Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (7 Յուլիս 1965)

Յուլիս 7, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութ` Մեր Քաղաքը

 Պիպլոս-Աւընիւ Տը Փարի
Միացման Ճամբան

Ներքին նախարար Թաքիէտտին Սոլհ վաւերացուց Պէյրութի քաղաքապետական յանձնախումբին պատրաստած նախահաշիւը, Քաղաքապետութեան պիւտճէին մէջ 50.000 լ. ոսկիի վարկ մը բանալու համար: Այս գումարով պիտի կազմակերպուի մրցում մը` Պիպլոս-Աւընիւ տը Փարի հատուածին մէջ, ծովուն վրայ շահուած հողամասերու յարդարման եւ շահագործման համար:

Քաղաքապետութեան այս որոշումը տրուած էր Պէյրութի կառավարիչ Պր. Էմիլ Եաննիի պատրաստած տեղեկագրին հիման վրայ: Պէյրութ քաղաքի մեծ ծրագիրներու գործադիր խորհուրդին եւ Պր. Եաննիի միջեւ տեղի ունեցած բազմաթիւ հաւաքոյթներէ ետք, անհրաժեշտ նկատուեցաւ գտնել լուծում մը, որուն միջոցաւ կարելի ըլլայ Պիպլոս-Աւընիւ տը Փարի միացման ծրագրին գործադրութեան ծախսերը մասամբ հոգալ, շահագործելով ծովու վրայ շահուած հողամասերը: Մրցումին կրնան մասնակցիլ Պէյրութի եւ Թրիփոլիի ճարտարապետները: Այս մրցումին օրէնքները մշակուած են Պէյրութ քաղաքի մեծ ծրագիրներու գործադիր խորհուրդին օժանդակութեամբ:

Ծրագրին Բնորոշիչ Գծերը

Քաղաքապետութեան պատրաստած ծրագիրը կը բաժնուի վեց մասերու.

1.- Առաջին մասին երկարութիւնն է 175 մեթր: Այս մասին մէջ, ծովը պիտի գոցուի եւ պատ մը պիտի շինուի:

2.- Երկրորդ մասը 350 մեթր երկարութիւն ունի, այս մասին մէջ, պեթոնակազմ կամուրջ մը վեց մեթր բարձրութենէն կ՛անցնի Նաւահանգիստի եւ Մարսէյէզի փողոցներուն վրայէն եւ կը վերջանայ Ալէնպի փողոցին հիւսիսը:

3.- Երրորդ մասին երկարութիւնն է 110 մեթր: Կը տարածուի երկրորդ մասին վերջաւորութենէն մինչեւ յաջորդ մասը, պատրիարք Հայէք փողոցին ուղղութեամբ:

4.- Չորրորդ մասը 615 մեթր երկարութիւն պիտի ունենայ, պիտի սկսի երրորդ մասին վերջաւորութենէն եւ պիտի շինուի ամբարտակի ձեւով, ծովու մակերեսէն 5 մեթր բարձր, Աւընիւ տէ Ֆրանսէի մակերեսին հաւասար: Ծովուն վրայ շահուած բարձրութիւնը պիտի ըլլայ 77.500 քառ. մեթր:

5.- Հինգերորդ մասը 420 մեթր երկարութիւն պիտի ունենայ: Պիտի գործադրուի կամուրջի ձեւով: Կամուրջը հետզհետէ պիտի բարձրանայ 2 առ հարիւր անկիւնով, մինչեւ որ հասնի 10 մեթր բարձրութեան մը, ապա պիտի իջնէ 7.80-ի, Ֆինիսիա փողոցին ուղղութեամբ, 72.000 քառ. մեթր բարձրութեամբ լճակ մը պիտի շինուի եւ հոն կարելի պիտի ըլլայ զբօսանքի յատուկ նաւահանգիստ մը շինել:

6.- Վեցերորդ մասը 752 մեթր երկարութիւն պիտի ունենայ եւ պիտի շինուի ամբարտակի ձեւով, Ֆենիսիա փողոցէն մինչեւ Աւընիւ տը Փարի: Այսպէսով պիտի պահուի 8000 քառ. մեթր բարձրութեամբ հողամաս մը:

Աւընիւ տէ Ֆրանսէի շրջանին մէջ ծովու վրայ շահուած հողամասը կարելի պիտի ըլլայ իբրեւ ինքնաշարժի կայան գործածել, 2000 ինքնաշարժներու համար:

Մրցումին մասնակցողները պիտի կրնան առաքումները կատարել Քաղաքապետութեան քարտուղարութեան: Թուականը պիտի յայտնուի մամուլով:

Առաջին մրցանակն է 25,000 լ. ոսկի, երկրորդը` 15,000, երրորդը` 5000, չորրորդը` 5000:

Պարգեւատրուած չորս ծրագիրը պիտի նկատուին քաղաքապետութեան սեփականութիւնը:

Առկայծումներ

  • Ո՞վ չի վախնար կեանքէն, պէտք չունի վախնալու մահէն:
  • Ֆիլմերու մէջ պատահածը կեանքի մէջ ալ կը պատահի, միայն թէ` առանց երաժշտութեան ընկերակցութեան:
  • Մեռելի փակ աչքը կեանք կոչուած թատերաբեմին վրայ քաշուած վարագոյրն է:
  • Դեռ չգիտցուած շատ մը բաներու մէջ գլխաւոր երկու անծանօթներն են` յետմահու կեանքը եւ մարդկային ստորնութեան ճշգրիտ աստիճանաչափը:
  • Ամէն ոք բարեւի կը կենայ մանուկին առջեւ:
  • Հովը ոչինչ է, եթէ ճակատէդ փչէ:
  • Աստուած աչքերուդ կը նայի` սիրածիդ աչքերէն:
  • Աստուած չունին եւ չե՛ն կրնար ունենալ երբեք անոնք, որոնք կորսնցուցած են իրենց սէրը:
  • Խենթին միակ մխիթարանքը խելօք մը մատնանիշ ընել է ու ըսել. «Կը տեսնե՞ս սա մարդը, խենթին մէկն է, լա՛ւ իմացիր»:
  • Առաջ կը խաչէին, հիմա կը խաշե՛ն:
  • Այն գրողը, որ գործ կ՛ունենայ զէնքի հետ, դատապարտուած է վերջ ի վերջոյ այդ զէնքը իր գլխո՛ւն պարպելու:
  • Փոյթ չէ, եթէ ամբո՛ղջ աշխարհ ծաղրէ քեզ, կը բաւէ, որ խի՛ղճդ ժպտի քեզի քնքշաբար:
  • Հաւասարակշռուած խօսքը միայն հաւասարակշիռ մտքի մը պտուղը կրնայ ըլլալ:
  • Թշնամին պաշտօնազգեստ հագած ոստիկանի կը նմանի, բարեկամը` գաղտնի ոստիկանի:
  • Եթէ գործդ կնոջ հետ է, կա՛մ գովէ զինք եւ կա՛մ կտրէ ձայնդ, վասն զի քննադատութիւն լսելը կնոջ գործը չէ՛:
  • Միշտ բարեւէ ընկերդ եւ միշտ օգնէ իրեն: Եթէ երբեմն միայն բարեւես եւ երբեմն միայն օգնես` յաճախ ալ չբարեւելով ու չօգնելով իրեն, յիշէ ուրեմն անապատի աւազակները, որոնք ժա՛յռ էին ատենօք, բայց ցերեկուան տաքին ու գիշերուան ցուրտին իբրեւ հետեւանք փոշի՜ դարձան:
  • Արտասահմանի մէջ լոյս տեսնող ամէն հայ գիրք` իր ծնունդով մօր մահուան պատճառ եղող մանկիկի պէս է:
  • Գտնուած էր, բայց կորսուեցաւ, ողջ էր, բայց մեռաւ օտարագիր հայ հեղինակը:
  • Գոհը ան է, որ կը կերցնէ, դժգոհը ան է, որ կ՛ուտէ:
  • Քրիստոսի զարնողը ինք իրեն կը զարնէ:
  • Առածդ բե՛ռ է, տուածդ` լե՛ռ:
  • Եթէ վարդ չունիս, փո՛ւշը գգուէ, կը ծաղկի անպայմա՛ն:
  • Բերան գոցելու կարճագոյն ճամբան բերան անուշցնելն է:
  • Ամէնէն ընտիր կօշիկը կը շինուի մարդու կաշիէն, բայց կօշկակարները լուր չունին այս գաղտնիքէն:
  • Եթէ թեւերդ բացիր, կենդանի խա՛չ ես արդէն:
  • Երջանիկը այն է, որ կրնայ հրեշտակի պէս քնանալ եւ արթննալ սատանայի պէս:
  • Պալատը այն հիւղակն է, ուրկէ կրնաս դո՛ւրս վռնտել անախորժ անձը:
  • Դրամին առաջին գործն է տուն քանդել, երկրորդը` շինել քանդածը:

ՍԱՐԳԻՍ ԱՇՃԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

27 Ծաղիկներ Իրենց Առաջին Վկայականը Ստացան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Մանկապարտէզէն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?