Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունաստանի Հանրաքուէի Պաշտօնական Արդիւնքները Կը Մտահոգեն Եւրոպան

July 7, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

07-06-15_Greece

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ հրապարակուեցաւ վարկատուներու եռեակին` Միջազգային դրամական ֆոնտին, Եւրոպական կեդրոնական դրամատան եւ Եւրոպական յանձնաժողովին ճշդած պահանջներուն շուրջ հանրաքուէի արդիւնքները:

Նշեալ պահանջներուն «Ոչ» քուէարկած է քուէարկողներուն 61,31 առ հարիւրը, իսկ «Այո»` 38,69 առ հարիւրը: Անվաւեր ճանչցուած է քուէաթղթիկներուն 5,8 առ հարիւրը: Մասնակցութեան համեմատութիւնն էր 62,5 առ հարիւր. հանրաքուէն օրինական կը նկատուի, եթէ մասնակցութեան համեմատութիւնը ըլլայ առնուազն 40 առ հարիւր: Քուէարկութեան մասնակցելու իրաւունք ունեցած է 9,9 միլիոն քաղաքացի:

Աւելի կանուխ վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս ողջունած էր յոյներուն «համարձակ ընտրութիւնը» եւ յայտարարած, որ յունական կառավարութիւնը պատրաստ է վերադառնալու վարկատուներու հետ բանակցութիւններու սեղան: Ըստ անոր, նախ եւ առաջ, անհրաժեշտ է հասնիլ դրամատնային համակարգի վերականգնման, ինչպէս նաեւ պարտքի վերաձեւաւորման: Ցիփրաս շեշտած էր, որ կարելի չէ ժողովրդավարութիւնը շանթաժի ենթարկել:

Եւրոյի գօտիի խմբակի ղեկավար Երուն Տէյսելպլում յայտարարած է, որ հանրաքուէին արդիւնքը «շատ ցաւալի ազդեցութիւն պիտի ունենայ Յունաստանի ապագային վրայ»: Իսկ Գերմանիոյ փոխվարչապետ Զիկմար Կապրիել ըսած է, որ «դժուար է պատկերացնել», թէ ինչպէ՛ս կրնան վերսկսիլ բանակցութիւնները Յունաստանի հետ:

Ըստ անոր, Ցիփրաս եւ անոր կառավարութիւնը երկիրը կը տանին «օտարացման եւ յուսահատութեան» ճամբով:

Հանրաքուէի վերջնական արդիւնքին հրապարակումէն ետք Յունաստանի նախկին վարչապետ Անթոնիս Սամարաս, որ կը պայքարէր «Այո»-ին համար` հրաժարած է ընդդիմադիր աջ կեդրոնամէտ Նոր ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնէն:

Արդիւնքներու հրապարակումէն ետք Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել այսօր եւրոպական վեհաժողով մը հրաւիրեցին:

Յունաստանի Ելեւմուտքի Նախարարը
Իր Հրաժարականը Տուած Է

7-06-15_houn-77

Յունաստանի ելեւմուտքի նախարար Եանիս Վարուֆաքիս իր հրաժարականը տուած է` յայտարարելով, որ իր այդ քայլը կրնայ օգնել վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասին` միջազգային վարկատուներուն հետ համաձայնութեան հասնելու գործին մէջ: Այս մասին հաղորդած է «Սի.Էն.Էն»-ը:

Վարուֆաքիս կը նկատուէր վարչապետ Ցիփրասի ամէնէն մօտիկ  զինակիցներէն մէկը: Վերջին շրջանին ան էր Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններու գործին մէջ առանցքային դերակատարը: Յունաստանի նոր կառավարութեան համար ընդունելի պայմաններով համաձայնութեան հասնելուն ուղղուած վերջինիս ջանքերը, սակայն, արդիւնք չունեցան:

Փութին Եւ Ցիփրաս Կը Քննարկեն
Հանրաքուէին Արդիւնքները

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Քրեմլին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Յունաստանի վարչապետին հետ քննարկած է յունական հանրաքուէին արդիւնքները եւ աջակցութիւն յայտնած  յոյն ժողովուրդին` իր երկրին առջեւ ծառացած դժուարութիւններուն յաղթահարման հարցին մէջ: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը կատարուած է յունական կողմին նախաձեռնութեամբ:

«Քննարկուած են Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէին արդիւնքները` միջազգային վարկատուներուն կողմէ Աթէնքին ելեւմտական օժանդակութիւն տրամադրելու հարցին մէջ, ինչպէս նաեւ որոշ հարցեր` ռուս-յունական հետագայ համագործակցութեան զարգացման առումով», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդը

Թել Ապիատի Մօտ Բախումներ` Քիւրտերուն Եւ Թրքական Բանակին Միջեւ. Թուրքիոյ Բանակը Կը Հերքէ Սուրիոյ Մէջ Միջամտութեան Կարելիութիւնը Քննարկելու Համար Ժողովի Մը Գումարման Լուրը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.