ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շռայլ էք եւ անհաշիւ կը ծախսէք. եթէ այսպէս շարունակէք, դժուարութեան պիտի մատնուիք: Ետդարձի ճամբան գտնէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շատ դիւանագէտ էք եւ կը ձեւացնէք, թէ ուրիշներու կարծիքը կը յարգէք: Մի՛ մոռնաք, որ ամենագէտ չէք եւ կրնաք սխալներ գործել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Յամառութիւնը լաւ բան մըն չէ, անցեալին եղած սխալ բաները մոռցէք եւ նոր ճամբով յաջողութիւն փնտռեցէք: Անցեալը մոռցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բարեկամութիւնը եւ սէրը տարբեր են, պէտք է զատորոշել. բարեկամութիւնը պէտք է լաւ պահել:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ամառ է` եւ արձակուրդի շրջան. լաւ կ՛ըլլար, որ հանգիստի մասին մտածէք, որմէ ետք նոր ուժով պիտի սկսիք ձեր գործը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ամրան շրջանին ձեր զաւակները գիրքերով մի՛ բեռնաւորէք. գիրքերուն կողքին կան նաեւ խաղեր, որոնք հաճելի են անոնց:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Շատ զգոյշ եւ խոհեմ էք. գործի մը ձեռնարկելէ առաջ շատ կը մտածէք, ինչ որ լաւ բան է եւ ձեզ յաջողութեան կ՛առաջնորդէ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Լարուած մթնոլորտ մը կայ ընտանիքին մէջ. իրարու կարծիքները յարգող չկայ: Դուք ձեր խոհեմութեամբ պիտի կարենաք հանդարտեցնել կացութիւնը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Արձակուրդի մէջ էք. զգուշացէք կիզիչ արեւէն եւ ուշադիր եղէք ձեր սնունդին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մարզասէր էք, սակայն ամառ է եւ տաք եղանակ, զգուշացէք ծանր մարզանքներէն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հպարտութիւնը ձեր մեծագոյն թշնամին է, անցեալին եղած ըսի-ըսաւները մոռցէք եւ նոր քայլերով յառաջ գացէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր զաւակները արուեստի ճամբով առաջնորդեցէք ամրան եղանակին. պզտիկ տարիքին է, որ պիտի սիրեն արուեստը:
