Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յուլիս 7-ին, 92 տարի առաջ, ողջ աշխարհէն երկաթեայ վարագոյրով մեկուսացուած խորհրդային ամբողջատիրութեան հարաւային սահմանին` Անդրկովկասի մէջ, ծրագրուեցաւ եւ գործադրուեցաւ ազգային իրաւազրկումի ահաւոր գայթակղութիւն մը, որուն ծանր հետեւանքները հայ ժողովուրդը կը կրէ մինչեւ մեր օրերը:
7 յուլիս 1923-ին Քրեմլինի ղեկավարութեան արդէն միահեծան տէրը դարձած Ստալինի «ցուցմունք»-ով եւ Անդրկովկասի ռուս, ազերի, վրացի ու հայ պոլշեւիկներու մեղսակցութեամբ, որոշուեցաւ հայոց հինաւուրց Արցախ աշխարհը բաժան-բաժան կոտորակել, հազարամեակներով հայապատկան ամբողջ հողամասեր ուղղակի՛ նորելուկ Խորհրդային Ազրպէյճանի կցել, իսկ լեռնային կեդրոնական մասը վարչականօրէն հռչակել Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ` զայն ենթարկելով ազրպէյճանական տիրակալութեան:
Աւելի՛ն. բռնակալներու ձեռամբ կամայական սահմանագծումի անհիմն բեմագրութիւն մը կեանքի կոչելով` 7 յուլիս 1923-ի չարաբաստիկ այդ որոշումով Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը բառացիօրէն պոկուեցաւ եւ հեռացուեցաւ մայր հայրենիքի մարմնէն, այսպէս կոչուած «Լաչինի եւ Քելբաջարի անցք»-ով մը իրարմէ խզելով Հայաստանն ու Արցախը:
Այսօր, ԼՂԻՄ-ի արուեստական ստեղծումէն 92 տարի ետք, երբ յետադարձ հայեացքով լուսարձակի տակ կ’առնենք ե՛ւ պատմութիւնը, ե՛ւ մինչեւ մեր օրերը շարունակուող քաղաքական ողբերգութեան ծալքերը, ուսանելի դասերու ամբողջ թղթածրար մը կը բացուի մեր առջեւ.
– Յաւերժական չեն կրնար ըլլալ ազգ մը եւ հայրենիք մը կամայականօրէն բաժնող անարդար սահմանագծումները, որքան ալ հզօր կայսերապետութեան մը ամբողջ բռնութեամբ պարտադրուին:
– Քաղաքական աննպաստ պայմաններու եւ դասաւորումներու պատճառով իրարմէ բաժնուած ազգի մը զաւակները, եթէ իրենց մէջ ունին իրաւունքի ու արդարութեան համար պայքարելու եւ պատմութիւնը իր բնականոն հունին վերադարձնելու վճռակամութիւնը, անպայման կը հասնին իրենց նպատակին, որքան ալ բիրտ ուժով ճզմուին անոնց շղթայազերծած յաջորդական ըմբոստացումները:
– Փոքր ազգերու իրաւունքներն ու դատերը միշտ ալ ենթակայ են աշխարհի ճակատագիրը վարող մեծապետական ուժերու մրցապայքարի խաղականոններուն: Ի վերջոյ մեծապետական ուժերու նախընտրած ուղղութեամբ կը հունաւորուի մարդկութեան զարգացումը` այն միակ նրբերանգային տարբերութեամբ, որ փոքր ազգերու անվեհեր իրաւատիրութիւնն ու մարտունակ պահանջատիրութիւնը կը վերածուին Մեծերու ձեռքին` իրարու դէմ գործածուող կարեւոր յաղթաթուղթի, աշխարհաքաղաքական նոր դասաւորումներ եւ հաւասարակշռութիւններ ի նպաստ իրենց շահերուն պարտադրելու ճամբուն վրայ:
– Իրաւունքի եւ արդարութեան համար պայքարող փոքր ազգերը, նոյնիսկ եթէ ազգային դատերուն արդարագոյնին համար է իրենց մղած կռիւը, դատապարտուած են անփառունակ պարտութեան եւ ոտնակոխումի, եթէ զինուած չեն միասնական պայքարի իրենց ուղին ամէն կարգի պառակտումներու դէմ պաշտպանելու հաստատակամութեամբ եւ գաղափարական պայծառատեսութեամբ:
Առանց այդ դասերու լիարժէք ընկալումին` կարելի չէ սպառիչ բացատրութիւնը գտնել ահաւոր այն սադրանքին, որ 7 յուլիս 1923-ին ի գործ դրուեցաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին դէմ:
Անհրաժեշտ է ի մտի ունենալ ոչ միայն ԼՂԻՄ-ի ստեղծումը անմիջականօրէն կանխած Անդրկովկասի եւ այդ ճամբով Հայաստանի խորհրդայնացման մեծապետական, տարածաշրջանային եւ տեղական զարգացումներու ծալքերը, այլեւ` մինչեւ թրքացեղ հորդաներու արշաւանքներն ու պարսկական խանութեանց ժամանակները երկարող հայրենի մեր հողերուն ժողովրդագրական փոփոխութիւնները:
Պատմական զարգացման այդ ենթահողին վրայ իրենց լուսաբանումը կը գտնեն մինչեւ մեր օրերը յամեցող հիմնական շարք մը հարցականներ.
– Պատմական Հայաստանի Արցախ գաւառը, որ արեւելքէն կը տարածուէր մինչեւ Մուղանի դաշտավայրը, դարերու ընթացքին բնակավայր դարձաւ թրքացեղ նորեկներու` քսաներորդ դարու սկզբնաւորութեան յայտնուելով թուրք եւ թաթար համեմատական մեծամասնութեամբ հողամասի մը վիճակին մէջ:
– 1918 թուին կամայականօրէն հռչակուեցաւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն անունով երկիրն ու պետութիւնը, երբ մինչ այդ պատմագիրներուն եւ պատմագէտներուն համար գոյութիւն ունեցած չէր նման անունով երկիր, պետական որեւէ միաւոր կամ նոյնիսկ քաղաքական ինքնութեամբ ազերի ազգութիւն: Երբ 1828 թուին ցարական Ռուսիան վերջնականապէս իրեն կցեց Անդրկովկասը, հայեւթաթար խառն բնակչութեամբ հողամասի հակակշռումը իր հաշիւներուն ծառայեցնելու նպատակով վարչականօրէն յառաջացուց Եղիսաբէթպոլի նահանգը, որուն մէջ մտցուց Գանձակն ու Գիւլիստանը, Արցախն ու Զանգեզուրը: Այդպէ՛ս սկսաւ հայեւթաթար խառն բնակչութեամբ ամբողջ երկրամասը «Բաժնէ, որ տիրես»-ի ռազմավարութեամբ հակակշռելու ռուսական քաղաքականութիւնը:
– Այդպէ՛ս մեծապետական մրցապայքարը սաստկացաւ Անդրկովկասի մէջ եւ անոր շուրջ` Պաքուի սեւ ոսկիին տիրանալու պայթուցիկ առճակատման մթնոլորտի շիկացումով: Որքան աշխուժացաւ Մեծն Բրիտանիոյ անդրկովկասեան միջամտութիւնը, այնքան խստացաւ Անդրկովկասի ազգային միաւորները իրարու դէմ դրդելու եւ բոլորին վրայ սեփական հակակշիռը ամրապնդելու ռուսական մտասեւեռումը: Հետեւանքը եղան հայ-թաթարական պարբերական ընդհարումները, որոնք 1918-էն սկսեալ նոր փուլ թեւակոխեցին` արդէն պոլշեւիկեան յեղափոխութեամբ յառաջացած Անդրկովկասի անտիրութեան պղտոր ջուրին մէջ սեփական հաշուոյն ձուկ որսալու թրքական ախորժակներու սանձազերծումով:
– Կովկասահայութիւնը, 1905-ի հայ-թաթարական առաջին ընդհարումներու դաժան կենսափորձով հանդերձ, յատկապէս 1918-ի վերիվայրումներէն ետք, չկրցաւ միասնական գնահատումի եւ մերժումի արժանացնել ռուսական քաղաքականութեան հայակործան այդ վարքագիծը` հայ-թաթար հակադրութեան հրահրումով Անդրկովկասին վերատիրանալու քաղաքականութիւնը:
Նոյնիսկ մեր օրերուն եւ հակառակ Արցախի իրողական ազատագրումով ամրագրուած պատմական դասերուն, հայ քաղաքական միտքը տակաւին կը դրսեւորէ հակումներ, որոնք կը շարունակեն ծառայել այն համոզումին, թէ Հայաստանի ու հայութեան ճակատագիրը աւելի յարմար դասաւորումի կրնար արժանանալ, եթէ մայիս 1920-ին մենք եւս ընդունէինք խորհրդային լուծը` Հայաստանի Հանրապետութիւնը խորհրդային հռչակելով եւ հետեւելով Ազրպէյճանի օրինակին:
7 յուլիս 1923-ի ԼՂԻՄ-ի ստեղծման պոլշեւիկեան սադրանքը ամէն հիմք կու տայ, հայ քաղաքական մտքին համար, մէկանգամընդմիշտ թօթափելու այդօրինակ պատրանքներն ու ինքնախաբէութիւնները: Բաւականաչափ խօսուն եւ դառն ու դաժան է այն փաստը, որ 2 դեկտեմբեր 1920-ին Հայաստանի խորհրդայնացումէն անմիջապէս ետք, Խորհրդային Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը «եղբայրաբար» Խորհրդային Հայաստանի անբաժանելի մասը հռչակեց, «ինքնաբուխ» կերպով, ոչ միայն Արցախն ու Զանգեզուրը, այլեւ` Նախիջեւանն անգամ, որպէսզի պոլշեւիզմը կարենայ կոտրել հայ ժողովուրդին ընդդիմութիւնը… խորհրդայնացման:
Հայկական դիմադրութիւնը ընկճելու նպատակով շռայլուած այդ «խոստումներ»-ը պարզապէս ծառայեցին կարմիրբանակայիններու կողմէ Հայաստանի վերջնական բռնագրաւման, որուն «յաջողութենէն» ետք, նոյնինքն հայ պոլշեւիկներու մեղսակցութեամբ, ոչ միայն մոռցուեցան «եղբայրական խոստումներ»-ը, այլեւ գործադրուեցաւ Արցախն ու արցախահայութիւնը Հայաստանէն պոկելու եւ, մեկուսացման պայմաններու մէջ, հայաթափելու անարգ ոճիրը:
Վերյիշելով 7 յուլիս 1923-ի արցախեան ողբերգութեան սեւ թուականը` հայ քաղաքական միտքը ամէն իրաւունք ունի, այլ մանաւանդ անխուսափելի պարտաւորութիւնը ունի ամէն գնով արթուն գործելու եւ պահպանելու արցախեան պահանջատիրութեան միասնական ճակատն ու պայքարը, որպէսզի ոչ մէկ պարագայի, մեծապետական մրցավազքի աննպաստ դասաւորման որեւէ պահու, Արցախն ու արցախահայութիւնը վերստին չյայտնուին` չդրուի՛ն ազրպէյճանական լուծի տակ: