանուիր:

Ամերիկացի համանախագահը մտահոգութիւն յայտնած է շրջանին մէջ լարուածութեան սրման առնչութեամբ: Ան օրինակ բերած է օգոստոս 2014-ի դէպքերը` աւելցնելով, որ զինադադարի խախտումը բազմաթիւ մարդոց կեանքը խլեց: Պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ Ուաշինկթըն ինչպէ՞ս կը գնահատէ Ազրպէյճանի սպառազինութեան փաստը, համանախագահը շեշտած է, որ կողմերը ունին լիարժէք իրաւունք, որպէսզի ապահովեն իրենց անվտանգութիւնը:

«Այս կապակցութեամբ մենք կը հասկնանք, թէ՛ անոնք կը ձգտին ռազմամթերք ձեռք բերել տարբեր մատակարարներէ: Միեւնոյն ժամանակ մեզ կ՛անհանգստացնէ սպառազինութեան ուժեղացման հարցը թէ՛ շփման գիծին, թէ՛ ալ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ: Հարցը միայն զինամթերքի քանակին մէջ չէ, այլ նաեւ ատոր տեսակի փոփոխութեան մէջ: Օրինակ, եթէ նախապէս սահմանին զինադադարի դրութիւնը կը խախտուէր արձակազէններու միջոցով, ապա այսօր կ՛օգտագործուին ծանր զէնքեր», ըսած է Ուորլիք:

Ան Մոսկուայի մէջ կարելիութիւն չէ ունեցած ղարաբաղեան տագնապի հարցը քննարկելու Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ եւ այդ առնչութեամբ զրուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասինի հետ:

 

 

Նախորդը

Իրանի Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Գոյացած Համաձայնութեան Մասին Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Կեցուածքները

Յաջորդը

Արդարադատութեան Նախարար Յովհաննէս Մանուկեան Հրաժարեցաւ

RelatedPosts

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?