ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Դուք ձեզի հետ շատ խիստ մի ըլլաք, ձեր հանգիստին ալ կարեւորութիւն տուէք, որպէսզի կարենաք լաւագոյն արդիւնքը տալ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր առողջութեան հոգ տարէք, որպէսզի կարենաք ձեր շուրջիններով հետաքրքրուիլ: Ընտանիքը զիրար կ՛ամբողջացնէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լճացած կ՛ապրիք: Ձեր բարեկամներուն բացակայութիւնը զգալի է, կապի մէջ մտնելով անոնց հետ, ձեր կեանքը հաճելի կը դառնայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այս օրը ձեր հանգիստին համար կարեւոր է. օրուան տաղտուկէն հեռու մնացէք լաւապէս կազդուրուելու համար:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այսօր պիտի առանձնանաք եւ ձեր ծրագիրներուն մասին պիտի մտածէք: Յաջողութեան ազդակներէն մէկն է այս:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կարգ մը ծրագիրներ անիրականանալի են. աւելի լաւ է չհետապնդել եւ մշակել ուրիշ ծրագիրներ, որոնք կրնան յաջողութեամբ պսակուիլ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր աշխատատեղին անշուշտ առանձին չէք, պէտք է լեզու գտնել ձեր աշխատակիցներուն հետ, որպէսզի համերաշխ աշխատիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընտանիքին ներքին գործերով շատ զբաղած էք, ժամանակ տրամադրեցէք նաեւ ուրիշ բաներու, որպէսզի քիչ մը հանգիստ ընէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ մարմնամարզի պիտի հետեւիք, աւելի լաւ կ՛ըլլայ թեթեւ եւ դիւրին մարզանքով սկսիլ, որպէսզի հաճոյքով ընէք ու կարենաք շարունակել:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Երբեմն կարեւոր է հին ու դժուար օրերը վերյիշել, որպէսզի կարենաք գնահատել ձեր ներկայ կեանքը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ժամանակն է միանալու ձեր ընտանիքին անդամներուն, որոնցմէ զուր տեղ հեռացած էիք: Ընտանեկան կեանքը միշտ աւելի հաճելի է, նոյնիսկ իր դժուարութիւններով:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Աշխատանքով բերուած դրամը աւելի արժէք ունի. շռայլ մի ըլլաք եւ անիմաստ տեղ գումար մի՛ ծախսէք: