«Ազրպէյճանի բանակը թող շարունակէ իրենց երեխաներուն խաղալիքները իրենց ձեռքէն խլել», այսպէս արձագանգեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան հայկական անօդաչու սարքեր խոցելու մասին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ այս օրերուն տարածուող հաղորդագրութիւններուն:
Յայտնենք, որ վերջին քանի մը օրերուն Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը արդէն հաղորդած է հայկական երեք անօդաչու սարքերու ենթադրեալ խոցման մասին: