Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Գոյացած Համաձայնութեան Մասին Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Կեցուածքները

Յուլիս 15, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

iran-kXaH--621x414@LiveMintԻրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ գոյացած համաձայնութեան վերաբերեալ երէկ Լիբանանի մէջ արձանագրուեցան շարք մը կեցուածքներ` լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն կողմէ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այս առիթով շնորհաւորական հաղորդագրութիւն մը յղեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի, որուն փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները:

Պըրրի շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց նաեւ Իրանի նախագահ  Հասան Ռուհանիի եւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի եւ իրանցի այլ պատասխանատուներու:

Պըրրի յայտնեց, որ այս համաձայնութեան յաջորդող շրջանը անոր նախորդող շրջանին նման պիտի չըլլայ:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ մաղթեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին մասին համաձայնութիւնը դրական ազդեցութիւն ունենայ Միջին Արեւելքի վրայ:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ըսաւ, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարին մասին համաձայնութիւնը աւելի դիւրին էր իրականացնել, քան` հանրապետութեան նախագահին ընտրութիւնը:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին մասին համաձայնութիւնը խոստմնալից քայլ մըն է` Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատումին առումով:

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ յոյս յայտնեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւնը ապահովական եւ տնտեսական իմաստով իր դրական ազդեցութիւնը ունենայ Լիբանանի եւ ամբողջ շրջանին վրայ:

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ այդ մասին բանակցութիւնները իրենց նախատեսութեան համապատասխանած են եւ ունեցած դրական արդիւնքներ: «Կը մաղթենք նաեւ, որ այդ համաձայնութիւնը դրական ազդեցութիւն ունենայ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին վրայ», ըսաւ Պասիլ:

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի շեշտեց, որ հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ համաձայնութիւնը շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն համար նուաճում կը նկատուի:

Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր այդ համաձայնութիւնը նկատեց պատմական: «Այսօր շրջանին համար կարեւոր օր մըն է, իսկ դիւանագիտութեան համար հսկայ օր մը», ըսաւ ան:

Նախորդը

Պէյրութի Մէջ. Ճենթիլոնի Կը Հաստատէ Լիբանանի Նկատմամբ Իտալիոյ Յանձնառութիւնը

Յաջորդը

Ուորլիք Մտահոգութիւն Յայտնած Է Ղարաբաղեան Տագնապի Գօտիին Մէջ Ծանր Զէնքերու Օգտագործման Առնչութեամբ

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?