Ազրպէյճանական լրատու միջոցները երէկ հրապարակեցին տեղեկութիւն մը, թէ 13 յուլիսի գիշերը հայկական կողմը իբրեւ թէ կրակ բացած է ազրպէյճանական Ալիպէյլի գիւղին ուղղութեամբ, եւ թէ գիւղի քանի մը բնակիչներ, որոնց շարքին` երեխաներ, վիրաւորուած են:
«Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան հերքեց այդ տեղեկատուութիւնը` ըսելով. «Չկայ նման բան: Մենք նոյնիսկ պահանջած ենք որեւէ տիպի միջազգային քննութիւն կայացնել` պարզաբանելու համար նման սադրանքները: Հայկական կողմը յստակօրէն կը պահպանէ զինադադարը»: