ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ
«Աշխուժօրէն աշխատիլ քաղաքացիական նախաձեռնութիւններու հետ, ՀՅԴ օրակարգ վերադարձնել հանրային հետաքրքրութիւն ներկայացնող բնապահպանական, քաղաքացիական ազատութիւններու, կանանց եւ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերը». ՀՅԴ 32-րդ Ընդհանուր ժողով, 2015
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հայրենիքի մէջ, իր ստեղծումէն մինչեւ խորհրդայնացումը գործած է ժողովուրդի կողքին եւ ժողովուրդին հետ: Այս ժամանակաշրջանէն ետք, Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ, ինչպէս` Իրան, Սուրիա, Լիբանան եւ այլն, աշխատած է ու կը շարունակէ գործել նոյն ձեւով:
Կան անձեր, որոնք կ՛ըսեն, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ժողովրդային շարժումով կամ ժողովրդային մակարդակի աշխատանքներով քաղաքական արդիւնքներու չենք հասնիր: Այս անձերուն համաձայն, ժողովուրդը յուզող հարց մը լուծելու համար կուսակցութիւն մը պէտք է խօսի կառավարական մակարդակով եւ կամ ճանչցուած ղեկավար անձերու հետ, ինչպէս նաեւ կը մտածեն, թէ հարցերը ժողովուրդին հետ քննարկելը կամ ժողովրդային կարծիք կազմաւորելը ուժի վատնում է:
Այս տրամաբանութեան վրայ հիմնուելով` ժողովուրդը կազմակերպելու կամ թաղերու եւ համայնքներու մէջ ուղղակի ժողովուրդին հետ աշխատելու համար ժամանակ, նիւթական կամ կազմակերպական ուժ գործածելը արդիւնաւոր չի նկատուիր: Ըստ այս տրամաբանութեան, ժողովուրդին պէտքերը հոգալու կամ անոր հարցերը լուծելու համար ուղղակի ժողովուրդին հետ աշխատելու փոխարէն, պէտք է Ազգային ժողովին մէջ աշխատիլ եւ նախարարներուն ու նախագահին հետ յարաբերելով` փորձել ժողովուրդին վիճակը բարելաւել եւ անոր հարցերը լուծել:
Այս մտածելակերպին պատճառով թաղային, համայնքային կամ քաղաքային մակարդակով, ուրիշ խօսքով` ժողովուրդին մէջ ապակեդրոնացեալ, կազմակերպական ուժ ունենալը կը դառնայ անկարեւոր, եւ կազմակերպութեան ամբողջ ուժը կը կեդրոնանայ իր բարձրագոյն մարմիններուն մէջ: Այս մտածելակերպին տրամաբանական շարունակութիւնը այն է, որ Հայաստանի մէջ միակ գործնական ձեւը ժողովուրդին ծառայելու Ազգային ժողովին եւ կառավարութեան մաս կազմելն է:
Այս գործելաոճին պատճառով Հայաստանի մէջ մեծ տարբերութիւն եւ հեռաւորութիւն կայ տրուած պետական որոշումներու եւ այդ որոշումներուն վերաբերեալ հանրային կարծիքին միջեւ: Բազմաթիւ պարագաներու Ազգային ժողովը որդեգրած է կենսական որոշումներ` առանց հանրութեան գիտակցութեան եւ հանրային կարծիքի կազմաւորման: Օրինակ` մօտաւորապէս չորս-հինգ տարիներ առաջ, երբ Ազգային ժողովը որդեգրեց կենսաթոշակի, ֆինանսական շուկաներուն վրայ հիմնուած ծայրայեղ համակարգ մը, հանրային կարծիքի շատ սահմանափակ փոխանակում տեղի ունեցաւ:
Միայն մէկուկէս տարի առաջ, երբ գործադրութեան ժամը հասաւ, հանրային բանավէճ սկսաւ:
Անցնող չորս-հինգ տարիներուն ընթացքին այս մտածելակերպը եւ գործելաոճը սկսաւ հարցականի ենթարկուելու: Վերջին քսանհինգ տարիներուն ծնած եւ մեծցած երիտասարդութիւն մը մէջտեղ եկած է, որ ինքզինք երկրին տէրը կը զգայ: Այս երիտասարդները կը հաւատան ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան: Տրամադիր են գետնի վրայ պայքարելու եւ փոփոխութիւն մտցնելու: Անոնք վերջին տարիներուն իրագործեցին յաջողութիւններ, ինչպէս` Թռչկան ջրվէժի եւ Մաշտոց պուրակի պահպանումը, փոխադրամիջոցի գինը 100 դրամէն 150 դրամի բարձրացման կանխարգիլումը, կենսաթոշակի պետական համակարգը ֆինանսական շուկաներով փոխարինելը առնուազն մասնակիօէն կասեցնելը ցոյց տուին, թէ կարելի է ժողովրդական կամ հասարակական շարժումներով ազդեցութիւն բանեցնել կառավարութեան ու երկրի ղեկավարութեան վրայ:
Իսկ ներկայիս ելեկտրականութեան գինի բարձրացումին դէմ մեծ թիւով երիտասարդներ փողոց իջած են` պայքարելո, եւ որոշ արդիւնքներու հասած: Այս նոր սերունդը ցոյց տուաւ, թէ այսօր մեր հայրենիքին մէջ պետական որոշումի մը վրայ ազդեցութիւն ունենալու համար անհրաժեշտ չէ նախարարի մը, սակաւապետի մը կամ ալ նախագահին հետ հանդիպելու եւ անկէ խնդրելու, որ յարմար լուծումի մը հասնին: Այս նոր սերունդը ցոյց տուաւ, որ կարելի է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պետութեան քաղաքական, տնտեսական եւ կամ ընկերային որոշումներուն վրայ ազդել ու փոփոխութեան ենթարկել` ժողովրդային մակարդակով պայքարելով եւ աշխատանք տանելով:
Փողոցին մէջ պայքարելով` կրցան պետութեան պարտադրել, որ ժողովուրդին վճարած ելեկտրականութեան գինը ուղղակիօէն չբարձրանայ, եւ ոստիկանութեան գործադրած բռնութիւնները լրագրողներու հանդէպ քննարկութեան ենթարկուին:
Այս ձեւով Հայաստանի այս նոր սերունդը մեծ ոստում արձանագրեց ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ մեր հայրենիքին մէջ օրէնքի գերակայութեան հաստատման ուղղութեամբ: Երիտասարդները շեշտեցին, որ իրենց պայքարը ելեկտրականութեան գինի բարձրացման դէմ չէ միայն, այլ թափանցիկ (transparent) եւ համարատու (accountable) պետական կառոյցներ եւ մարմիններ յառաջացնելն է: Այլեւս նախարարութիւններուն, յանձնաժողովներուն, քաղաքային խորհուրդներուն, տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն (ՏԻՄ) համար աւելի դժուար պիտի ըլլայ «վերէն» եկած ցուցմունքներով ու կամայական կերպով որոշումներ կայացնելը: Այս երիտասարդ, գիտակից, բառին ամբողջական իմաստով քաղաքացիները հաշիւ եւ բացատրութիւն պիտի պահանջեն:
Անոնք յոյս տուին, որ կարելի է ժողովրդային եւ ժողովրդավար պայքարով սակաւապետներուն քաղաքական դաշտին տիրապետումը ճեղքել եւ ժողովուրդին կամքը պարտադրել:
Պետութեան բոլոր մակարդակներու մարմիններու կարեւորութիւնը պիտի բարձրանայ: Օրինակ` այս նոր սերունդին, քուէարկող քաղաքացիներուն ուշադրութեան տակ, պետական կարգաւորող մարմինները, ինչպէս Հայաստանի ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը, պիտի ըլլան աւելի թափանցիկ եւ համարատու:
Քաղաքական ճնշումները յանձնաժողովներու վրայ պիտի ըլլան նուազ ազդեցիկ, որուն պատճառով յանձնաժողովներուն պատասխանատուութիւնը եւ կարեւորութիւնը պիտի բարձրանան:
Այս հրաշալի երիտասարդութիւնը, Բաղրամեան պողոտային վրայ ջրցան մեքենաները, ոստիկանութեան բիրտ ուժի գործածութիւնը արհամարհելէ ետք, ընտրութիւններուն իրենց քուէները 5000 դրամով պիտի չծախեն: Պիտի տան իրենց քուէները այն կուսակցութիւններուն, որոնք թաղին մէջ, համայնքին մէջ, քաղաքին մէջ, ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին անմիջական պահանջներուն համար կը պայքարին:
Բնականաբար ժամանակի ընթացքին անկախ երկրին մէջ ծնած այս երիտասարդներուն թիւը պիտի աճի, ինչպէս նաեւ անոնց ազդեցութիւնը` քաղաքական դաշտին վրայ:
Այս փոփոխութիւններուն պատճառով այս երիտասարդները լուրջ ազդեցութիւն կրնան ունենալ նաեւ կուսակցութիւններու գործունէութեան վրայ:
Այս նոր սերունդը, իսկական քաղաքացիի նման, ունի պատասխանատուութեան եւ պարտաւորութեան զգացում` պետութեան հանդէպ. ուրիշ խօսքով, իրենք զիրենք իսկական տէրերը կը նկատեն երկրին եւ ոչ թէ` սակաւապետները: Այն կուսակցութիւնները, որոնք կը գիտակցին այս նոր կացութեան եւ կը սկսին առնչուելու եւ գործելու ժողովուրդին հետ յարատեւօրէն, եւ ոչ թէ գլխաւորաբար ընտրութիւններէն քանի մը ամիս առաջ, լուսանցքային չեն դառնար, այլ կրնան ներգրաւել ժողովուրդը եւ այս հոյակապ երիտասարդները ու բեմ կու տան անոնց, որպէսզի սկսին ղեկավարելու այդ կուսակցութիւնները եւ անոնց միջոցով` մեր երկիրը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը, հիմնուելով իր պատմութեան առաջին երեք տասնամեակներու եւ հետագային Միջին Արեւելքի գաղութներուն մէջ ժողովուրդին կողքին գործելու իր աւանդութեան, ինչպէս նաեւ գործադրելով 32-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումները, աշխուժօրէն աշխատելով քաղաքացիական նախաձեռնութիւններու հետ, «կրնայ դառնալ այս հրաշալի նոր սերունդին, մէկ կարեւոր մասին, բեմ եւ տուն տուող կուսակցութիւնը»: