
Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Յովհաննէս Մանուկեան հրաժարականի դիմում ներկայացուց: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով Մանուկեան ազատ կացուցուած է իր պաշտօնէն: Այդ մասին յայտնեց արդարադատութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Ծովինար Խաչատրեան:
Յովհաննէս Մանուկեան այժմ կը գտնուի արձակուրդի մէջ, Հայաստանէն դուրս:
Նոր նախարարի թեկնածութեան մասին առայժմ տեղեկութիւններ չկան:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է նաեւ Ծովինար Խաչատրեան: