Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Յուլիս 1965)

Յուլիս 11, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւստրիական Մամուլը`
Յիսնամեակի Մասին

Աւստրիոյ «Կրաթզըր Մոնթակ» անկախ շաբաթաթերթը իր ապրիլ 26-ի թիւին մէջ «Թուրքիա պէտք է հայերուն վնասուց հատուցում տայ 1915-ի ջարդերուն համար» խորագրով կը գրէ.

«Աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ հայերը յուշատօներով նշեցին թուրքերուն կողմէ իրենց ժողովուրդին դէմ գործադրուած ջարդերը, ասկէ կէս դար առաջ: Ի նշան սուգի, ապրիլ 24-ին հազարաւոր հայկական խանութներ Պէյրութի մէջ փակ մնացին եւ նահատակներու հոգիներուն համար Ս. պատարագ տեղի ունեցաւ քաղաքի եկեղեցիներուն մէջ:

«Մոսկուայի թրքական դեսպանատան առջեւ հայ ուսանողները բողոքի խաղաղ ցոյց մը կատարեցին 50 տարի առաջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան կողմէ ցրուուեցան: 1915-ին հայերուն դէմ հալածանքը թուրքերուն կողմէ իր գագաթնակէտին հասաւ եւ մէկուկէս միլիոն հայեր սպաննուեցան:

* * *

Նոյն քաղաքի (Կրաց) անկախ օրաթերթը` «Քլայն Ցայթունկ», իր ապրիլ 25-ի թիւին մէջ հետեւեալը կը գրէ Մեծ եղեռնի մասին.

«1915 ապրիլ 24-ին սկսաւ ողբերգութիւնը հայ ժողովուրդի բնաջնջման: Հեռո՜ւն, Փոքր Ասիոյ արեւելեան հողամասերուն մէջ 50 տարի առաջ տեղի ունեցաւ ողբերգութիւնը ամենահին ու մշակոյթով բարձր ժողովուրդի մը, որ միշտ Եւրոպայի հետ կապուած էր: Դժբախտաբար Եւրոպա չնշմարեց Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած աղէտը եւ արձագանգ չգտաւ եւրոպական մամուլին մէջ կանխամտածուած այս ողբերգութիւնը:

«Հայաստանի մէջ սկսաւ Եղեռնը Ա. ընդհանուր պատերազմին, երբ թուրքերը պատերազմի մտան, յարմարագոյն առիթը նկատեցին եւ 1915 ապրիլ 24-ին հայերը բնաջնջելու ազդանշանը տուին. կոտորած ու տեղահանութիւն: Երկու միլիոնէ աւելի հայերէն, որոնք կ՛ապրէին թրքական տիրապետութեան տակ, 450 հազար հայեր միայն վերապրեցան:

«Հայերը մէկն են այն փոքրաթիւ ժողովուրդներէն, որոնք մինչեւ այսօր  կը պահեն իրենց գոյութիւնը: Անոնք կ՛ապրին հոն, ուր յաւիտենապէս երգող Արաքսը կը հոսի, հոն, ուր ձիւնապատ Արարատը իր գագաթով ամպերուն կը դպչի:

«Հայերը եղան առաջինը, որ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունեցին: Հայոց լեզուն հնդեւրոպական է, եւ 407-էն ի վեր ունին իրենց սեփական տառերը:  Հայ անունը առաջին անգամ երեւցաւ հին պարսկական թագաւորներու  արձանագրութեանց մէջ, շուրջ 600-500-ին, Քրիստոսէ առաջ: Մինչեւ պարսից թագաւորութեան վախճանը` Հայաստան մնաց պարսկական տիրապետութեան տակ: Երբ Արեւելքէն Պարսկաստանի եւ արեւմուտքէն հռոմէական կայսրութիւնները իրարու բախեցան, Հայաստան եղաւ կռուախնձոր եւ 387-ին, Քրիստոսէ ետք, Հայաստան բաժնուեցաւ այդ երկուքին միջեւ:

«Արաբական տիրապետութենէն (640-885) ետք Հայաստան վերստացաւ իր անկախութիւնը եւ Բագրատունեաց շրջանին (885-1041) ստեղծեց իր երկրորդ ոսկեդարը` մայրաքաղաք ունենալով Անին, որուն աւերակները մինչեւ այսօր կը մնան:

