Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (8 Յուլիս 1965)

Յուլիս 8, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայրենիք»-ի Տեսակցութիւնը
Կարօ Սասունիի
Եւ Տոքթ. Ատուր Գապագեանի Հետ

Նախանցեալ չորեքշաբթի, Լիբանանէն (Պէյրութ) Պոսթըն ժամանեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդր. վարչութեան անդամ եւ լիբանանահայ ծանօթ ազգային գործիչ տոքթ. Ատուր Գապագեան եւ Կարօ Սասունի, նոյնպէս` ծանօթ հայ հասարակական գործիչ, գրագէտ եւ ուսուցիչ, որ այժմ վարիչ խմբագիրն է Պէյրութի «Բագին» գրական ամսագրին:

«Հայրենիք»-ի հետ տեսակցութեան մը ընթացքին Կարօ Սասունի եւ տոքթ. Ատուր Գապագեան հաճոյքով պատասխանեցին մեր հարցումներուն, առանձին եւ միասնաբար, փոխադարձ լրացումներով:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Տոքթ. Գապագեան, ծանօթ է մեզի ձեր գործունէութիւնը լիբանանահայ ազգային, հասարակական կեանքին մէջ, կը հաճի՞ք տեղեկութիւններ տալ Լիբանանի հայութեան մասին:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ձեզի ծանօթ է, որ մեր գաղութը ունի կազմակերպուած Ազգային իշխանութիւններ` առաջնորդարանով: Իւրաքանչիւր թաղ ունի իր եկեղեցին եւ դպրոցը, պատասխանատու ազգային մարմիններով, որոնք ժողովուրդին կողմէ կ՛ընտրուին: Միայն ծխական դպրոցները Լիբանանի մէջ ունին վեց հազար աշակերտ: Նոյնքան ալ աշակերտներ ունին նաեւ յարանուանական դպրոցները: «Համազգային»-ի Ճեմարանը ունի 600 աշակերտ, 50 ուսուցիչ եւ 50 գիշերօթիկ աշակերտ, որոնք կու գան արտասահմանէն` Իրանէն, Ամերիկայէն, Յունաստանէն, Սուտանէն եւ այլն: 3-4 թատերական խումբեր ունինք, մասնաւորաբար` «Համազգային»-ի թատերախումբը եւ «Համազգային»-ի ու ՀԲԸ Միութեան (Բարեգործական) երգի ու պարի միացեալ անսամպլը, որ քանի մը շաբաթ առաջ այնքան պատուաբեր յաջողութիւն ունեցաւ Լիզպոնի արուեստի փառատօնին: Այս անսամպլը պիտի մասնակցի նաեւ լիբանանեան ֆեսթիւալին: Ունինք բազմաթիւ մշակութային եւ մարզական միութիւններ, որոնց մէջ առաջնակարգ տեղ ունի ՀՄԸՄ-ը:

Լիբանանի մէջ ունինք նաեւ 13 Հայ Առաք. եկեղեցի` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ենթակայ, նաեւ` Հայ Աւետարանական ու Հայ կաթողիկէ տասնի չափ եկեղեցիներ, կաթողիկէ պատրիարքարան, հայ աւետարանական կեդրոնական աթոռը: Այս իշխանութիւնները միշտ կը գործակցին ազգային կարեւոր հարցերու շուրջ: Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը ունի 60-ի մօտ աշակերտ, որոնց մեծ մասը հայ հոգեւորականներ պիտի ըլլան կիլիկեան թեմին ենթակայ շրջաններուն համար: Վերջերս, ինչպէս գիտէք, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցաւ Ս. միւռոնի օրհնութիւնը` բազմահազար ուխտաւորներու ներկայութեան, Ամերիկայէն եւս եկան 300 ուխտաւորներ, նաեւ` Իրանէն, Յունաստանէն, եւ այլն:

Գումարուեցաւ նաեւ Ազգային Ընդհանուր ժողովը, որ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի եւ կիլիկեան թեմերու օրէնսդրական ժողովն է: Չորս օր տեւեց ժողովը եւ վաւերացուց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մշակուած կանոնագիրը եւ  երկու տարուան համար ընտրեց Ազգային Կեդր. վարչութիւնը, որ վերին գործադիր իշխանութիւնն է Կիլիկիոյ թեմերուն:

Հ.- Ընկե՛ր Սասունի, կը փափաքի՞ք տեղեկութիւներ տալ Լիբանանի մտաւորական եւ մշակութային կեանքի մասին, որուն կը մասնակցիք դուք եւս` իբրեւ «Բագին» գրական ամսագրի վարիչ խմբագիր:

Պ.- Լիբանանահայ մտաւորական կեանքը կ՛արտայայտուի հայերէն բազմաթիւ օրաթերթերով, շաբաթաթերթերով եւ ամսաթերթերով, որոնք կը պատկանին հայկական այս կամ այն կուսակցութեան եւ հաստատութեան: Նշանակալից է, որ հայկական տասնեւմէկ գրական ամսագիրներ կը հրատարակուին հայ բարձրագոյն կրթարաններու կողմէ, բան մը, որ կը նշանակէ, թէ նոր սերունդը իր թարմութիւնը կը բերէ հայ գրական շարժման: «Բագին» այն գրական մեծ ամսագիրն է, որուն շուրջ հաւաքուած է գրագէտներու խումբ մը, որ առաջ կը տանի գրական կեանքը. իր ձգտումն է չսահմանափակուիլ, այլ` տարածուիլ սփիւռքի ամէն կողմը. չորս տարուան ընթացքին 65 հայ գրողներ աշխատակցած են անոր` Լիբանանէն, Ամերիկաներէն, Ֆրանսայէն, Մերձաւոր Արեւելքէն, եւ այլն: Ամսական 2200 օրինակ կը սպառի եւ անխափան լոյս կը տեսնէ չորս տարիէ ի վեր: Փոխանակութեան ճամբով նաեւ կը ղրկուի Խ. Հայաստան` մօտ հարիւր օրինակ. այնպէս որ, երկրի հայ մտաւորականութիւնը եւս կը հետեւի «Բագին»-ին իբրեւ ազատ մտածողութեան անկաշկանդ օրկան:

«Բագին» կը կազմակերպէ նաեւ գրական ասուլիսներ, որոնց կը մասնակցի նորահաս գրողներու երկսեռ բազմութիւն մը, որ կը հետաքրքրուի գրական, փիլիսոփայական եւ ժամանակակից ընկերային հարցերով: Այս ձեւով հետզհետէ կը մշակուի մեր ամբողջական գրականութիւնը սիրող սերունդ մը, որուն անդամներէն ոմանք կը հրատարակեն իրենց սեփական հատորները: Լիբանանի մէջ համալսարանական եւ միջնակարգ կրթութեան տէր երեսուն հազար հայ երիտասարդներ կան, որոնք ազգային կրթութիւն ունին, ստացած` Մերձ. Արեւելքի հայաշատ գաղութներուն մէջ` Լիբանան,  Իրան, Սուրիա, Յունաստան եւ այլն:

Հայ գրականութեան պահպանման ազդակ մըն է «Բագին»-ը, որ կը ձգտի այդ երիտասարդութեան գէթ որոշ մէկ տոկոսին աշխատութիւնը ապահովել յօգուտ հայ մշակոյթին, որ տէր չունի սփիւռքի մէջ: «Բագին» կը ձգտի «իւղել» ազգապահպանման մեքենան` հայ մտաւորականութիւն մը պատրաստելով:

Յիսնամեակի տօնէն ետք, նոր սերունդը, աւելի խանդավառ, հայ քաղաքական եւ ազատագրական կեանքը մէկտեղելու կը ձգտի, որովհետեւ ծանօթ է հայ գրականութեան, հայոց պատմութեան: Ազգային գիտակցութեամբ եւ գաղափարով օժտուած է եւ կարեւոր դեր ունեցաւ հայ քաղաքական պահանջները եւ քաղաքական մտածողութիւնը զարգացնելու տեսակէտէ:

Հ.- Ի՞նչ է ձեր կարծիքը հայ եւ արաբ ժողովուրդներու յարաբերութեանց մասին:

Պ.- Հայ ժողովուրդին բոլոր խաւերը երախտագիտական  ջերմ զգացում միայն ունին դէպի արաբ պետութիւնները եւ անոնց ժողովուրդները, որոնք 45 տարիէ ի վեր ասպնջականութիւն կ՛ընծայեն հայ ժողովուրդին: Հաութիւնը ոչ մէկ քաղաքական պահանջ ունի հոն, գտած է նպաստաւոր հող` զարգացնելու համար իր ընդունակութիւնները եւ իր շինարար ոգիով ու աշխատանքով ունեցած է տնտեսական, մշակութային վերելք, նպաստած է նաեւ նորակազմ արաբ երկիրներուն զարգացման ու յառաջդիմութեան ու գնահատուած է իբրեւ այդպիսին:

Պէյրութը այսօր աւելին է, քան` երբեմնի Պոլիսը կամ Թիֆլիսը, որովհետեւ անմիջական կապ ունի միշտ հայ կեդրոններու հետ: Հայ համալսարանականներ ոչ միայն կ՛օգնեն շինարարութեանը արաբ երկիրներու, այլեւ կ՛երթան մինչեւ Ամերիկա, Ֆրանսա, այլուր: Միացեալ Նահանգներու մէջ կան այսօր մօտ յիսուն հայ համալսարանական մասնագէտներ` Մերձ. Արեւելքէն եկած:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն, Անխնայ Ռմբակոծումներ Եւ Ծանր Բախումներ Զահլէի Եւ Պէյրութի Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?