Բագրատունեաց Ռուբէն Ա. իշխանը Կիլիկիոյ մէջ հիմնեց Ռուբինեան նոր հարստութիւնը, ԺԱ. դարու վերջերը: ԺԴ. դարու վերջաւորութեան Կիլիկիա ինկաւ սելճուկ եւ մոնկոլ թուրքերու տիրապետութեան տակ, եւ բացուեցաւ սեւ էջը հայոց պատմութեան, երբ Անի քաղաքը կործանեցաւ եւ հայոց աշխարհը անապատի վերածուեցաւ` սելճուկեան արշաւանքներուն եւ հոծ բազմութեամբ հայերու արտագաղթին իբրեւ հետեւանք:

«Պերլինի վեհաժողովին (1877-1878) հայ պատուիրակութիւնը ստացաւ լաւ խոստումներ, որոնք սակայն երբեք չգործադրուեցան: Ա. Ընդհանուր պատերազմի նախօրեակին հայկական գաւառներու մէջ իսկական բարեկարգութեան յոյսեր կային, բայց Թուրքիոյ պատերազմին մասնակցութեամբ այդ յոյսերը ի դերեւ ելան, եւ սկսան հայկական ջարդերը: Երկու միլիոնէ աւելի հայերէն միայն 450 հազար վերապրեցան:

«Հակառակ այս ամէնուն` կ՛ապրի հայ ժողովուրդը: Աշխարհի մէջ քիչ ազգեր կան, որ կը սիրեն իրենց հայրենիքը այնպէս, ինչպէս հայերը: Ասիկա ցոյց կու տայ անոնց վեհանձնութիւնը՞ Ճիշդ այս ազգասէր ժողովուրդն է, որ օտարութեան մէջ ցրուած է: Ի՞նչ կրնայ ընել օտարութեան մէջ: Գոյութիւն պահել ու վաճառականութի՞ւն ընել: Ո՞վ որ հայ գաղութներու պատմութեան կը տեղեկանայ, ան միայն կրնայ գիտնալ, թէ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` անոնց զարգացման թափը երբեք չկասեցաւ: Ամսթերտամէն մինչեւ Հնդկաստան արդէն ծանօթ են բոլորին հին հայկական տպագրութիւնները, որոնք երեւան կը բերեն գիտութեան ու մշակոյթի նուիրուած ժողովուրդի մը բեղուն հանճարը:

Հայ ժողովուրդի միւս մասը, որ այսօր կ՛ապրի ռուսական տիրապետութեան տակ, զերծ կը մնայ ջարդերէ ու տեղահանութենէ: Հայ ժողովուրդը օրհասական պայքարներով յաղթանակի վերածեց անկախութեան շարժումը եւ Սեւրի դաշնագրով (10 օգոստոս 1920) Հայաստանը ճանչցուեցաւ իբրեւ ազատ եւ անկախ երկիր: Անոր անկախութիւնը երկար չտեւեց, երկիրը խորհրդայնացաւ եւ այսօր գոյութիւն ունի Խորհրդային Հայաստան մը:

Շատ կարճ ու փաստացի ակնարկ մըն էր այս գրութիւնը բազմաչարչար ժողովուրդի մը պատմութեան վրայ, ստեղծագործ, խաղաղասէր եւ արդիւնաւէտ ժողովուրդի մը, որ ճակատագրի դաժան հարուածներէն վերապրեցաւ: Հակառակ հազարամեակի մը բազմաթիւ հալածանքներուն` անշեղօրէն իր ճամբան կը քալէ, քաղաքակրթութեան ու մշակոյթի շունչով, եւ, տակաւին, այսօր հայ գիտնականներու հետազօտութիւնները համաշխարհային  հանրային կարծիքի ուշադրութեան եւ յարգանքի կ՛արժանանան:

Հայկական հարցը դեռ չէ լուծուած: Կը սպասէ իր արդար լուծումին` խաղաղութեան ու բարեկամութեան ոգիով,  քանզի խաղաղութիւնը կրնայ միայն հաստատ հիմ ունենալ ու տեւել ա՛յն ատեն միայն, երբ արդարութիւնը տիրապետէ:

Թարգմ. ՎԱԶԳԷՆ ՀԱՅՏԱՐԵՆՑ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Աթէնքի Աքրոփոլիսը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?